Պատերազմի ու ժամանակակից նիւթերով իր գրական գործունէութիւնը սկսած Սերօ Խանզադեան 1960ական թուականներուն դարձած է խորհրդահայ պատմավէպի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը։
Ծնած է 3 Դեկտեմբեր, 1915ին, Գորիսի մէջ։ 1934ին աւարտած է քաղաքի մանկավարժական դպրոցը, իսկ նոյն տարին հրատարակած է իր առաջին պատմուածքը Գորիսի «Կարմիր Զանգեզուր» թերթին մէջ։ 1934-1941 զբաղած է ուսուցչութեամբ Գորիսի շրջանի Տաթեւ եւ Խնածախ գիւղերուն մէջ։ Մասնակցած է Բ. Աշխարհամարտին (1941-1945)։
1950ին,հրատարակած է իր առաջին հատորը՝ «Մերգնդիմարդիկ» վէպը, Բ. Աշխարհամարտի նիւթով։ Նոյն տարին, Գրողներու Միութեան անդամ դարձած է։ Յաջորդ գործը՝ երկհատոր «Հողը» վէպը (1954-1955) ճանաչում բերած է իրեն։ Այստեղ անդրադարձած է գիւղերու պարպումի հարցին, ցոյց տալով, որ Քարակերտի բնակիչներու բարեկեցութիւնը չի լուծուիր Արարատեան դաշտ տեղափոխուելով, այլ ապառաժները փշրելով ու հողը ծաղկեցնելով։
1955-1961 թուականներուն հրատարակած է շարք մը մանկապատանեկան ստեղծագործութիւններ եւ երկու պատմուածքներու հատորներ՝ «Կարմիր շուշաններ» (1958) եւ «Հարստութիւնը լեռներում» (1961)։
1961ին լոյս տեսած «Մխիթար սպարապետ» պատմավէպը լայն ժողովրդականութիւն բերած է ԽանզադեանինՀայաստանի մէջ։ Գիրքը 1961-1963ին չորս տպագրութիւն ունեցած է Երեւանի, Պէյրութի եւ Գահիրէի մէջ։ Գրագէտը հայ պատմավէպի աւանդները շարունակած է՝ մեր ժողովրդի պատմութեան հերոսական էջերէն մէկը արդիականութեան տեսակէտէն դիտելով։ 18րդ դարու առաջին քառորդի ազատագրական փորձերու հենքին վրայ հիմնուած են Դաւիթ Բէկի եւ Մխիթար սպարապետի կերպարները իբրեւ պարսկա-թրքական լուծին դէմ պայքարի առաջնորդներ։
Այնուհետեւ, Խանզադեանի բեղուն գրիչը բազմաթիւ հատորներ նուիրած է, մեծաւ մասամբ, ժամանակակից նիւթերու. «Կորածարահետներ» (1964), «Քաջարան» (1965), «Այրուածտունը» (1965), «Մատեանեղելութեանց» (1966), «Անձրեւիցյետոյ» (1969), «Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ» (1970), «Երեքտարի, 291 օր» (1972), «Սեւանիլուսաբացը» (1974), «Խօսէք, Հայաստանիլեռներ» (1976)։
Սերօ Խանզադեան 1972 թուականէն գրական խորհրդականի պաշտօն վարած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան մէջ։ 1974ին Հայաստանի վաստակաւոր գործիչի տիտղոսը ստացած է, իսկ 1977ին շահած է Հայաստանի պետական մրցանակը («Երեք տարի 291 օր» ռազմաճակատային օրագրութեան համար)։ Ստացած է նաեւ բազմաթիւ շքանշաններ։
Այնուհետեւ, Խանզադեան իր գրական գործերուն առանցքը դարձուցած է հայոց պատմութիւնը։ Հայ ժողովուրդի հեռաւոր անցեալի ինքնատիպ վերակազմութիւն մը տուած է «Թագուհինհայոց» պատմավէպին մէջ (1978)։ Այնուհետեւ, ան հրատարակած է «Արաքսըպղտորւումէ» (1985), «Անդրանիկ» (1989), «Շուշի» (1991) եւ «ԳարեգինՆժդեհ» (1993) պատմավէպերը, «Հօրսհետեւառանցհօրս» (1986), «Ինչպէսյիշումեմ» (1988) եւ «Ղարաբաղըկրակներիմէջ» (1998) ինքնակենսագրականեւյուշագրականգրքերը եւ «ՊըլըՊուղի» (1988) եւ «Կորածարահետներ» (1989) պատմուածքներու հատորները։
Գրագէտը յաճախ արտայայտուած է պատմական, գրական եւ այժմէական հարցերու մասին։ Անոր շատ մը գործերը թարգմանուած են ռուսերէնի եւ այլ լեզուներու, իսկ երկու գործեր՝ «Այրուած տունը» («Լքուած հեքիաթների կիրճը» խորագրով, 1974) եւ «Մխիթար սպարապետ» (1978) շարժանկարի վերածուած են։
Սերօ Խանզադեան մահացածէ26 Յունիս, 1998ին, Երեւան։ Թաղուած է Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ։