The Example of St. Gregory the Illuminator
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԿԵԱՆՔԸ ԻԲՐԵՒ ՕՐԻՆԱԿ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանեայց եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, Մեծ Պահոց վեցերորդ կիրակին ծանօթ է Գալստեան Կիրակի անունով: Այս շաբաթավերջը հոգեւոր արթնութեան կրկնակի իմաստ ունի Հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար, որովհետեւ երէկ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի մուտն ի Վիրապի տօնն էր: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երանաշնորհ հայրապետներու կողմէ այս օրը նաեւ Ուխտի օր հռչակուած է ի պատիւ եւ ի յարգանս մեծ Սուրբին, որուն անունով սրբագործուած է Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր Տաճարը: Այսօր Կիլիկիոյ Հայրապետի անմիջական խնամքին տակ գտնուող բազմաչարչար Հայրապետին մասունքը այլ սուրբերու մասունքներու հետ սրբատուփէն դուրս բերուելով բարեպաշտ ժողովուրդին անմիջական յարգանքին առարկայ կ՚ըլլայ: Ուստի, այսօրուան հոգեւոր խորհդածութեանս նիւթը փոխան Սուրբ Գրքի՝ Մեծ Սուրբին աւետարանաշունչ կեանքէն կ՛ուզեմ վերցնել, հակիրճ կենսագրականէ մը ետք:
Գրիգոր, որ կը նշանակէ արթուն, հօրեղբօրորդին էր Տրդատ թագաւորին: Երկու զարմիկներ անմեղ զոհն էին Կայէնական սպաննութեան արարքին: Գրիգորի հայրը՝ Անակ, իր իսկ եղբայրը՝ Խոսրով թագաւորը դաւադրաբար սպաննած էր, որուն հետեւանքով այս պատուական գերդաստանի անդամները համարեա կը բնաջնջուին բացի Տրդատէն եւ իր քոյր Խոսրովիդուխտէն, ինչպէս նաեւ Գրիգորէն: Նախախնամութեան տնօրինումով նոյն երեքը՝ նախ հարազատ, ապա թշնամի, եւ ի վերջոյ գործակից, կը դառնան Թադէոս եւ Բարթողիմէոս Առաքեալներով քարոզուած եւ նահատակներու արեամբ ոռոգուած Հայաստան աշխարհի քրիստոնէացման երեք հիմնական դերակատարները: Պատմութեան բոլոր ծանօթները գիտեն, թէ Գրիգոր Տրդատ թագաւորի բանակին մէջ կը ծառայէ քարտուղարի հանգամանքով: Երբ Տրդատ յաղթական մուտք գործելով Հայաստան, կ՛ուզէ որ Անահիտ թագուհիի երախտագիտութեան զոհը Գրիգոր մատուցանէ, վերջինս կը մերժէ: Երբ երեւան կուգայ իր ինքնութիւնը՝ որպէս քրիստոնեայ, նաեւ զաւակը՝ Անակին, 12 ահաւոր չարչարանքներէ ետք ան կը նետուի խոր վիրապ, ուր ըստ աւանդութեան կ՛ապրի 13 տարի: Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութենէն ետք, երբ Տրդատ թագաւոր կը մատնուի մտային ու հոգեկան անբուժելի հիւանդութեան, եւ Խոսրովիդուխտի միջամտութեամբ կը ստուգուի որ Գրիգոր ողջ է, ան կը բերուի պալատ, կը բուժէ թագաւորը, եւ ահա՝ Նոյեան Տապանի հիւրընկալ Հայաստան աշխարհը նորափետուր կը զարդարուի, դառնալով ռահվիրայ առաջին Քրիստոնեայ պետութիւնը:
Պատմաբաններ ու բանասէրներ երկար վիճած են Գրիգորի Վիրապ նետուելու ե՛ւ թուականին ե՛ւ տեւողութեան մասին: Սակայն ինչ ալ ըլլայ արդիւնքը, 13 տարի, կամ 13 ամիս, թէկուզ 13 օր, պէտք է մտաբերենք որ Խոր Վիրապը մեր այսօրուան մաքուր ու լուսաւոր սենեակը չէր ուր Գրիգոր նետուեցաւ, այլ՝ հայրենիքի բարձրագոյն դաւաճանութեամբ ամբաստանուածներու չարչարանավայրն էր, ուր օձեր ու կարիճներ յագուրդ տալով իրենց բնական ախորժակին, վայրկեան առ վայրկեան դժոխային տանջանքներու կը մատնէին ենթական, այս պարագային՝ Գրիգորը: Ահա թէ ինչու նոյնիսկ 13 ժամ՝ նման մահաբեր ու թունալից ընկերակիցներ ունենալէ ետք ապրիլը ինքնին հրաշք էր: Եւ այդ հրաշքի վկաները մե՛նք ենք այսօր 1700 տարիներ ետք:
Սուրբին ամփոփ վարքէն ետք, այժմ երեք կէտերով կ՚ուզեմ անդրադառնալ սրբութեան եւ սուրբի հասկացողութեան մասին: Առաջին. Սրբութիւնը քիմիական յատուկ բաղադրութեան մը արդիւնքը չէ, ո՛չ ալ դասակարգի մը առանձնաշնորհումը, նաեւ՝ մարդակեդրոն վիճակ մը չէ, այլ զԱստուած ցոլացնող ապրելակերպ է կեանքի բոլոր պարագաներուն: Բոլոր Սուրբերու նման Գրիգոր Լուսաւորիչ եւս մայրական արգանդէ ծնած էր ամէնքիս պէս, ունենալով տարաբախտ մանկութիւն մը: Քրիստոսի խօսքին համաձայն, թէ «Մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ Սուրբ Հոգիէն ծնածը՝ հոգի» (Յհ. Գ.6), ան գիտակից յանձնառութեամբ վերածնելով՝ աստուածային սրբութեան տաճար դարձած էր: Այս հասկացողութեամբ Սուրբը Աստուծոյ պատկանող, եւ Աստուծոյ առաքելութեան յանձնառու անօթ է, միշտ ծառայելու Աստուծոյ փառքին համար:
Երկրորդ. Սուրբը կեանքի վերիվայրումներէն զերծ չէ, այլ աշխարհի մէջ ապրող եւ աշխարհի մարտահրաւէրները Աստուածակեդրոն անհատականութեամբ դիմագրաւող անձն է, շատ յաճախ աւելի ենթակայ յարձակումներու, քան ուրիշներ: Արդարեւ, մարզական կեանքին մէջ եւս ամէնքս լաւ գիտենք թէ ինչպէս լաւագոյն խաղացողները աւելի ենթակայ կ՚ըլլան հակառակորդ խումբի խաղացողներու յարձակումներուն: Ուստի, սուրբը երբ նեղութեան մէջէն անցնի Պօղոս Առաքեալի նման կ՛ըսէ.- «Ոչինչ կրնայ մեզ բաժնել Քրիստոսի սէրէն. ո՛չնեղութիւնը, ո՛չ անձկութիւնը, ո՛չ մերկութիւնը, եւ ոչ մէկ այլ վտանգ» (Հռ 8.35)։
Երրորդ. ինչպէս վերեւ յիշեցի, Գրիգոր կը նշանակէ Արթուն: Արթուն՝ կեանքի բոլոր պարագաներուն: Արդարեւ, պատմութիւնն իսկ կր սորվեցնէ մեզի որ յաղթութիւն արձանագրած բանակներ իրենց յաղթութենէն գինովցած երբ անհոգութեան յանձնուած են, իրենց գերեզմանը բացած են: Չմոռնանք որ Սատանան քողարկուած փորձութեամբ ուզեց ներգրաւել նոյնիսկ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, սակայն ձախողեցաւ: Կը պատմուի թէ սրբակեաց վանականի մը սնարին մօտ կրօնաւորները երբ երանի կուտան իրեն որ շուտով Քրիստոսի պիտի միանայ, ան կը զգուշացնէ զանոնք ըսելով՝ այնքան ատեն որ դեռ վրաս շունչ կայ, զգո՜յշ, փորձիչէն: Այո՛, Սուրբը ան է որ Աստուծմով արթուն եւ գերզգայուն կ՚ըլլայ, եւ կը զանազանէ ո՛չ միայն երկրաւոր այլ յաւերժական իսկական ընտիրը, բարին ու օգտակարը:
Այս հասկացողութեամբ, սիրելիներ, երբ այսօր համայն մարդկութիւնը, ընդ որս եւ աշխարհացրիւ Հայ ժողովուրդը, կ՛ապրի Խոր վիրապային ահաւոր սարսափի, մտալլկումի , անորոշութեան ժամանակաշրջան մը՝ թագաձեւ ժահրին ստեղծած անտեղիտալի եւ անյագուրդ սպառնալիքին դիմաց, ըլլալով հանդերձ հողէ ու կաւէ ստեղծուած փխրուն արարածներ՝ առաջին հերթին չմոռնանք մեր իսկական ինքնութիւնը, որ Աստուծոյ անմահ շունչով, սրբութեամբ ու զօրութեամբ պարուրուած էակներ ենք: Աստուածային իմաստութիւնը միախառնելով երկրաւոր իշխանութեանց եւ հաստատութեանց ցուցմունքներուն՝ գիտակից զգուշութեամբ ապրինք, առանց գանգատելու: Եթէ նոյնիսկ տան մէջ ազատ բանտարկութեան ենթարկուած ենք, առանց տրտունջի յիշենք Վիրապի մէջ մեծ սուրբը, եւ մեր ներկայ պայմաններուն մէջ պիտի օգտուինք իր օրինակէն:
Երկրորդ. Մեր Տէրը եւ իրեն հետեւող բոլոր սուրբերը ըմպեցին դառնութեան բաժակը: Քրիստոնեայ ըլլալ չի՛ նշանակեր զերծ ըլլալ աղէտաբեր մահաշունչ քամիներէ: Նեղութիւնը, չարչարանքը մեզ պէտք չէ յուսալքեն եւ իրարանցումի մատնեն, այլ ընդհակառակը, պէտք է զանոնք գործածենք աստուածապարգեւ մեր ներքին կարողութիւնները կատարելագործելու համար, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ Հռոմէացւոց թուղթին մէջ կ՚ըսէ.- «նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կուտան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝յոյս. իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սիրտերուն մէջ, մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ» (Հռ. 5.3-5)։
Երրորդ. Գրիգոր Լուսաւորչի անունն իսկ կը պատգամէ մեզի որ արթուն պէտք է ըլլանք: Արթուն չի նշանակեր բաց ըլլալ միայն աչքով, այլ մտքով ու հոգիով: Ըլլա՛լ միշտ զգաստ ու խոհեմ, որովհետեւ ժամանակները իրաւ որ չար են, ո՛չ միայն թագաձեւ ժահրի պատճառաւ, այլ թունաբեր բազմազան մանրէներով: Արդարեւ, 20-21րդ դար անցնող ընկերութիւնը տարբեր գաւառներու մէջ արձանագրած իր աննախընթաց յաջողութիւններէն յղփացած, անզգալաբար անդունդ սկսած էր առաջնորդուիլ՝ արժէքներու վերիվայրումներով, նորանոր աստուածներու պաշտամունքով եւ մասամբ նոցին: Ահա թէ ինչու խորհրդածութիւնս կ՛ուզեմ փակել մեծ աղօթասաց՝ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի բառերով, որ կ՛րսէ. «Արթնցէք, ո՛վ նոր ժողովուրդ, արթնցէք, նոր երգ երգելով Նորոգողին. ալէլուիա»։
Սիրելիներ, մեր աղօթքներուն մէջ չմոռնանք յիշել այս անտեսանելի աշխարհամարտի առաջին գծին վրայ հերոսաբար մաքառող բժիշկները, հիւանդապահներն ու առողջապահական կազմերը, մեր սննդանիւթերն ու ապահովութիւնը հայթայթողները, գիտական շրջանակի հետազօտողներն ու զանոնք քաջալերող պետական շրջանակներն ու կազմակերպութիւնները: Վստահ որ Աստուծոյ օրհնութեամբ մեր աղօթքներն ու փնտռտուքները պիտի պսակուին յաջողութեամբ, եւ մենք դուրս պիտի գանք մահուան այս ահաւոր ձորէն, «Զի Աստուած ընդ մեզ է – Աստուած մեր հետ է»: