PASTORING IN EXTRAORDINARY TIMES
The pastors and boards of trustees of all the parishes affiliated with the Eastern Prelacy are committed to supporting our community against the unprecedented threat posed by the coronavirus pandemic. We are sure that our elderly enjoy the love and care of their immediate family, but if they live alone and need help to buy food, medicine or other items, we urge them to call their local church.
Prelacy pastors will provide spiritual nourishment to our faithful with daily reflections that will be streamed on our website and Facebook page every day at noon (12:05 pm ET).
As Holy Liturgy and church services are being held behind closed doors and our religious education programs are suspended, we are pleased to report that:
- Rev. Fr. Nareg Terterian, pastor of St. Sarkis Church (Douglaston, New York), will be doing online Bible studies every Tuesday evening at 7:00 pm.
- Archdeacon Shant Kazanjian, the Director of AREC will conduct educational sessions on Exploring Tools for Prayer every Thursday evening at 7:00 pm, starting April 2.
We also inform you that the Salt & Light Youth Group has begun to hold its meetings online. We urge the youth of our parishes to take advantage of these technological resources and enthusiastically take part in these online gatherings and enjoy a spiritual renewal.
We are glad to inform you that Ms. Haigan Tcholakian (Michigan), has initiated a Children Bible Story time, every day 3:00-3.15pm. It will be shared on our Facebook page.
We all need to pray, without exceptions. Nevertheless, those who wish a personalized prayer may request it by emailing us at aghotk@armenianprelacy.org.
With God’s blessing, and the cooperation of all of us we will defeat this deadly calamity.
With fatherly love and prayerfully,
ARCHBISHOP ANOUSHAVAN
Prelate
Eastern United States
ՀՈՎԻՒ՝ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ
Այսու կը ծանուցանենք հաւատաւոր մեր ժողովուրդին որ Ազգային Առաջնորդարանի հովանին վայելող բոլոր ծուխերու հոգեւոր հովիւ ու հոգաբարձութիւնները, թագաձեւ ժահրի աննախընթաց սպառնալիքին դիմաց լծուած են ծառայութեան արշաւի: Վստահ ըլլալով հանդերձ որ առհասարակ մեր տարեց հայրերն ու մայրերը կը վայելեն իրենց անմիջական հարազատներուն սէրն ու գուրգուրանքը, այն պարագային որ անոնք առանձին կ՚ապրին եւ կարիքը ունին ուտեստեղէնի, դեղօրայքի եւ կամ այլ գնումի օժանդակութեան, թող բարեհաճին հեռաձայնել տեղւոյն եկեղեցւոյ:
Արեւելեան թեմի հոգեւոր հովիւները մեր բարեպաշտ ժողովուրդին պիտի մատակարարեն հոգեւոր սնունդ՝ առօրեայ խորհրդածութեամբ, որ պիտի սփռուի մեր կայքէջէն, ամէն օր ժամը 12:05ին: (Բոլոր ժամերը Արեւելեան ժամանակով են)։
Նկատի ունենալով որ Սուրբ Պատարագը եւ եկեղեցական արարողութիւնները դռնփակ տեղի կ՚ունենան եւ հոգեւոր դաստիարակութեան մեր յայտագիրները դադրած են տեղի ունենալէ, ուրախ ենք յայտնելու որ՝
ա) Արժանապատիւ Տ. Նարեկ քահանայ Թրթռեան, հովիւ՝ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), պիտի սկսի Սուրբ Գրքի սերտողութեան առցանց դասընթացքի՝ իւրաքանչիւր Երեքշաբթի, երեկոյեան ժամը 7:00ին:
բ) Բարեշնորհ Տ. Շանթ Ա. սարկաւագ Գազանճեան՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն, Ապրիլ 2ին պիտի սկսի դաստիարակչական նիւթեր ներկայացնել միասնաբար աղօթելու համար՝ իւրաքանչիւր Հինգշաբթի, երեկոյեան ժամը 7:00ին։
Կը յայտնենք նաեւ որ §Աղ ու Հաց¦՝ Salt and Light երիտասարդական խմբակցութիւնը սկսած է առցանց հաւաքներու: Կը քաջալերենք որ մեր շրջաններու բոլոր երիտասարդները, օգտուելով արհեստագիտութեան ընծայած սոյն բարիքէն, ամենայն խանդավառութեամբ մասնակցին այս հաւաքին եւ հաւատքով վերանորոգուին:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ օր. Հայկան Չոլաքեան (Միշիկըն) սկսած է աստուածաշնչական պատմութիւններու պահ մը՝ մանուկներու յատուկ, ամէն օր, ժամը 3:00-3:15ին։ Պիտի հեռասփռուի նաեւ մեր Դիմատետրի (Facebook) էջէն։
Առանց բացառութեան ամէնքս կարիքը ունինք աղօթքի: Այնուամենայնիւ, բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին առանձնակի աղօթք, թող բարեհաճին իրենց խնդրանքը ե-նամակով ուղարկել aghotk@armenianprelacy.org հասցէին:
Աստուծոյ օրհնութեամբ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան պատգամով եւ բոլորիս անվերապահ գործակցութեամբ պիտի յաղթահարենք մահասփիւռ այս աղէտին:
Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
Աղօթարար՝
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Առաջնորդ
ԱՄՆ Արեւելեան թեմի