Մշոյ Գիրքը, Անթոնիա Արսլան (թղթակազմ)

$12.00

In stock

SKU: AAA2007-15 Categories: ,
Description

Վիպակը կը ներկայացնէ հայերէն ամենամեծ ձեռագրի՝ 13-րդ դարու «Մշոյ ճառընտիր»ի ոդիսականը Մեծ Եղեռնի օրերուն, երբ երկու անանուն կիներու անձնազոհութեամբ, հսկայական ձեռագիրը երկու մասերու բաժնուած է եւ Մուշէն հասած մինչեւ Կովկաս։ Ի վերջոյ, տասնամեակ մը ետք երկու մասերը միացած են Ս. Էջմիածնի մէջ ու ապա վերջնական հանգրուանը գտած Երեւանի Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ։ Պատումը պատմութեան պահպանած սակաւաթիւ տուեալներուն գոյն եւ կեանք տուած է վիպական մանրամասնութիւններու յաւելումով, որոնց ընդմէջէն Անթոնիա Արսլան «Մշոյ ճառընտիր»ի վերապրումի պատմութիւնը վերածած է հաւաքական յիշողութեան մարմնաւորման, հայոց ինքնութեան շարունակականութեան յոյսի արտայայտութեան։

Additional information
Weight 0.60 lbs
Shipping & Delivery

Shipping and handling will be added when the order is placed.