Արեւելահայ բանաստեղծ Սմբատ Շահազիզ (Շահազիզեան) ծնած է 17 Սեպտեմբեր, 1840ին Աշտարակ գիւղին մէջ։ Հայրը քահանայ մըն էր, եւ ինք վեց եղբայրներու կրտսերն էր։ Գիւղական դպրոցը ուսանելէ ետք մինչեւ տասը տարեկան, 1851ին հայրը զինք ղրկած է Մոսկուա՝ «Լազարեան» ճեմարան։ 1862ին շրջանաւարտ ըլլալով, յաջորդ 35 տարիներուն մնացած է իր դպրոցին մէջ իբրեւ հայ լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչ։ 1867ին, Ս. Փեթերպուրկի համալսարանի գիտական խորհուրդի որոշումով, ստացած է «արեւելեան լեզուներու թեկնածու»ի աստիճանը։
Շահազիզ սկսած է բանաստեղծութիւն հրատարակել 1859ին։ Յաջորդ տարին հրատարակած է առաջին հատորը՝ «Ազատութեան ժամեր», ուր խմբած է գրաբար ու աշխարհաբար բանաստեղծութիւններ բնութեան, սիրոյ, հայրենասիրութեան եւ պատմական հերոսներու մասին։ Ան մտերիմ կապ պահած է «Հիւսիսափայլ» ամսագրի եւ իր խմբագիրներուն՝ Ստեփանոս Նազարեանցի (անոր ուսուցիչներէն մէկը) եւ Միքայէլ Նալբանդեանի հետ, մինչեւ թերթին փակումը՝ 1866ին։ Շահազիզ նաեւ աշխոյժ հրապարակագիր մը եղած է, եւ աւելի ուշ, աստիճանաբար պիտի լքէր բանաստեղծութիւնը եւ նուիրուէր գաղափարական պայքարին մամուլի եւ կարգ մը գիրքերու միջոցով, ինչպէս «Ամառային նամակներ» (1897)։
1865ին հրատարակած է բանաստեղծութեան երկրորդ հատորը՝ «Լեւոնի վիշտը», որ կը պարունակէր համանուն վիպերգը՝ իր գլուխ-գործոցը, թէեւ Լորտ Պայրընի խորունկ ազդեցութեամբ, ինչպէս եւ ընկերային ու քաղաքական բացայայտ բովանդակութեամբ քերթուածներ։ Այս գիրքին մէջ ընդգրկուած փոքրիկ քնարական բանաստեղծութիւն մը՝ «Երազ», որ գրուած էր 1864ին, Շահազիզի ամենէն մնայուն գործը դարձած է, վերածուելով յայտնի երգի մը։
Բանաստեղծին գրական ու մանկավարժական գործունէութեան 30ամեակը նշուած է 1892ին։ Յաջորդ տարին լոյս տեսած է այդ առիթով խօսուած ճառեր ու գրուած յօդուածներ, ինչպէս եւ 1870ական թուականներուն հրատարակուած եօթը բանաստեղծութիւն պարունակող հատորը։ Այդ հատորի վաճառքէն գոյացած գումարը Շահազիզի կողմէ տրամադրուած է «Աբովեան-Նազարեան» հիմնադրամին, որ այնուհետեւ օժանդակած է հայ կարիքաւոր գրագէտներու։ Բանաստեղծը ստեղծած ու գլխաւորած է Մոսկուայի մէջ գործող յանձնախումբ մը (1898-1898), որ կազմակերպած է համիտեան ջարդերէն ազատած հայ որբերու խնամքն ու կրթութիւնը։
Սմբատ Շահազիզ իր մահկանացուն կնքած է Մոսկուայի մէջ, 5 Յունուար 1908ին, ու թաղուած՝ տեղական հայկական պանթէոնին մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).