2013 Easter Message
Խոհեր՝ Քրիստոսի Խաչէն
«Ահաւասիկ մայրդ» (Յհ 19.27)
Մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի մարդկային բնութեան գեղեցիկ օրինակներէն մէկն է այն խօսքը, որ արտասանեց խաչին վրայ, ուղղուած իր սիրելի աշակերտին՝ Յովհաննէսին – «Ահաւասիկ մայրդ»։
Մօր մը ապրումներուն ամենէն ցաւալի պահը կþապրէր Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ անիկա խոցոտուած սիրտով կը հետեւէր իր որդիին չարչարանքներուն, խաչի պատիժին ու մահուան։ Անբաժան էր իր զաւակէն։ Թերեւս չէր կրնար լրիւ ըմբռնել հռոմայեցի եւ հրեայ ղեկավարներուն դատողութիւնն ու որոշումը, սակայն մայրական սէրը կը մղէր զինք ըլլալու իր որդիին հետ, ցաւելով ու տառապելով անոր հետ։
Միւս կողմէ, Յիսուս՝ իր որդին, հակառակ խաչին վրայ ունեցած իր չարչարանքին ու ցաւին, կը դառնար եւ մտերիմ երիտասարդ աշակերտին՝ Յովհաննէսին կը յանձնէր իր մայրը։ Ճիշդ այնպէս ինչպէս այսօր ալ, յատկապէս Սուրբ Յարութեան աւետաբեր տօնին առիթով, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալ իբրեւ նուէր պիտի ուզէր ունենալ Սուրբ Կոյս Մարիամը որպէս իր մայրը, մեր բոլորին մայրը։
Մայրական սէրը մեր ժողովուրդին համար այնքա՜ն ներգործող է եղած, որքան աստուածային ոյժը։ Մայրական սէրը զօրեղ է այնքան, որ կրնայ վերակենդանացնել մեր մէջ տառապող ու մահացող ոգին։ Մայրական սէրը կրնայ մեզ լրիւ ու ամբողջական անձ դարձնել, նո՛ր մարդու վերածել՝ եթէ ինկած ենք փորձութեան, մեղանչումի եւ յուսահատութեան մէջ։ Մայրական սէրը կարող է աշխարհին խաղաղութիւն տալ։
«Ահաւասիկ մայրդ»։ Խաւարման գիշերուան արարողութեան ընթացքին որքա՜ն յուզիչ եւ որդիական մեր զգացումները ցնցող է «Ո՞ւր ես, մայր իմ, քաղցր եւ անոյշ» երգը։ Եկեղեցւոյ խորհրդաւոր մթութեան մէջ կը լսենք Յիսուսին ձայնը, կը տեսնենք մեր մայրը, կþազդուինք այդ պահուան զօրութենէն եւ կը հոգեփոխուինք, որովհետեւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Ժողովուրդին համար մայրը եղած է եւ է՛ այն հիմնասիւնը, որ անսասան ու վճիտ կը պահէ մեր ընտանիքը եւ անոր միջոցաւ՝ մեր ժողովուրդը։
Անկասակած այս հաստատումին համոզումով ու վկայութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետը՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2013 տարին կը յայտարարէր «Հայ Մօր Տարի»։ Այնտեղ, մեր ժողոդուրդի դարաւոր փորձառութենէն քաղած իր իմաստութեամբ, Նորին Սրբութիւնը կը շեշտէր Հայ մօր ունեցած առաքինութիւնները եւ սպասելի դերակատարութիւնը ընտանեկան առողջ եւ օրինակելի մթնոլորտին ու դաստիարակութեան։ Որովհետեւ Հայ մայրը հաւատքի աղբիւր եղած է, ազգային նկարագրի կերտիչ, իրաւ մարդու արարիչ։
Սուրբ Յարութեան տօնին նախօրեակին, Յիսուս բոլորիս կþըսէ. «Ահաւասիկ մայրդ»։ Մայրը իր սրբութեան մէջ, մայրը իր բարութեան մէջ, մայրը իր ազնիւ առաքելութեան մէջ, մայրը՝ որ անուրանալի կերպով արժանի է իր զաւակին կողմէ ցուցաբերուած սիրոյն ու գուրգուրանքին։
Քրիստոսի յարութիւնը յոյսի տօն է, հաւատքի ամրապնդում եւ մարդոց մէջ սիրոյ հաստատում։ Փոխարէն հատուցումը այն սիրոյն, որ Աստուած յայտնեց մարդկութեան – «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ» (Յհ 3.16)։ Մեզի համար, յոյսի եւ հաւատքի կռանումին առընթեր, Սուրբ Յարութիւնը հաւատարմութիւնն է յաւերժական մեր Մայր Եկեղեցւոյ, Մայր Հայրենիքին եւ Մայրենի լեզուին ու մշակոյթին։
Քրիստոս յարեա՜ւ ի մեռելոց։ Նոր կեանքի աւետիս։ Ապրինք այս նոր կեանքը սիրով, բարութեամբ, քաղցրութեամբ եւ խաղաղութեամբ։
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։
Սուրբ Յարութիւն, 2013
Օշական Արքեպիսկոպոս
Առաջնորդ