Վերապրող գրագէտ Խաչիկ Դաշտենց այն հեղինակներէն էր, որ Մեծ Եղեռնի նիւթին յարութիւն տուաւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ստալինեան արգելքի տարիներէն ետք։ Ան նաեւ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի եւ անգլիական գրականութեան այլ դասականներու յայտնի թարգմանիչ մը եղած է։
Բուն անունով՝ Խաչիկ Տօնոյեան, ծնած է Սասնոյ շրջանի Դաշտադէմ գիւղը, Մայիս 25, 1910ին։ Ծնողքը կորսնցուցած է ցեղասպանութեան ընթացքին, եւ 1916-1926ին Մոսկուայի ՀայկականԿոմիտէի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի որբանոցներուն մէջ ապրած է՝ Կարսի, Ստեփանաւանի, Թիֆլիսի եւ Լենինականի (այժմ՝ Գիւմրի) մէջ։
Միջնակարգի կրթութիւնը ստացած է Լենինականի Պոլիգոնի որբանոցին մէջ, որ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի ղեկավարութեան տակ կը գտնուէր։ Շրջանաւարտ ըլլալէն ետք, 1927-1929ին իբրեւ ուսուցիչ եւ դպրոցի վարիչ աշխատած է Հոռոմ եւ Սոգիւթլի (այժմ՝ Սառնաղբիւր) գիւղերուն մէջ, Լենինականի շրջանը։ Այլ գրողներու նման, սկսած է բանաստեղծութեամբ։ Իր առաջին քերթուածը լոյս տեսած է Լենինականի «Բանուոր» օրաթերթին մէջ, 1928ին։ Դաշտենց ծածկանունը որդեգրած է իր ծննդավայրի իբրեւ յուշ։
1932ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմա-բանասիրական ճիւղը։ Նոյն տարին, հրատարակած է իր բանաստեղծութեան առաջին հատորը՝ «Երգերի գիրք»։ Երկու տարի աշխատած է «Աւանգարդ» թերթի խմբագրատան մէջ, եւ 1934ին հրատարակած է երկրորդ գիրքը՝ «Գարնանային երգեր» (բանաստեղծութիւն)։ Նոյն տարին, Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ դարձած է։ Երրորդ ժողովածուն՝ «Բոց» (1936), մեծ աղմուկ բարձրացուցած է, եւ ապահովութեան նկատառումներով՝ Դաշտենց մեկնած է Մոսկուա, ուր աշակերտած է օտար լեզուներու հիմնարկի անգլիական բաժնին։
1940ին շրջանաւարտ ըլլալով, Դաշտենց վերադարձած է Երեւան, ուր աշխատած է գրական դաշտին մէջ մինչեւ կեանքին վերջը։ Թէեւ շարունակած է բանաստեղծութիւն գրել ու հրատարակել, բայց իր բանաստեղծական ձիրքերը իրագործած է թարգմանական կալուածին մէջ։ Հայերէնի թարգմանած է Շէյքսփիրի շարք մը թատերախաղեր («Սխալներու կատակերգութիւնը», «Անսանձ կնոջ սանձահարումը», «Տասներկրորդ գիշեր», «Ուինծըրի զուարճասէր կիներ», «Ռիչըրտ Երրորդ», «Յուլիոս Կեսար», «Լիր արքա», «Ռոմէօ ու Ճուլիէթ»), Հենրի Լոնկֆելլոյի «Հայավաթայի երգը», Ռ. Պրաունինկի «Համելինի նախշուն սրնգահարը», Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներն է», եւ այլն։
Ան նաեւ անգլերէն, անգլիական գրականութիւն եւ գեղարուեստական թարգմանութիւն դասաւանդած է Երեւանի պետական համալսարանի (1940-1941), Վալերի Բրիւսովի անուան օտար լեզուներու մանկավարժական հիմնարկի (1941-1948) եւ Կարլ Մարքսի անուան փոլիթեքնիք հիմնարկի մէջ (1960-1966, այժմ՝ Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարան)։ Գրած է անգլերէնի դասագիրքեր Հայաստանի դպրոցներու եւ հայերէնի դասագիրքեր՝ Սփիւռքի դպրոցներու համար։ 1965-1974ին Գիտութիւններու Ակադեմիայի արուեստի հիմնարկի շէյքսփիրագիտական կեդրոնի աւագ գիտաշխատող եղած է։ 1965ին թեկնածուական աւարտաճառը պաշտպանած է Պայրընի եւ հայերու հետ կապերուն մասին, որ «Բայրոնը եւ հայերը» մենագրութեան նիւթ եղած էր 1959ին։
Միջոցին, Դաշտենցի «Խոդեդան» վէպը (1950) ծանօթ դարձուց անոր անունը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, մանաւանդ ժամանակի մը, երբ 1915ի ողբերգութիւնն ու սասունցիներու վերապրումը լռութեան մատնուած էին։ Վէպը ունեցած է եօթը հրատարակութիւն 1950ական թուականներուն, որոնցմէ երեքը Երեւանի մէջ (1950, 1956 եւ 1960) եւ չորսը Պէյրութի (1951, 1958) եւ Գահիրէի (1958, 1959) մէջ, ինչ որ առանձնայատուկ երեւոյթ մըն էր հայկական տպագրութեան տարեգրութեան մէջ։ Դաշտենցի վիպագրական ծրագիրը իր աւարտին պիտի հասնէր «Ռանչպարների կանչը» վէպով, որ յետմահու լոյս տեսած է 1979ին, ուր նկարագրած է հայ ֆետայիներու պայքարը թրքական բռնատիրութեան դէմ։
Խաչիկ Դաշտենց ստացած է Հայաստանի վաստակաւոր գործիչի տիտղոսը(1967) եւ Հայաստանի Գերագոյն Սովետի նախագահութեան պատուոյ գիրը (1970)։ 1974ին Վայմարի (Գերմանիա) Շէյքսփիրեան Ընկերութեան անդամ ընտրուած է՝ Շէյքսփիրի ուսումնասիրութեան եւ թարգմանութեան գործին մէջ իր ունեցած վաստակին համար։
Մահացած է Մարտ 9, 1974ին, Երեւանի մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).