Պատմաբան ու բանասէր Արշակ Ալպօյաճեան շուրջ 60 տարուան բեղուն վաստակ մը կտակած է մեր մշակոյթի ուսումնասիրութեան, ու անոր երկերը մինչեւ այսօր լայնօրէն կը վկայակոչուին ու կը գործածուին հայ թէ օտար հայագէտներու կողմէ։
Ծնածէ 14 Յունիս, 1879ին, Սկիւտարիշրջանը (Պոլիս)։ Յաճախած էՊոլսոյՊէրպէրեանվարժարանը, իսկ այնուհետեւ՝ Կեդրոնականվարժարանը։ Թերաւարտ, 1895ինառեւտրական ասպարէզ մտած է, իսկ տարի մը ետք ԲիւզանդՔէչեանի «Բիւզանդիոն» օրաթերթին վարչականպատասխանատու դարձած է, իսկ այնուհետեւ՝ նաեւ յօդուածագիր։
Ալպօյաճեան կանուխտարիքէնաշխատակցած է Պոլսոյ եւ արտասահմանի մամուլին։ Առաջինբանասիրականգործըկենսագրական աշխատանք մըն է՝ «ՈւսումնասիրութիւնՍրբուհիՏիւսաբի» (1901)։ Մասնակիժամանակովդասաւանդած էՊոլսոյվարժարաններուն մէջ։ Ձեռնարկած է հայ գաղթավայրերու ուսումնասիրութեան, որ իր տեւական ուշադրութեան նիւթը պիտի ըլլար մինչեւ կեանքին վերջը։ 1905ին«Հայք ի Ռումելի» անտիպ մնացած հատորը «Իզմիրլեան» գրականմրցանակինարժանացածէ։
1909ին ամուսնացած է ու զաւակ մը ունեցած։ 1910-ինՊոլսոյԱզգայինԺողովի երեսփոխան ընտրուած է եւ նոյն տարին դարձած՝ Պատրիարքարանիարխիւիտնօրէնը։ Անդամ եղած է Հայ ՍահմանադիրՌամկավարԿուսակցութեան։
ՄեծԵղեռնիտարիներուն, Ալպօյաճեանինքզինք սահմանափակածէ Պատրիարքարանին մէջ։ 1919ին, լոյս ընծայած է «Անհետացող դէմքեր. Գրիգոր Զօհրապ (իր կեանքը եւ գործը)» հատորը, իսկ 1919-1922ին, գլխաւորած է Պատրիարքարանի Տեղեկատու Դիւանը, որ աշխատած է մեծ պետութիւններուն ստոյգ տեղեկութիւններ հաղորդելու համար՝ թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան հայերուն մասին ընդհանրապէս եւ թէ՛ Մեծ Եղեռնի մասին յատկապէս։
1922ին,լքած էՊոլիս ու անցած՝Գորֆուկղզի (Յունաստան), ուսուցչականպաշտօնվարելուհոն հաստատուած հայկական որբանոցինմէջ։ 1923իաւարտին, հաստատուած էԵգիպտոսումասնակիժամանակովդասաւանդած՝ԳահիրէիԱզգայինԳալուստեանվարժարանին մէջ։ ԱզգայինԱռաջնորդարանի դիւանապետի պաշտօնը վարած է (1924-1935)։ Հրատարակած է «ԱզատՄիտք» շաբաթաթերթը (1936-37), «ԳրասէրիԱռաջնորդ» պարբերաթերթը (1938-1949) եւ «ԿեանքեւԳիր» տարեգիրքը (1948)։
1941-ինիր սեփական տպարանը հիմնած է՝իրգիրքերն ու պարբերականներըտպելուհամար։Նոյնտարին, կորսնցուցած է իր կողակիցը, երկարամեայհիւանդութենէ ետք։
1955-ինանդամընտրուած էԵգիպտոսիթեմականժողովին ու դարձած՝ փոխ-ատենապետ։Նոյնտարիններկայացուցած էԵգիպտոսիթեմը 1955ի Ս. Էջմիածնի կաթողիկոսական ընտրութեան։
Հայաստան այցելած է 1959ին եւ մեծպատիւի արժանացած իբրեւ բանասէր։ԱմենայնՀայոցՎազգէնԱ. Կաթողիկոսըզինքգնահատած է Ս. ԳրիգորԼուսաւորիչշքանշանովուհայրապետականյատուկկոնդակով։Ալպօյաճեանիր մահկանացուն կնքած է Գահիրէիմէջ, 24 Յունիս, 1962ին։
Ալպօյաճեանի տպուած 22 աշխատասիրութիւններէն «Պատմութիւնհայգաղթականութեան» եռահատորգործը(1941, 1955 եւ 1961) դարձած էհայկականգաղթավայրերուառաջինամբողջականպատմութիւնը։ Չորրորդըհատորը, ուրներառնուածէԲ. Աշխարհամարտիհետեւանքովգաղթականվայրերուպատմութիւնը, անտիպ մնացած է։ Այլ մեծարժէք գործերու շարքին, հրատարակած է արեւմտահայութեան նուիրուած շարք մը մեծածաւալ աշխատութիւններ՝ «Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ» (1937-1938), «Պատմութիւն Եւդոկիոյ հայոց» (1952), «Պատմութիւն Մալաթիոյ հայոց» (1961), «Յուշամատեան Կուտինահայերու» (1961)։
Ալպօյաճեան անտիպ ձգած է աւելի քան 15 գործեր։ Անոր արխիւը տեղափոխուած էհայրենիքուկըպահուիԵրեւանիՄեսրոպՄաշտոցիանուանՄատենադարանինմէջ (կարգ մը գործեր հրատարակուած են յետ մահու)։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).