Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՎԱՐԴԱՆ ՎԱՐԴԱՆՈՎ ( ծնունդ՝ 12 Յունուար , 1853)

«Փաւլովեան տեսութիւն», «Փաւլովի շուն»։ Այս արտայայտութիւնները բաւական յայտնի են տարբեր լեզուներով, բայց ռուս մեծահռչակ բնախօս (physiologist) Իվան Փաւլովի առաջին հայ օգնականին՝ Վարդան Վարդանովի (Վարդանեան) կենսագրութիւնը այնքան յայտնի չէ։
Վարդանով ծնած է Թիֆլիս, 12 Փետրուար, 1853ին։ 1871ին Ռուսական գիմնազիոնէն շրջանաւարտ ըլլալով, Ս. Փեթերպուրկի բժշկական-վիրաբուժական ակադեմիան մտած է։ 1876ին աւարտելէ ետք, մասնակցած է ռուս-թրքական պատերազմին (1877-1878), կռուելով պալքանեան ճակատին վրայ։
1892ին, պաշտպանած է իր տոքթորականի աւարտաճառը՝ «Կալվանական երեւոյթներ գորտի մաշկին մէջ»։ Անոր գիտական աշխատութիւնները նուիրուած են որոշ ջիղերու փոխյարաբերութեան եւ մարմինի կազերու փոխանակութեան ու ջերմային կարգաւորման։
Վարդանով եղած է Ս. Փեթերպուրկի բժշկական դպրոցներու մէջ դասաւանդող առաջին հայ դասախօսը։ 1898-1919ին, բնախօսութիւն դասաւանդած է կնոջական բժշկական համալսարանին մէջ, ուր հիմնած է բնախօսութեան ամպիոնն ու տարրալուծարանը, դառնալով լիիրաւ դասախօս 1904ին։ Կեանքի վերջին տարիներուն, գիտական գծով փոխտեսուչն էր։
1890ին, սկսած է աշխատիլ ռազմաբժշկական ակադեմիային մէջ, ուր դարձած է Փաւլովի օգնականը 1895ին։ Բնախօսութիւն դասաւանդած է նաեւ ջղահոգեբուժութեան համալսարանին, մանկավարժական ակադեմիային եւ ուրիշ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ։
Հրատարակած է «Բնախօսութեան դասընթացք» (1906) եւ «Նոթեր բնախօսութեան մասին» (1915) ձեռնարկները։ 1908ին, Վարդանով ընտրուած է Ռուս Բժիշկներու Ընկերութեան իսկական անդամ, իսկ երեք տարի ետք՝ Փորձառական Մանկավարժութեան Ընկերութեան պատուաւոր անդամ։ Մարտ 1916 միացած է Փաւլովի եւ իր պաշտօնակիցներուն՝ Նիկոլայ Վետենսկիի եւ Նիկոլայ Լիխաչեւի, հիմնելով Ի. Մ. Սեչենովի անուան Ռուս Բնախօսներու Ընկերութիւնը։
1917ի բոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք, ամբողջ Ռուսաստանը խոր ընկերային ու տնտեսական ճգնաժամի մատնուեցաւ՝ իշխանութեան քայքայման հետեւանքով։ Ոճիրներու ալիք մը ընդգրկած է Փեթերպուրկը, եւ Վարդանով անոր զոհերէն մէկը եղած է։ 20 Յունուար, 1919ին, փողոցային գողութեան մը ընթացքին սպաննուած է՝ 66 տարեկան հասակին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).