Աշխարհբէկ Քալանթար Հայաստանի հնագիտութեան հիմքը դնող գիտնականներէն մէկը եղաւ, որ, իր ժամանակաշրջանի շատ մը մտաւորականներու նման, զոհ գնաց ստալինեան մաքրագործումներուն։
Քալանթար ծնած է 11 Փետրուար, 1884ին, Լոռիի Արդուի գիւղին մէջ։ Շառաւիղ մըն էր Լոռիս-Մելիք եւ Արղութեան ազնուական ընտանիքներուն։ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանէն (1903) եւ ռուսական գիմնազիոնէն (1907) շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, մտած է Ս. Փեթերպուրկի համալսարանը՝ լեզուաբանութիւն եւ Կովկասի լեզուները ուսումնասիրելու համար։ Իբրեւ ուսանող, մասնակցած է Անիի պեղումներուն՝ Նիկողայոս Մառի ղեկավարութեան տակ։ 1911ին աւարտելով իր ուսումը, Ս. Փեթերպուրկի հնագիտութեան հիմնարկի անդամ դարձած է։ Մասնակցած է հնագիտական բազմաթիւ առաքելութիւններու Հայաստանի մէջ։
1914ին Հնագիտական Կայսերական Ընկերութեան անդամ ընտրուած է, Ս. Փեթերպուրկի գիտական աւանդապահ նշանակուած, ղեկավարելով Անիի 13րդ շրջանի պեղումները։ Ա. Աշխարհամարտին մասնակցած է՝ իբրեւ թարգման ու խորհրդատու զօր. Անդրանիկի կամաւորական առաջին գունդին մէջ, փոխգնդապետի աստիճանով, եւ ճամբուն վրայ ուսումնասիրած է Խոյի (Իրան) շրջանի հայկական պատմական յուշարձանները։
1917ին մասնակցած է Վանի երկրորդ հնագիտական արշաւին՝ հայագէտ Նիկողայոս Ադոնցի հետ։ Ապրիլ-Մայիս 1918ին, թրքական յառաջխաղացքի ժամանակ, փրկած է շուրջ 6,000 առարկաներ Անիի թանգարանէն, որոնք ներկայիս Հայաստանի պատմութեան թանգարանը կը գտնուին։ 1918-1919ին Թիֆլիսի Անդրկովկասեան համալսարանի դասախօս եղած է, հանդիսանալով Երեւանի համալսարանի եօթը հիմնադիր անդամներէն մէկը՝ 1919ին։ Ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի եւ նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի հետ հիմնած է Հնութիւնների Պահպանութեան Կոմիտէն, որուն գիտական քարտուղարը նշանակուած է։
Քալանթար Անիի շրջանի կարգ մը յուշարձանները նկարագրող վերջին գիտնականը եղած է Օգոստոս-Սեպտեմբեր, 1920ին։ Այդ յուշարձանները այնուհետեւ փճացուած է թուրք կառավարութեան կողմէ։ 2013ին, միջազգային գիտարշաւ մը Քալանթարի 1920ի քայլերով գացած է՝ փաստագրելու Անիի շրջանի աւելի քան տասնեակ մը յուշարձաններու (Ալաման, Արճօ-Առիճ, Բագարան, Խծկոնկ, Մրէն, եւ այլն) յուսահատական վիճակը։
1922ին, Քալանթար հիմնած է Երեւանի պետական համալսարանի արեւելեան պատմութեան եւ հնագիտութեան ամպիոնը։ Նոյն տարին, հրատարակած է հնագիտութեան առաջին հայերէն դասագիրքը։ Շարունակած է իր հնագիտական հետազօտութիւնները, կազմակերպած ցուցահանդէսներ, եւ մասնակցած՝ միջազգային գիտողովներու։ Կազմակերպած է աւելի քան 30 հնագիտական գիտարշաւներ։ 1930ականներուն, Թամանեանի հետ միասին, փորձած է փրկել Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին (այժմու «Մոսկուա» շարժանկարի սրահին տեղը), որ քանդուած է խորհրդային վարչակարգին կողմէ։ 1935ին, Քալանթար Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու Ակադեմիայի հայկական մասնաճիւղի (Արմֆան) գիտական խորհուրդի անդամ նշանակուած է։
Այս բեղուն գիտնականին կեանքը կանգ առած է Մարտ, 1938ին։ Ձերբակալուած է իբրեւ «ժողովուրդի թշնամի»՝ այլ պաշտօնակիցներու հետ։ Աքսորուած է Ռուսաստան, ուր մահացած է Յունիս, 1942ին։
Աշխարհբէկ Քալանթարի աւելի քան 80 գիտական յօդուածներուն մէկ հատընտիրին անգլերէն թարգմանութիւնը երեք հատորով լոյս տեսած է Փարիզի մէջ (1994, 1999, 2004)։ Անոր կիսանդրին զետեղուած է Երեւանի պետական համալսարանի մուտքի սրահին մէջ, Փետրուար, 2015ին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).