Անցեալ դարուն, հայրենի հայագէտներու փաղանգին մէջ իր յատուկ տեղը ունեցած է Մատենադարանի վաստակաւոր գիտաշխատող Գէորգ Աբգարեան։
Աբգարեան ծնած է Հոռոմ գիւղը (այժմ՝ Շիրակի մարզ), 14 Սեպտեմբեր, 1920ին։ Իր միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Էջմիածնի եւ Լենինականի (Գիւմրի) մէջ։ 1937-1941 թուականներուն ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ճիւղին մէջ։ 1941-1942ին մասնակցած է Բ. Աշխարհամարտին եւ վիրաւորուելով՝ գերմանացիներու գերի ինկած է։ Սակայն, հրաշքով ողջ մնացած եւ տուն վերադարձած է, վերստին ընդունուելով համալսարան, զոր աւարտած է 1946ին։ Յետոյ մտած է Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի գրականութեան հիմնարկը՝ գիտութիւններու թեկնածուի իբրեւ հայցորդ (ասպիրանտ)։ Սակայն, ինչպէս պատահած է Խորհրդային Միութիւն վերադարձած բազմաթիւ ռազմագերիներու պարագային, 1947ին Աբգարեան ձերբակալուած է ստալինեան վարչակարգին կողմէ եւ, առանց դատավարութեան, 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած է։ Ժամկէտէն առաջ ազատած է բանտարկութենէն (19 Մարտ, 1955) եւ արդարացման արժանացած։
Ուսանողական տարիներուն՝ 1940ին, Գ. Աբգարեան սկսած էր աշխատիլ Մատենադարանի բնագիրներու ուսումնասիրութեան եւ հրատարակութեան բաժնին մէջ։ 1946ին յայտնաբերած է Մաղաքիա Աբեղային ու Վարդան Արեւելցիին վերագրուած եւ 13րդ դարուն գրուած «Պատմութիւն վասն ազգին նետողաց» գործի իսկական հեղինակը՝ Գրիգոր Ակներցին։ Մոնղոլական արշաւանքներուն վերաբերող այս գործը վերջինիս անունով յետագային հրատարակուած է անգլերէն, թրքերէն եւ վրացերէն թարգմանութեամբ։
1965ին Աբգարեան իր թեկնածուական ատենախօսութիւնը պաշտպանած է՝ «Սեբէոսի պատմութիւնը եւ Անանունի առեղծուածը», որուն համար անոր միանգամայն շնորհուած է գիտութիւններու դոկտորի աստիճան։ Ատենախօսութիւնը նոյն տարին լոյս տեսած է առանձին գիրքով։ 1966ին Մատենադարանի ձեռագիրներէն մէկուն մէջ յայտնաբերած ու հրատարակած է Աստուածաշունչի «Սիրաքի գիրք»ի հայերէն թարգմանութեան քանի մը գլուխները, որոնք 5րդ դարուն թարգմանուած եւ 12րդ դարուն կորսուած համարուելով՝ նոր թարգմանութեամբ փոխարինուած էին։ 1975-1976ին հայ թարգմանական մատենագրութեան պատմութիւն դասաւանդած է Երեւանի համալսարանին մէջ։
Գէորգ Աբգարեան բազմաթիւ հետազօտական յօդուածներով անդրադարձած է հայ միջնադարեան գրականութեան, ձեռագրագիտութեան, հայ եւ տարբեր ժողովուրդներու մատենագրական կապերուն եւ եւրոպական հայագիտութեան պատմութեան։ Գիտական հրատարակութեան պատրաստած է յոյն մատենագիր Եւսեբիոս Կեսարացիի «Քրոնիկոն»ի գրաբար եւ գերմաներէն թարգմանութիւնները, Փաւստոս Բուզանդի «Հայոց պատմութիւն»ը, Սեբէոսի «Պատմութիւն»ը եւ միջնադարեան արձակի նմոյշներ։
«Մատենադարան» խորագրուած գիրքը լոյս տեսած է ռուսերէն, անգլերէն (Երեւան, 1962) եւ լեհերէն (Վարշաւիա, 1965)։ Յետմահու լոյս տեսած է «Հայ տպագրութեան նախապատմութիւն» աշխատութիւնը (2001)։
Վաստակաւոր հայագէտը իր մահկանացուն կնքած է Երեւանի մէջ, 14 Մայիս, 1998ին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)