Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՍՄԲԱՏ ԲՈՐՈՅԵԱՆ (ծնունդ՝ 28 Օգոստոս, 1875)

Ֆետայական շարժման ու ապա՝ 1914-1921ի ռազմական իրադարձութիւններուն գործօն մասնակցութիւն ունեցած դէմքերէն մէկը եղած է զօրավար Սմբատը, ծանօթ՝ Մախլուտօ ծածկանունով։
Բուն անունով՝ Սմբատ Բորոյեան, ծնած է 28 Օգոստոս, 1875ին, Մուշ քաղաքի Ս. Մարինէ թաղամասին մէջ։ Աւարտած է քաղաքի վանական դպրոցը։ 1900ին մտած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը։  Գործակցած է նշանաւոր յեղափոխականներու հետ, ինչպէս Անդրանիկ եւ Հրայր Դժոխք, եւ ահաբեկած է Աղբիւր Սերոբը մատնողներէն մէկը։
1901ին Անդրանիկի ղեկավարութեամբ Առաքելոց վանքի կռիւին մասնակցելէ ետք, 1904ին Սասունի ապստամբութեան ժամանակ ղեկավարած է Իշխանաձորի մարտերը Գէորգ Չաւուշի հետ։ Ապստամբութեան աւարտէն ետք, Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի եւ միւս ֆետայիներուն հետ շարունակած է կռուիլ թրքական զօրքերուն դէմ Մշոյ դաշտին մէջ, եւ այնուհետեւ, մասնակցած է Աղթամարի կռիւին (Յուլիս 1904)՝ Անդրանիկի ղեկավարութեամբ։  Անցնելով Կովկաս, Սմբատ գործօն մասնակցութիւն բերած է 1905-1906 թուականներու հայ-թաթարական կռիւներուն, ղեկավարելով Ղամարլուի (Արտաշատ) ինքնապաշտպանութեան մարտերը։ Այնուհետեւ, Դաշնակցութեան որոշումով Իրան անցած է եւ մասնակցած՝ 1908-1912ի իրանական յեղափոխութեան, կռուելով Ուրմիոյ շրջանին մէջ։
1912-1914ին խաղաղ կեանքի ձեռնարկած է Մուշի մէջ, ուր եւ ամուսնացած է։ Սակայն, Ա. Աշխարհամարտը փոխած է ծրագիրները։ Անցնելով Կովկաս, մաս կազմած է Անդրանիկի գլխաւորած առաջին կամաւորական գունդին եւ դարձած՝ անոր օգնականը։ Մասնակցած է Դիլմանի ճակատամարտին (Ապրիլ 1915), Պիթլիսի ազատագրման (Փետրուար 1916) եւ բազմաթիւ այլ մարտերու։
Մայիս 1917ին տեղի ունեցած է արեւմտահայերու առաջին համագումարը, որուն ընթացքին Սմբատ ընտրուած է Արեւմտահայ Ազգային Խորհուրդի անդամ։ Շարունակելով իր ռազմական գործունէութիւնը, 1917ի ամրան նշանակուած է Ալաշկերտ գործող հայկական ջոկատի հրամանատար։ 1918ին, Անդրանիկի հարուածային ջոկատին հետ կռուած է Ջալալօղլիի եւ Էրզրումի մարտերուն (Փետրուար-Մարտ 1918), իսկ յետոյ մասնակցած է Ղարաքիլիսէի ճակատամարտին (Մայիս 1918)։Այնուհետեւ, Անդրանիկի հետ Դիլիջանի ճամբով անցած է Ելենովկա (Սեւան)-Նոր Բայազէտ-Նախիջեւան-Ջուղա-Խոյ երթուղիով ու մասնակցած՝ Ջուղայի կամուրջի եւ Խոյի պաշարման ու գրաւման։
Յուլիս 1918ին, Զանգեզուր անցած է Անդրանիկի հետ, մասնակցելով տեղւոյն հայ բնակչութեան ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն ընդդէմ թուրք-թաթարական յարձակումներուն։ Բաժնուելով Անդրանիկէն, աշնան վերադարձած է Երեւան ու ընտրուած՝ արեւմտահայ գործադիր մարմնի անդամ։
1919ի ամրան Սմբատ անցած է Սեւանայ լիճի արեւելեան ափերը սասունցիներու զօրամասով՝ նորանկախ հանրապետութեան սահմանամերձ շրջանները պաշտպանելու համար։ Անոր գլխաւորած զօրամասը մասնակցած է թուրք-հայկական պատերազմին 1920ի աշնան։ Ալեքսանդրապոլի անկումէն ետք, արդէն զօրավարի աստիճանին արժանացած Սմբատը նահանջած է Արագածի բարձունքը, ուր մղուած կռիւներուն ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած ու Երեւան տեղափոխուած է։
Փետրուարեան ապստամբութեան ժամանակ, Սմբատ Թալինէն եւ Աշտարակէն դէպի Երեւան շարժող ուժերուն հրամանատարն էր։ Գարեգին Նժդեհի հետ համագործակցելէ ետք Դարալագեազի շրջանին մէջ, նահանջող ուժերուն հետ անցած է Պարսկաստան, ուր երկրորդ անգամ ամուսնացած է։ Այնուհետեւ, Թաւրիզէն մեկնած է Եգիպտոս եւ ապա՝ Միացեալ Նահանգներ, ուր հաստատուած է Ֆրէզնոյի մէջ։
1933ին զօրավար Սմբատ փոխադրուած է Մարսէյլ (Ֆրանսա), ուր սկսած է գործակցիլ խորհրդայնամէտ ուժերու հետ։ 1936ին լոյս տեսած է անոր յուշերու հատորը։ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն, ընդյատակեայ գործունէութիւն տարած է ֆրանսական դիմադրական շարժման մէջ։
1947ին վերադառնալով Հայաստան, վաստակաւոր ֆետային նշանակուած է Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պահակ։ Սմբատ Բորոյեան իր մահկանացուն կնքած է Երեւանի մէջ, 20 Մարտ, 1956ին։ Ըստ իր ցանկութեան, թաղուած է Ս. Գայիանէ վանքին բակը՝ Րաֆֆիի Խենթի (Սամսոն Տէր-Պօղոսեան) կողքին։ Երեւանի մէջ փողոց կայ իր անունով։ Զօրավար Սմբատի՝ Մախլուտոյի կեանքին նուիրուած է վիպասան Խաչիկ Դաշտենցի «Ռանչպարների կանչը» յետմահու հրատարակուած վէպը (Երեւան, 1979)։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)