Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՌՈՍ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ (մահ՝ 16 Յունուար, 1972)

Ամերիկեան ժողովրդական մշակոյթի մէջ, իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ “Alvin and the Chipmunks” («Էլվին եւ սկիւռները») կերպարներու շարքը։ Անոնք երգերու մեկնաբանները եղած են, ապա՝ բազմանկարի (cartoon) հերոսներ, վերջապէս՝ շարք մը շարժանկարներու կերպարներ։ Անոնց «հայր»ն էր ամերիկահայ համբաւաւոր գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեանի մօրաքրոջ որդին՝ Ռոս Պաղտասարեանը։
Ծնունդով՝ Ռոստոմ Սիփան Պաղտասարեան, ծնած է Ֆրէզնօ (Գալիֆորնիա), 27 Յունուար, 1919ին։ Սան Եոաքին հովիտի շատ մը հայերու պէս, անոր հայրն ալ այգեգործ էր։ Պաղտասարեան իր թատերական գործունէութիւնը սկսած է Պրոտուէյի մէջ, ուր 1939ին խաղացած է թերթավաճառի դերը իր զարմիկ Սարոյեանի նշանաւոր թատերախաղին՝ «Քու կեանքիդ ժամանակը»ի մէջ։ Օդուժի յիսնապետ եղած է Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին, 1941-1945ին Սեւիլլա (Սպանիա) տեղադրուած ըլլալով։ Ասկէ բխած է իր բեմական անունը՝ David Seville (Տէյվիտ Սեւիլ)։
Սարոյեանի հետ հայ ժողովրդական երգի մը մշակումը դարձած է «Եկ իմ տունը» անգլերէն երգը, որ Քէյ Արմէնի (1950) առաջին ձայնագրութենէն ետք, մէկ միլիոն օրինակ ձայնապնակ ծախած է դերասան Ճորճ Գլունիի մօր՝ Ռոզմէրի Գլունիի ձայնագրութեամբ (1951)։ Այս երգը ծախած է 750,000 օրինակ՝ մէկ ամսուան մէջ, ու գրաւած է ամենածախուած ձայնապնակներու առաջին տեղը։
1952-1956ին կարգ մը շարժանկարներու մէջ մանր դերեր կատարելէ ետք, Պաղտասարեան իբրեւ երգիչ նշանաւոր դարձած է “Witch Doctor” երգով, որ Տէյվիտ Սեւիլի անունով լոյս տեսած է 1958ին ու ծախած՝ 1,500,000 օրինակ։ Երգը զուգերգ մըն էր իր իսկական ձայնին ու արագացած ձայնային տարբերակի մը, զոր ստեղծած էր ձայնագրիչի մը արագութեան կոճակին հետ փորձեր ընելէ ետք։
Նոյն տարին, Պաղտասարեան ստեղծած է իր սկիւռներու եռեակը, որուն առաջին երգը՝ “The Chipmunk Song (Christmas Don’t Be Late),” հրապարակուած է Նոյեմբեր 1958ին եւ առաջին տեղը գրաւած՝ Նոր Տարիին, ծախելով 4 միլիոն օրինակներ առաջին ամիսներուն եւ շահելով երեք «Կրէմի» մրցանակներ։ Անոնք շարունակած են նոր ու յաջող երգեր հրապարակել 1959-1964ին։ 1961-1962ին, Պաղտասարեան արտադրիչն էր “The Alvin Show” հեռատեսիլի բազմանկարին (CBS կայանէն)։
Ռոս Պաղտասարեան մահացած է սրտի կաթուածէ Պեւըրլի Հիլզի իր տան մէջ, 16 Յունուարին, եւ հրկիզուած՝ Լոս Անճելըսի մէջ։ Ան սկիւռները կտակած է իր կնոջ ու զաւակներուն։ Անոր անդրանիկ որդին, որուն անունը նոյնպէս Ռոս է, սկիւռները վերստին հրապարակ հանած է 1970ական թուականներուն իր կնոջ՝ Ճանիս Քարմանի հետ, եւ անոնց միակ սեփականատէրը դարձած է՝ եղբօրմէն ու քրոջմէն իրաւունքները գնելէ ետք՝ 1990ական թուականներու կէսերուն։ 1987ի “The Chipmunk Adventure” ժապաւէնէն ետք, եօթը երկարաշունչ շարժանկարներ նկարուած են 1999ի եւ 2011ի միջեւ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).