Հրանդ Շահինեան արդի ողիմպիականներուն մէջ մետալ շահող առաջին հայը եղած է՝ Հելսինքիի ողիմպիական խաղերուն (1952) երկու ոսկեայ մետալներու արժանանալով։
Ծնած է Գիւլագարակ գիւղը (Լոռի), 30 Յուլիս, 1923ին։ 1930ին, ընտանիքը փոխադրուած է Երեւան։ Սկսած է մարմնամարզութեան ուսումը Յարութիւն Գարգալոյեանի հետ, իսկ 1939ին Խորհրդային Միութեան պատանի ախոյեան հանդիսացած է։
1941ին, Շահինեան իբրեւ կամաւոր մեկնած է Բ. Աշխարհամարտին մասնակցելու եւ ոտքը վիրաւորուելէ ետք, 1943ին վերադարձած է Հայաստան։ Երկար վերականգնողական աշխատանքէ ետք, 1946ին կարողացած է վերսկսիլ մարզումները եւ աստիճանաբար մեծ յաջողութիւններ արձանագրել։ 1949ին, Պուտափեշտի մէջ, երիտասարդներու եւ ուսանողներու համաշխարհային փառատօնին վեց մետալ շահած է։
1952ին, Հելսինկիի ողիմպիական խաղերուն մեկնած է իբրեւ խորհրդային հաւաքականի անդամ։ Շահինեան փայլած է օղակներու վրայ վարժութեան մէջ, ստանալով 9,9 միաւոր եւ ոսկեայ մետալակիր: Ան նժոյգաթափի ու բազմամարտի մէջ արծաթ մետալներ ալ ստացած է։ Նժոյգաթափի մէջ, Շահինեան առաջին անգամ գործադրած է հնարք մը, որ հետագային անոր անունով կոչուած է։ Ան նաեւ շահած է ուրիշ ոսկեայ մետալ մը՝ խմբական մրցումին մէջ։ 1952ին ալ ստացած է Խորհրդային Միութեան մարզանքի վարպետի կոչումը։
1954ին, Շահինեան Հռոմի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցած է՝ ոսկեայ մետալ շահելով նժոյգաթափին եւ խմբական մրցումին մէջ, եւ արծաթեայ մետալ՝ բազմամարտի մէջ։ Անոր յաջողութիւններն ու անձնական հմայքը պատճառ դարձած են իր ժողովրդականութեան Հայրենիքի մէջ։
1956 թուականին Խորհրդային Միութեան հաւաքականի մարզիչները կը սկսին աւելի երիտասարդական մարմնամարզիկներ ընդգրկել խումբին մէջ։ Շահինեան կ՚որոշէ աւարտել իր ասպարէզը ու աստիճանաբար անցնիլ մարզիչի գործունէութեան։
Հրանդ Շահինեան կը փափաքէր, որ Հայաստան ունենար մարմնամարզութեան մեծ համալիր, ուր կարողանար իր փորձառութիւնը հաղորդել երիտասարդներուն։ Անոր անմիջական ջանքերուն շնորհիւ, Երեւանի մէջ ստեղծուած է այդպիսի մասնագիտացած դպրոց մը 1958ին, որուն առաջին տնօրէնն ալ եղած է ինք։ 1961ին արժանացած է Հայաստանի վաստակաւոր մարզիչի տիտղոսին, իսկ 1966ին՝ Խորհրդային Միութեան վաստակաւոր մարզական գործիչի տիտղոսին։ 1966-1969 թուականներուն գլխաւորած է Հայաստանի մարզական կոմիտէն, այնուհետեւ անոր փոխնախագահը ըլլալով (1969-1975)։
1975-1980 թուականներուն, Շահինեան վարած է Սուրիոյ մարմնամարզութեան հաւաքականը Դամասկոսի մէջ։ Այնուհետեւ վերադարձած է Հայաստան, ուր մահացած է Մայիս 29, 1996ին։
2014ին, Հրանդ Շահինեանի արձանը զետեղուած է անոր անունը կրող մարմնամարզութեան դպրոցի մուտքին՝ Երեւանի մէջ։