Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՐՏԱՇԷՍ ԱԲԵՂԵԱՆ (մահ՝ Մարտ 13, 1955)

Քիչ չեն եղած այն հայագէտները, որոնք գիտական կեանքի կողքին, նաեւ հանրային ծաւալուն գործունէութիւն ունեցած են։ Անոնցմէ մէկն էր Արտաշէս Աբեղեան։
Ծնած է Աստապատ գիւղը (Նախիջեւան), Յունուար 1, 1878ին։ Նշանաւոր հայագէտ Մանուկ Աբեղեանի (1865-1944) եղբօր որդին էր։ Յաճախած է գիւղի ծխական դպրոցը (1884-1887) եւ Շուշիի թեմական դպրոցը (1887-1890)։ Իր կրթութիւնը շարունակած է Թիֆլիսի թեմական դպրոցին (1890-1895) եւ, ապա, Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ (1895-1899)։
Աւարտելէ ետք, Աբեղեան տարի մը դասաւանդած է Շուշիի թեմական դպրոցին մէջ։ Այդ ժամանակ, արդէն սկսած էր հաւաքել ու հրատարակել ժողովրդական երգեր, ինչպէս եւ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութեան երկու տարբերակներ։ 1900-1904ին, իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Գերմանիա՝ Մարպուրկի, Պերլինի եւ Լայփցիկի համալսարաններուն մէջ։ 1904ին, շրջանաւարտ եղած է Մարպուրկի համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղէն՝ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան նուիրուած աւարտաճառով, որուն առաջին մասը գերմաներէնով լոյս տեսած է (1906)։
1905ին, վերադարձած է Թիֆլիս, ուր յաջորդ տասներեք տարիներուն դասաւանդած է Ներսիսեան դպրոցին, աղջկանց Յովնանեան դպրոցին եւ պետական գիմնազիաներու մէջ։ 1905ին, անդամակցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ բազմաթիւ կրթական ու քաղաքական նախաձեռնութիւններու մաս կազմած։ Ամուսնացած է Նատալիա Իսրայէլեանի հետ, եւ ունեցած երկու զաւակ՝ Վահէ եւ Ռուզան։
Աըտաշէս Աբեղեան քանի մը կարեւոր մանկավարժական գործեր լոյս ընծայած է։ «Ուղղագրական բառգրքոյկ»ը (1910) չորս հրատարակութիւն ունեցած է մինչեւ 1999։ Ան նաեւ հրատարակած է գեղագրութեան երեք պրակներ (1908), աշխարհագրութեան եռահատոր դասագիրք մը (1907-1913), Հայաստանի աշխարհագրութեան դասագիրք մը (1915), որ վերատպուած է հինգ անգամ, եւ Հայաստանի քարտէս մը (1914-1915)։
Հայաստանի առաջին անկախութենէն ետք, Աբեղեան փոխադրուած է Երեւան։ 1919ին Խորհրդարանի անդամ ընտրուած է՝ դաշնակցական ցանկին վրայ, եւ կարեւոր գործունէութիւն տարած է մինչեւ խորհրդայնացումը։ Այնուհետեւ, մեկնած է Թիֆլիս, ապա՝ Պոլիս (1921-1922), եւ վերջապէս հաստատուած է Պերլին։
1926ին, Աբեղեան հայագիտութեան ամպիոնի հիմնադիրը եղած է Պերլինի համալսարանին կից արեւելեան լեզուներու դպրոցին մէջ։ Յառաջիկայ երկու տասնամեակներուն, Հայաստանի ու հայ մշակոյթի գլխաւոր տարածողը եղած է Գերմանիոյ մէջ։ 1928ին, շնորհիւ անոր միջամտութեան, Պերլինի նոր փողոց մը կոչուած է «Հայկական փողոց», ուր հայ համայնքը կեդրոնացած էր։ Հայ գրականութեան բազմաթիւ գործեր թարգմանած է գերմաներէնի, ինչպէս եւ գերմանական գրականութեան գործեր՝ հայերէնի։ Լայնօրէն աշխատակցած է հայ եւ գերմանական մամուլին։ Գերմաներէն հրատարակած է աշխարհաբար քերականութիւն մը (1936) եւ «Սասունցի Դաւիթ»ի մասին ուսումնասիրութիւն մը (1940), այլ գործերու շարքին։
Ատոլֆ Հիթլէրի իշխանութեան գլուխը անցնելէ ետք (1933), հակահայ արշաւ մը սկսած է Գերմանիոյ մէջ (երեւութապէս՝ թրքական աջակցութեամբ), որուն նպատակն է հայերու սեմական ծագումը ընդգծել եւ հրեաներու հետ նոյնականացնել։ Նացիական վարչակարգի հակահրէական կեցուածքը յաւելեալ վտանգ կը սպառնար Գերմանիոյ հայ համայնքին։ Աբեղեան տքնաջանօրէն աշխատած է՝ Գերմանա-Հայկական Ընկերութեան անդամներուն հետ, որուն փոխնախագահն էր, այդ հակահայ արշաւը չէզոքացնելու, ապացուցելով, որ հայերը «արիական» (ըստ ժամանակին Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ գոյութիւն ունեցող ցեղային հասկացութիւններու) ծագում ունէին։ Անոնց ճիգերուն շնորհիւ, Յուլիս 1933ին գերմանական Ներքին Գործոց նախարարութեան հրովարտակ մը հաստատած է հայերու արիական ծագումը։ 1934ի սկիզբներուն, Գերմանա-Հայկական Ընկերութիւնը հրատարակած է, Աբեղեանի խմբագրութեամբ, գերմանացի գիտնականներու հաւաքական հատոր մը՝ «Հայկականութիւն-արիականութիւն» խորագրով։
Աբեղեան վերստին գործի լծուած է 1941-1942ին, երբ հակահայ արշաւը նոր բռնկում մը ունեցած է, որ այս անգամ կրնար Գերմանիոյ եւ նացիական գրաւման տակ գտնուող տարածքներու հայութիւնը մատնել հրեաներու անողոք ճակատագրին։ Ասոր զուգահեռ, ան նախագահ եղած է կարճատեւ Հայ Ազգային Խորհուրդին (1942-1943), որ խումբ մը Դաշնակցութեան անդամներ կազմած էին՝ հայոց շահերը պաշտպանելու համար նացիական Գերմանիոյ մէջ։
Ան շարունակած էր իր գիտական ուսումնասիրութիւնները։ Վերջին տարիներուն, յատկապէս զբաղած է 19րդ դարուն Դորպատի համալսարանի յաճախած սերունդի ուսումնասիրութեամբ։ Հրատարակած է երեք հատոր այս նիւթով. «Հայ ուսանողները Դորպատում» (1942), «Քերովբէ Պատկանեանը Դորպատում» (1949) եւ «Ստեփանոս Նազարեան եւ Դորպատ» (1954)։
Պերլինի անկումէն ետք, Աբեղեան լքած է իր համալսարանական պաշտօնը եւ հարաւային Գերմանիա մեկնած։ 1945-1946ին, Շթութկարտի հայ գաղթակայանի դպրոցի տնօրէն եղած է։ 1951ին փոխադրուած է Միւնիխի, ուր հայագիտութեան դասախօս եղած է համալսարանին մէջ մինչեւ մահը՝ Մարտ 13, 1955ին։