Հայ եւ, ընդհանրապէս, քրիստոնէական ամբողջ միջնադարեան մշակոյթն ու գրականութիւնը ձեւաւորուեցան ու զարգացան Ս. Գիրքի հոգեւոր, բարոյական, գաղափարական եւ դաւանաբանական հենքին վրայ, որով պայմանաւորուեցան գրականութեան, յատկապէս չափաւոր խօսքի նոր լեզուական մտածողութիւնը, բառապաշարը, պատկերային ու խորհրդանշային ինքնատիպ համակարգը։ Աշխատութիւնը կը քննէ մեր հոգեւոր տաղերու խորհրդաբանութիւնը իր տարբեր բաժիններով ու յատկանիշներով։