Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ ( ծնունդ՝ Փետրուար 28, 1885 )

Մեծ Եղեռնի զոհ բանաստեղծական երրորդութեան կրտսեր անդամն էր Ռուբէն Սեւակ՝ Դանիէլ Վարուժանի եւ Սիամանթոյի կողքին։ Բուն անունով՝ Ռուբէն Չիլինկիրեան, ծնած է Փետրուար 28, 1885ին, Սիլիվրի գիւղին մէջ (Արեւելեան Թրակիա), Պոլսոյ մօտերը։ Տարրական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն «Ասքանազեան» վարժարանին մէջ եւ ապա՝ Պարտիզակի ճեմարանին մէջ, մինչեւ 1901, երբ փոխադրուած է Պոլիս։
Պոլսոյ մէջ, 1905ին շրջանաւարտ եղած է «Պէրպէրեան» վարժարանէն։ Նոյն տարին, հրատարակած է իր առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Բաժանումի խօսքեր», որդեգրելով Ռուբէն Սեւակ ծածկանունը։ Ծանօթ դարձած է հիմնականին իբրեւ քնարերգու բանաստեղծ, յատկանշուած՝ թարմութեամբ եւ լեզուի ճշգրտութեամբ։ Աշխատակցած է Պոլսոյ եւ արտասահմանի բազմաթիւ հրատարակութիւններու։
Ռ. Սեւակ բարձրագոյն ուսման հետեւած է Լօզանի համալսարանին մէջ (Զուիցերիա)՝ բժշկութիւն ուսանելով։ Ատանայի ջարդերը 1909ին մեծապէս ազդած են երիտասարդ բանաստեղծին վրայ։ 1910ին հրատարակած է բանաստեղծութեան հատոր մը՝ «Կարմիր գիրքը», ուր նաեւ ընկերային անարդարութեան, բողոքի եւ ըմբոստութեան նիւթերը շօշափած է։
Հանդիպելով գերմանացի սպայի մը դստեր՝ Հելեն (Եաննի) Ափելին, ամուսնացած է 1910ին Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Վերադառնալով Լօզան, Ռուբէն Սեւակ համալսարանաւարտ եղած է 1911ին եւ յաջորդ երեք տարիներուն իբրեւ օգնական բժիշկ աշխատած է տեղական հիւանդանոցի մը եւ դարմանատան մը մէջ։ Որդին՝ Լեւոն (1912-2005), ծնած է զուիցերիական քաղաքը։ 1914ին որոշած է վերադառնալ Պոլիս, ուր ծնած է աղջիկը՝ Շամիրամ (1914-2016)։ Ա. Աշխարհամարտի սկիզբէն ետք, զօրաշարժի ենթարկուած է եւ իբրեւ զինուորական բժիշկ ծառայած՝ Մաքրիգիւղի զօրանոցին մէջ։
1915ին, դասախօսութիւններ տուած է հայ բժիշկներու կազմակերպած հիւանդապահութեան դասընթացքին։ Իր դստեր մկրտութենէն երեք օր ետք, Ապրիլ 24ի գիշերը ձերբակալուած է ու Չանղըրը աքսորուած։
Չանղըրըի մէջ, Սեւակ բժշկած է թուրք չէթէ Արապաճը Իսմայիլի աղջիկը։ Վերջինս խորհուրդ տուած է իր աղջկան հետ ամուսնանալ եւ իսլամանալ՝ կեանքը փրկելու համար։ Սակայն, բանաստեղծը մերժած է առաջարկը։ Իր կնոջ ու աներհօր ղրկած բազմաթիւ նամակները՝ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Սոֆիայի ու Պոլսոյ գերման դեսպաններուն, ի զուր եղած են։
Օգոստոս 26, 1915ի, Ռուբէն Սեւակ, Դանիէլ Վարուժան եւ երեք հայ բախտակիցներ ղրկուած են Այաշ։ Ճանապարհին, Չանղըրըէն վեց ժամ հեռաւորութեան վրայ, Թիւնէյ կոչուած տեղը, թուրք չէթէներու խումբ մը անոնց վրայ յարձակած է՝ տեղւոյն Իթթիհատի քարտուղարի կազմակերպութեամբ, եւ վայրենաբար սպաննած բոլորը։ Սեւակ եղած է վերջին սպաննուողը։
Իր կինը՝ Եաննի, իր զաւակներով Լօզան վերադարձած է Հոկտեմբեր, 1915ին։ Ծանօթ ըլլալով գերմանական մեղսակցութեան, զանոնք ջանացած է հեռացնել գերմանական ինքնութենէն եւ արգիլած՝ գերմաներէն խօսիլ։
Ռուբէն Սեւակ ծրագրած էր իր բանաստեղծութիւնները երեք հաւաքածոներով լոյս ընծայել, բայց ճակատագիրը այլ բան տնօրինած է։ Բանաստեղծութիւնները, ինչպէս եւ «Բժիշկի մը գիրքէն փրցուած էջեր» շարքին պատկանող պատմուածքները հրատարակուած են յետմահու։
1995ին, Երեւանի դպրոց մը վերանուանուած է բանաստեղծին անունով։ Անոր նուիրուած թանգարան մը բացուած է Ս. Էջմիածնի մէջ, 2013ին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).