1926ին սգոյ զանգակները վերջին անգամ հնչեցին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ։ Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան (ՀՀԿ) Կեդր. Կոմիտէն այդ տարի որոշում առաւ՝ դադրեցնել Ապրիլ 24ի որեւէ յիշատակութիւն, հետեւելով 1925ի Դեկտեմբերին ստորագրուած թուրք-խորհրդային դաշինքին։
1920ական թուականներէն մինչեւ 1960ական թուականները, բացառելով քանի մը գրական գործեր, Մեծ Եղեռնի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մոռացութեան տարիներ պիտի ըլլային։ 1945-1947ին Կարսի ու Արտահանի վերադարձ պահանջը դնելէ ետք, 1953ին Խորհրդային Միութիւնը՝ Հայաստանի ու Վրաստանի անունով, պաշտօնապէս հրաժարած էր Թուրքիոյ հանդէպ որեւէ տարածքային պահանջէ։
Մեծ Եղեռնի յիսնամեակի նախօրեակին, Սփիւռքի մէջ խմորուող ոգեկոչման ու Թուրքիոյ նկատմամբ գործօն պահանջատիրութեան անցնելու հրամայականի արձագանգը, ինչպէս եւ Նիկիտա Խրուշչեւի «ձիւնհալ»ի շրջանը, որուն անդրադարձը ուշացումով հասած էր Հայաստան, պատճառ պիտի դառնային պետական մակարդակով Երեւանի մէջ ոգեկոչելու 1915ի զոհերու յիշատակը։ Այս գործին մէջ մեծ դեր խաղացած է ՀՀԿ Կեդր. Կոմիտէի առաջին քարտուղար Եակով Զարոբեանը (1911-1980)։
1964ին ՀՀԿ Կեդր. Կոմիտէին մէջ քանի մը խորհրդակցութիւն կազմակերպելէ ետք՝ ականաւոր պատմաբաններու եւ այլ մտաւորականներու մասնակցութեամբ, Զարոբեան հանդիպումներ ունեցած է խորհրդային բարձրագոյն աւագանիին հետ, ստանալով համաձայնութիւնը՝ ոգեկոչումը կազմակերպելու համար։
Գիրքերու եւ յօդուածներու հրատարակութեան, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի հաղորդումներու, հանդիպումներու կազմակերպութեան կողքին, Փետրուար 1965ին Կեդր. Կոմիտէն հաստատած է ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի կառուցման նախագիծը։ Մարտ 1965ին յայտարարուած էր ճարտարապետական մրցոյթ։
Ապրիլ 24-իառաւօտեան Լենինի հրապարակը (ներկայիս՝ Հանրապետութեան հրապարակ) լեցուած է բազմահազար երիտասարդներով, որոնք անակնկալի բերած են իշխանութիւնները՝ չարտօնուած ցոյցի սկսելով։ Ի զուր անցած են ցրուելու կոչերը, որ կարգ մը մտաւորականներ ուղղած են ցուցարարներուն, ինչպէս եւ ոստիկանութեան փորձը՝ ցոյցը ցրուելու։ Այնուհետեւ, ցուցարարները քայլարշաւի սկսած են Երեւանի կեդրոնի փողոցներուն մէջ, հայրենասիրական կոչերով՝ «Մեր հողերը, մեր հողերը», եւ պաստառներով, որոնք կը պահանջէին հայկական բռնագրաւուած հողերու վերադարձը։ Իշխանութիւնները չեն հակադարձած խաղաղ ցոյցին։ Ցուցարարներըծաղկեպսակ զետեղած են Կոմիտաս վարդապետի գերեզմանին՝ պանթէոնի մէջ։ Անոնց թիւը, ըստ տարբեր աղբիւրներու, գնահատուած է 20.000ի եւ 100.000ի միջեւ։
Երեկոյեան, բազմաթիւ ցուցարարներ շարժած են դէպի Օփերա, ուր ոգեկոչական պաշտօնական նիստ մը տեղի պիտի ունենար՝ հրաւիրատոմսով։ Բռնի ուժով ներս մտնելու փորձը յանգած է անկարգութեան եւ ոստիկանութեան հակադարձելու փորձին։ Քանի մը երիտասարդներ յաջողած են ներս մտնել եւ պաշտօնական ձեռնարկը խանգարել ու ի վերջոյ՝ խափանել։
Ապրիլ 24ին, իշխանութիւնները թոյլատրած էին, որ Ս. Պատարագ մատուցուէր Ս. Էջմիածնի մէջ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուէր ի յիշատակ զոհերուն։ Հոկտեմբեր 1965ին տեղի ունեցած է Եղեռնի յուշարձանի պաշտօնական բացումը Ս. Էջմիածնի շրջափակին մէջ։
Ապրիլ 1965ի ցոյցին հետեւանքով, Փետրուար 1966ին խորհրդային նոր ղեկավարութիւնը, որուն գլուխը 1964ի վերջաւորութեան անցած էր Լէոնիդ Բրեժնեւը, պաշտօնանկ ըրած է Զարոբեանը, որ նոր պաշտօնով փոխադրուած է Մոսկուա, ինչպէս եւ կարգ մը կուսակցական ղեկավարներ։
1950ական թուականներու վերջերէն հետզհետէ բարձրացող ազգային ալիքը իր գագաթնակէտին հասնելով Ապրիլ 24ին, այնուհետեւ ազգային զարթօնքը տարբեր դրսեւորումներով արտայայտուեցաւ հետագայ տարիներուն։ Նոյեմբեր 1967ին տեղի ունեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին բացումը։