Նորարար նկարիչ եւ բեմական ձեւաւորող, Գէորգի Եակուլով իր կեանքին մեծ մասը ապրած է Մոսկուայի մէջ, բայց չէ խզած էր կապերը հայ մշակոյթին հետ։
Ծննդեան անունով՝ Գէորգ Եակուլեան, ծնած է Թիֆլիս, 14 Յունուար, 1884ին։ 1893ին, տեղափոխուած է Մոսկուա, ուր ուսանած է Լազարեան ճեմարանին (1893-1900) եւ ապա՝ Մոսկուայի Գեղանկարչութեան, Քանդակագործութեան ու Ճարտարապետութեան ուսումնարանին մէջ (1901-1903)։ Ուսումը աւարտելէ ետք, 1903ին մտած է իբրեւ կամաւոր՝ ռուսական բանակի կովկասեան զօրագունդին մէջ ու մասնակցած՝ 1904-1905ի ռուս-ճափոնական պատերազմին։
Եակուլովի առաջին գործերէն ոմանք, ինչպէս «Ձիարշաւ» (1905) եւ «Աքաղաղներ» (1907), ընդգրկուած են մոսկովեան ցուցադրութիւններու մէջ։ 1908ին Մոսկուայի ամառնային թատրոնի բեմանկարիչ դառնալով, նոյն տարին եւ ապա 1911-1912ին այցելած է Իտալիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա, հանդիպած է ժամանակի մեծ արուեստագէտներուն եւ արուեստի պատմութիւն ուսումնասիրած։ Ամփոփած է իր տեսական եզրակացութիւնները «Երկնագոյն արեւ» (1914) փորձագրութեան մէջ։ 1911-1921ին կանոնաւորապէս մասնակցած է «Արուեստի աշխարհ» ընկերակցութեան ցուցահանդէսներուն։
Իր նկարներուն մէջ, Եակուլով համադրած է արեւելեան ու արեւմտեան մշակութային աւանդութիւնները։ Գծի ու լոյսի փոխյարաբերութեան, գոյներու տեղաշարժման եւ ոճերու ծագման մասին անոր տեսութիւնը լայնօրէն օգտագործուած է թատրոններու մէջ։ Անոր բեմանկարչական աշխատանքները՝ «Փոխանակութիւն» (Փօլ Գլօտէլ, 1918), «Իշխանուհի Պրամպիլլա» (Թէոտոր Ամատէուս Հոֆման, 1920) թատերախաղերուն եւ Շառլ-Լըքոքի «Ժիրոֆլէ-Ժիրոֆլա» կատակ-օփերային համար մեծապէս գնահատուեցան Փարիզի մէջ։ «Արուեստի աշխարհ» ընկերակցութեան արուեստագէտներուն հակառակ ուղղութիւն մը որդեգրած է, ընդգծելով ճարտարապետական բեմայարդարումներու եւ գեղանկարչութեան համադրումի անհրաժեշտութիւնը, զայն համարելով կառուցողական ոճ մը։ Անոր ձեւաւորումները յատկանշուած են վիպապաշտ ոգիով եւ կոթողական ոճով։
1914-ին Եակուլով՝ Ալեքսանդր Միասնիկեանի եւ հայազգի պատմաբան Ալեքսէյ Ջիւելեգովի հետ, հանդէս եկած է հայ մշակոյթի պաշտպանութեամբ՝ վանտալականութեան փորձերու դէմ։ 1917ին հինգ կտաւներով մասնակցած է Թիֆլիսի Հայ Արուեստագէտներու Միութեան ցուցահանդէսին։
Եակուլով հիմնադիրներէն մէկն էր Մոսկուայի Հայ Դրամատիկական Ստուդիային, դառնալով անոր ձեւաւորման բաժնի վարիչը։ Ան ձեւաւորած է Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ» (1924) եւ Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պէպօ» թատերախաղերը (1925)։ Ռուս բանաստեղծներ Սերկէյ Եսենինի, Անատոլի Մարիենհոֆի եւ Վատիմ Շերշենեւիչի հետ, 1918ին Եակուլով գրած ու ստորագրած է իմաժինիստներու առաջին յայտարարութիւնը։ Այս գրական խմբակը փորձած է հեռաւորութիւն պահել ապագայապաշտներէն, բայց ի վերջոյ լուծուած է 1925ին։ Ձեւաւորած է նաեւ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Վենետիկի վաճառականը» (1926) եւ Ալեքսանդր Շիրվանզատէի «Մորգանի խնամին» (1927) թատերախաղերուն բեմադրութիւնը Երեւանի Առաջին թատրոնին համար (այժմ՝ Սունդուկեանի անուան թատրոն), ինչպէս եւ Սերկէյ Փրոքոֆիեւի «Պողպատեայ քայլը» (1927), զոր Սերգէյ Տիակիլեւ պատուիրած էր համբաւաւոր “Les Ballets Russes”ի համար։
Արուեստագէտը մահացած է Մոսկուայի մէջ, 28 Դեկտեմբեր, 1928ին, եւ թաղուած՝ Նովոտեւիչ գերեզմանատան մէջ։ Յետմահու ցուցադրութիւններ ունեցած է Երեւանի (1959, 1967, 1975 եւ 1984) եւ Մոսկուայի (1975) մէջ։ Անոր նկարներէն շատերը մնացած են Ֆրանսա եւ մինչեւ 1970ական թուականները Խորհրդային Միութիւն վերադարձած չեն։ Գործերէն շատերը կը գտնուին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին եւ Մոսկուայի շարք մը պատկերասրահներու մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).