Հայ իրապաշտ վիպագրութեան ու թատերագրութեան գլխաւոր դէմքերէն մէկը՝ Շիրվանզադէ, բուն անունով՝ Ալեքսանդր Մովսիսեան, ծնած է 18 Ապրիլ, 1858ին, Շամախի հայաշատ քաղաքը, որ ներկայիս Ատրպէյճանի մէջ կը գտնուի։ Քանի մը տարի տեղւոյն հայոց թեմական ու ռուսական գաւառական դպրոցները ուսանելէ ետք, հօր անսպասելի սնանկացման պատճառով 1875ին ուսումը ձգած եւ ընտանիքին օգնելու նպատակով մեկնած է Պաքու։ Ութ տարի աշխատած է նահանգային վարչութեան, նաւթային գրասենեակներու եւ զանազան ընկերութիւններու մէջ իբրեւ գրագիր, հաշուապահի օգնական եւ հաշուապահ։
1878ին սկսած է հայ եւ ռուսական մամուլին թղթակցիլ։ 1883ին փոխադրուելով Թիֆլիս, նոյն տարին լոյս ընծայած է առաջին գեղարուեստական երկը՝ «Հրդեհ նաւթագործարանում» պատմուածքը, որուն հետեւած է «Գործակատարի յիշատակարանից» վիպակը։
1885ին, Շիրվանզադէ ներկայացուցած է գաւառական քաղաքի մթնոլորտը իր «Նամուս» վէպին մէջ, որ զինք յայտնի դարձուցած է։ 1886-1891ին իբրեւ քարտուղար աշխատած է Թիֆլիսի «Արձագանք» շաբաթաթերթին մէջ, ուր հրատարակած է զանազան վիպակներ ու վէպեր։ Իր լաւագոյն երկերը ստեղծած է 1890-1905ին՝ ընկերային ու քաղաքական վերելքի տարիներուն։ Անոնց շարքին պէտք է յիշել «Արսէն Դիմաքսեան» վէպը (1893), «Չար ոգին» վիպակը (1895), «Քաոս» վէպը (1898), որ կը նկատուի հայ իրապաշտ վէպի գլուխ-գործոցը՝ գեղարուեստական ու գաղափարական իմաստով, եւ ուրիշներ, ուր շարունակած է ժամանակաշրջանի տարբեր երեւոյթներու ներկայացումը։
Անդամակցած է Հնչակեան կուսակցութեան եւ 1895-1896ի համիտեան կոտորածներուն ժամանակ իր յօդուածներով ու գործունէութեամբ պաշտպանած է արեւմտահայութեան դատը՝ Ռուսաստան մեկնելով նիւթական աջակցութեան գործը կազմակերպելու համար։ Սակայն, ձերբակալուած է ոստիկանութեան կողմէ եւ բանտարկուած՝ Թիֆլիսի Մետեխի բանտը։ 1898-1901ին Օտեսա աքսորուած է։
Շիրվանզադէ բացառիկ դեր խաղացած է հայ թատրոնի եւ թատերագրութեան պատմութեան մէջ։ Բեմ հանած է նոր շրջանի հայ կեանքը, ընկերային հակասութիւնները, քաղաքական հակամարտութիւնները եւ կենցաղային–բարոյական յարաբերութիւնները։ 20րդ դարու սկիզբէն գրած անոր թատերական գործերը կ՚ընդգրկեն կենցաղային, ընկերային, հոգեբանական ու քաղաքական բովանդակութեամբ թատերախաղեր՝ «Իշխանուհի», «Եւգինէ», «Ունէր իրաւունք», «Նամուս», «Պատուի համար», «Կործանուածը», «Արհաւիրքի օրերին», եւ կատակերգութիւններ՝ «Շառլատանը», «Մորգանի խնամին»։
1905-1910ին Շիրվանզադէ ապրած է Փարիզ, այնուհետեւ վերադառնալով Կովկաս։ Ա. Աշխարհամարտի մղձաւանջը եւ Մեծ Եղեռնը ծանր տպաւորութիւն ձգած են անոր վրայ։ Բազմաթիւ յօդուածներու, նամակներու եւ գրական երկերու մէջ անդրադարձած է Եղեռնի բուն պատճառներուն ու թրքական իշխանութիւններու անմարդկային արարքներուն, ինչպէս եւ մեծ պետութիւններու քաղաքական խաղերուն։
1919ին Շիրվանզադէ վերստին մեկնած է արտասահման, Փարիզ հաստատուելով՝ բուժուելու նպատակով։ 1926ին հաստատուած է Երեւան եւ շարունակած գրական գործունէութիւնը։ Արժանացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովրդական գրողի եւ Անդրկովկասի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի կոչումներուն։ Մահացած է 7 Օգոստոս, 1935ին, Կիսլովոդսկի մէջ (Հիւսիսային Կովկաս), ուր մեկնած է բուժուելու։ Թաղուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։
Շիրվանզադէի երկերու հիմամբ, Հայֆիլմը նկարահանած է «Նամուս» (1925), «Չար ոգի» (1927), «Պատուի համար» (1956), «Մորգանի խնամին» (1970) եւ «Քաոս» (1973) շարժանկարները։ Երեւանի եւ Հայաստանի այլ քաղաքներու մէջ, դպրոցներ ու փողոցներ կը կրեն գրագէտին անունը, ինչպէս եւ Կապանի պետական թատրոնը։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).