Florence Avakian Thank You Banquet
ՖԼՈՐԱՆՍ ԱՒԱԳԵԱՆ
Երախտապարտութեան այս եղանակին, Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, 17 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ տօնական ու ներշնչող ձեռնարկ մը՝ Ազգ. Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ։ Անոր տօնական բնոյթը զուգընթաց էր անոր լրջութեան՝ ապագայ յանձնառութեան նկատմամբ։
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր բոլոր ծխականներուն, որոնք հաւատարմօրէն մեզի զօրավիգ կանգնած են վերջին վեց տասնամեակներուն, օգնելով որ իրագործենք մեր ծառայութեան առաքելութիւնը՝ հայութեան բարօրութեան ի խնդիր, Ամերիկայի մէջ, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի», ըսաւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։
Ահա այս էր Ազգային Առաջնորդարանի առաջին «Գոհաբանութեան Ճաշկերոյթ»ի հիմնական նիւթը։ Այս յատուկ ձեռնարկը մեծարեց «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան «25 + 1 տարեդարձ»ը՝ Ֆլաշինկի (Նիւ Եորք) Terrace on the Park համալիրի մէջ։ Ան կը յաջորդէր Գոհաբանութեան Ս. Պատարագին, զոր մատուցած էր Անուշաւան Սրբազան Հայրը Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։
Այս չափազանց գնահատելի առաքելութիւնը՝ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան, որ կը կրէ անունը մեր Եկեղեցւոյ պատմութեան յայտնի դէմքերէն մէկուն՝ Ներսէս Մեծ կաթողիկոսի (353-373), իր ծագումը ունեցած էր 31 տարի առաջ՝ 1988ի երկրաշարժէն ետք, օրուան Առաջնորդ՝ Մեսրոպ արք. Աշճեանի գլխաւորութեամբ․ անոր առաջնահերթութիւնը՝ երկրաշարժի վերապրողներուն անմիջական օգնութիւն հասցնելն էր։ Շուտով որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը երեւան եկաւ իբրեւ առաջնահերթութիւն՝ հազարաւոր մանուկներու նպաստելով։ Օշական արք. Չօլոյեանի առաջնորդութեան ընթացքին, «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը երեւանեան սեփական գրասենեակով օժտուեցաւ։
Ծրագիրնեըը մեծապէս ընդարձակուած են, ու այժմ կ՚ընդգրկեն որբանոցներ, դպրոցներ, կրթաթոշակներ, տարեցներ, հաշմանդամ զինուորներ եւ ամառնային ճամբար մը։
Ճաշկերոյթէն առաջ, շուրջ 200 մասնակիցներ խանդավառ մթնոլորտի մէջ զիրար ողջունեցին շքեղ հիւրասիրութեան ընթացքին, նորոգելով իրենց ծանօթութիւնը եւ նոր բարեկամութիւններ ստեղծելով։
Յայտագրի բացումին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի խորհրդածութենէն ետք, առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան, կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը։
Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Ճէք Մարտոյեան, որպէս ձեռնարկին հանդիսավար, ջերմօրէն ողջունեց ներկաները, իսկ կազմակերպիչ յանձնախումբի ժրաջան ատենապետուհին՝ Սիւզըն Չթճեան-Էրիքսըն, իր գնահատանքը յայտնեց յանձնախումբի անդամներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարած էին ձեռնարկի իրագործման։
Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿի մշտական ներկայացուցիչ՝ դեսպան Մհեր Մարգարեան, շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Հայրենիքի խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայաստան որբերուն հանդէպ Ազգային Առաջնորդարանին ցուցաբերած նուիրումին եւ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան միւս ծրագիրներուն համար։
ՄԵՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ԵՆՔ
Գլխաւոր բանախօսը՝ դոկտ. Հրանտ Մարգարեան, նշեց. «Մենք՝ հայերս, զիրար լաւ կը ճանչնանք։ Նոյն տեսակն ենք։ Հայ իրականութիւնն ենք»։ Այս բառերը բացատրելով, ան յայտնեց, թէ հայերս Հայաստանի մաս կը կազմենք իր յատուկ ոգիով, «իր հայութեամբ եւ մեր կազմակերպութիւններով։ Բոլոր այս տարրերը իրարու միաձուլուած են»։ Բանախօսը աւելցուց. «Եւ ահա թէ ի՛նչ կը նշանակէ մեր ներկայութիւնը այսօր։ Այս գիտակցութիւնն է, որ մղած է Առաջնորդարանը՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանի ղեկավարութեամբ, «Մեծն Ներսէս»ը հաստատելու։ Միեւնոյն գիտակցութիւնը մղած է իրերայաջորդ առաջնորդները՝ Օշական եւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսները, գործունէութիւնը շարունակելու»։ Հայաստանի որբերու ծրագիրը առաջնահերթութիւն կոչելով, ան զանոնք կոչեց «զինուորները, որոնք դարձած են ղեկավարներ։ Որբերը ապագան են։ Միայն անոնց միջոցով մեր Հայաստանն ու մեր ապագան պիտի ունենանք»։
Հոգեցունց տեսերիզ մը ներկայացուց Ազգ. Առաջնորդարանի եւ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան հովանաւորած բազմաթիւ ծրագիրները։ Արցախեան պատերազմը պատճառ եղած էր, որ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեան հիմնէ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը։
ՈՒԺԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ
Որբերու հովանաւորութիւնը, որ հաստատած է 1993ին, սկզբնապէս օժանդակած է զոհուած Արցախի ազատամարտիկներու զաւակներուն։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս իր սիրտի խօսքը ըսաւ «հազարաւոր քաջարի ազատամարտիկներուն» մասին։
Անցնող 26 տարիներուն, անհատ նուիրատուներու նիւթական օժանդակութեամբ, 2500 մանուկներ ամսական յատկացում մը ստացած են տարիներու ընթացքին, եւ ներկայիս 700 մանուկներ կը շարունակեն օգնութիւն ստանալ։
«Ուրախ ընտանիք» ծրագիրը, որ կ՚օգնէ արցախեան պատերազմի հաշմանդամ վեթերաններուն, 2008ին սկսած էր՝ այժմ հանգուցեալ Սարգիս Արսլանեանի եւ իր ընտանիքի ջանքերով, եւ ներկայիս կ՚ընդգրկէ 15 ընտանիքներ։
Նուպարաշէնի մանկատունը՝ Հայաստանի Կրթութեան նախարարութեան հսկողութեան տան, մտային ու ֆիզիքական անկարողութիւն ունեցող երեխաներու պատսպարան մըն է։ 2004ին Ազգ. Առաջնորդարանը յիսնամեայ շէնքի ծաւալուն վերանորոգման ծրագիր մը սկսաւ իրագործել՝ բարերար Էտուըրտ Մելքոնեանի հաստատած հիմնադրամին միջոցով։
«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը լայն վերանորոգման ենթարկած է Երեւանի Եդուարդ Պոյաճեանի անուան դպրոցը, որ անկախութենէն ետք՝ լիբանանահայ բանաստեղծ ու արձակագիր Եդ. Պոյաճեանին (1915-1966) ի պատիւ վերակոչուած էր իր անունով։
Վերջին տասնամեակին, Արժ. Տ. Արամ Ա. քհնյ. Ստեփանեանի կողմէ կազմակերպուած ու ղեկավարուած՝ որբերու համար ամառնային ճամբարը կը ծաղկի՝ բազմաթիւ նուիրատուներու եւ Ազգ. Առաջնորդարանի ծուխերու նուիրատուութեամբ։
Երեւանի Նոր Մալաթիա թաղամասին մէջ, «Տաթեւ» երաժշտական դպրոցը անվճար երաժշտական կրթութիւն կը հայթայթէ շուրջ 40 պատանիներու։ Շատ մը օժտեալ աշակերտներ իրենց կրթութիւնը անկէ ետք կը շարունակեն պետական երաժշտանոցներու մէջ։
Ութսուն համայնքներու մէջ, որբեր, տարեցներ եւ կարիքաւոր ընտանիքներ սնունդ, դեղ եւ հագուստ կը ստանան տարբեր բարեգործական կազմակերպութիւններու նուիրատուութեամբ, շնորհիւ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան բաշխումի աշխատանքին։
Հանդիսատեսները հաճոյքով ողջունեցին խումբ մը տաղանդաւոր երիտասարդ երաժիշտներ, որոնք քով-քովի եկած էին Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի քաջալերանքով․- Քարինա Վարդանեան եւ Անահիտ Ինճիկիւլեան՝ կատարեցին ամերիկեան եւ հայկական օրհներգերը, ինչպէս եւ երկու սիրուած երգեր՝ Կոմիտաս Վարդապետի «Չինար ես» (Վարդանեան) եւ Աշոտ Սաթեանի «Ես իմ անոյշ Հայաստանի» (Ինճիկիւլեան)։ Ջութակահար Արէն Առաքելեան՝ Կոմիտասէն եղանակներու փունջ մը նուագեց, եւ Սիրան Չորպաճեան՝ երգեց «Քելէ, քելէ» (Կոմիտաս) եւ «Պճինկօ» (Չիթունի)։
ԱՃՈՂ ԿԱՆԱՉ ԾԻԼԵՐ
Օրուան հանդիսավար Ճէք Մարտոյեան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց իր պատգամը տալու՝ զինք նմանցնելով «կանաչ ծիլերու, որոնք կ՚աճին ու կը բարձրանան, եւ կը սորվեցնեն»։
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներշնչումով արտայայտուելով՝ յափշտակութեամբ հետեւող լսարանի մը առջեւ, իր գնահատանքը արտայայտեց բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ անձերուն, որոնք միասնաբար կարելի դարձուցած էին այս խորիմաստ ձեռնարկը «իրենց տաղանդով, ոգիով, սրտով եւ նուէրներով»։
Իր հայերէն ու անգլերէն սրտաբուխ խօսքին մէջ, ան ընդգծեց, որ թէեւ դրամահաւաքի այլ ձեռնարկներ շատ եղած են, սակայն «շնորհակալութիւն յայտնելու» կոչուած այս ճաշկերոյթը առաջինն է իր տեսակին մէջ։
«Իբրեւ Արեւելեան թեմի հինգերորդ առաջնորդ, երախտապարտ եմ բոլոր անոնց, որոնք ինծի, ինչպէս նաեւ թեմի Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան ուղեցոյց հանդիսացած են՝ այս Գոհաբանութեան ձեռնարկին հաստատման մէջ։ Յոյս ունիմ, որ աւանդութիւն պիտի դառնայ՝ մեր Առաջնորդարանի բոլոր բաղադրիչ տարրերուն երախտագիտութիւն յայտնելու», ըսաւ Սրբազան Հայրը իր սովորական համեստութեամբ։
«Այս իւրայատուկ տարեդարձին, շնորհակալ եմ մեր բոլոր մեծ թէ փոքր հովանաւորներէն, որոնց նուիրատուութիւններն ու ծառայութիւնները 1988ի երկրաշարժէն ետք սրբեցին որբերուն արցունքները, թեթեւցուցին այրիներու սրտի ցաւերը եւ յոյսով լեցուցին հազարաւոր ընտանիքներու հոգիները։ Փաստօրէն, այս սիրոյ արարքով ո՛չ միայն կ՚օգնենք որբերու, այլ աւելի՛ն՝ մեր տուրքը կը վճարենք մեր ազատամարտիկներուն, որոնք թափեցին իրենց արիւնը»։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ իր երախտապարտութեան խօսքը ուղղեց Առաջնորդարանի անձնակազմին եւ կամաւորներուն, ու պատմեց, թէ ինչպէ՛ս զանազան անձեր իրենց գործի ժամերէն ետք երկար ժամեր տրամադրած էին՝ տասնամեակներու ընթացքին Առաջնորդարանի անհաշիւ ծրագիրներուն անհրաժեշտ աշխատանքը վերջացնելու համար։
Աւարտելով իր խօսքերը, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ըսաւ՝ յոտնկայս ծափահարութիւններու մէջ. «Դուք բոլորդ իմ սրտիս մէջ էք։ Կը ծառայենք ուրախութեամբ, սրտով ու սիրով, մեր աչքերը յառած Արարատին»։
Օրհնութենէն ետք, ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա», որմէ ետք զանազան մասնակիցներ իրենց զգացումները արտայայտեցին։ Իքա Գույումճեանի համար, երիտասարդներու լայն թիւով մասնակցութիւնը «օրհնութիւն մըն էր»։ Երիտասարդ երաժիշտ Սիրան Չորպաճեան «աւելի մօտ զգաց եկեղեցւոյ» եւ յոյս յայտնեց աւելի մասնակցութիւն ունենալու։ Ամերիկահայ Բժշկական Կազմակերպութեան հոգաբարձութեան փոխնախագահ տոքթ. Արթըր Գուպիքեան, նշեց, թէ «գնահատումը ամենաբարձր դրական զգացումն է։ Պէտք է շարունակենք օգնել Հայաստանի հայերուն»։ Ռոլընտ Թէլֆէեան «հիացած էր բոլորը միասին տեսնելով այս ճիգին մէջ՝ Հայաստանի մէջ կարիքաւոր երեխաներու աջակցելու», իսկ Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ սարկաւագ Ճոն Տաղլեան խորապէս երախտապարտ էր «վերջին տասնամեակներուն Առաջնորդարանի ունեցած յառաջդիմութեան՝ նման արժանի նպատակներու ի խնդիր»։
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԳՐՔՈՅԿ
Այս առիթով պատրաստուած գրքոյկը ցուցակագրած է որբերու այն հովանաւորներուն անունները, որոնք ծրագրի սկզբնաւորութենէն՝ 1993էն ի վեր ստանձնած իրենց յանձնառութիւնը պահած են անխափան կերպով։ Երկրորդ ցանկ մը կը ներկայացնէ անցեալ 26 տարիներուն ընթացքին ծրագրին իրենց մասնակցութիւնը բերած բոլոր հովանաւորներուն անունները։
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Արեւելեան թեմի եկեղեցականներու խումբ մը։ Ձախէն աջ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան եւ երէցկին Օժէն Լագիսեան, երէցկին Անի Թրթռեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեան, Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան, Արժ. Տ. Վահան քհնյ. Գույումճեան եւ երէցկին Մակի Գույումճեան։
|
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ երիտասարդ ու տաղանդաւոր կատարողները։ Ձախէն աջ՝ Քարինա Վարդանեան, Սիրան Չորպաճեան, Անուշաւան Սրբազան Հայր, Անահիտ Ինճիկիւլեան եւ Արէն Առաքելեան։
|
In this season of giving thanks, a celebratory and inspiring event initiated by the Eastern Prelate Archbishop Anoushavan Tanielian, and organized by the Eastern Prelacy took place on Sunday afternoon, November 17. It was joyfully festive, as well as significantly serious in its dedication to future commitments.
“We thank all our parishioners who have faithfully supported us over the last six decades in helping us to achieve our mission of service for the welfare of the Armenian community at home, in the diaspora and in the homeland”, said the Prelate.
This was the powerful theme of the Eastern Prelacy’s first annual Thanksgiving banquet. This special event honored the “St. Nerses the Great Charitable and Social Organization’s 25 plus One Anniversary” at Flushing, New York’s Terrace on the Park. It followed a Thanksgiving Divine Liturgy celebrated by Archbishop Anoushavan at St. Sarkis Armenian Church in Douglaston, New York.
This invaluable mission, the St. Nerses the Great Charitable and Social Organization (Medsn Nerses) named for Catholicos Nerses the Great (373 A.D.), had actually begun 31 years ago right after the 1988 catastrophic earthquake under the direction of then Prelate Archbishop Mesrob Ashjian, with its priority being to provide immediate help for earthquake survivors. Soon thereafter the Orphan Sponsorship Program emerged as a priority benefitting thousands of children. During the tenure of Archbishop Oshagan Choloyan, Medsn Nerses was expanded with a new office in Yerevan.
The programs have grown and blossomed greatly, and now also include aid to orphanages, schools, students, the elderly, disabled servicemen, and a summer camp.
Before the banquet, held in the elegant flower-decorated ballroom, close to 200 attendees enthusiastically greeted each other during a sumptuous reception, renewing acquaintances, and making new friends.
Opening the banquet program, Archbishop Anoushavan offered a meditative invocation, after which the Pontifical Message of His Holiness Aram I, Catholicos of the Great House of Cilicia, was read by the Vicar of the Prelacy, Very Rev. Fr. Sahag Yemishian.
Master of Ceremonies Jack Mardoian, Chairman of the Prelacy Executive Council, warmly welcomed the crowd, and hard-working Banquet Chairwoman Susan Chitjian Erickson expressed appreciation to the committee members and all who had made this event possible.
Armenia’s Ambassador to the United Nations, Mher Margaryan, congratulated the Prelate, and expressed the Motherland’s deep appreciation for the Prelacy’s devotion to Armenia’s orphans and the other programs supported by the St. Nerses the Great Charity Organization.
We Are Hayasdan
Keynote speaker Dr. Herand Markarian, always a unique thinker, stated, “We Armenians know each other well. We are the same class, something big. We are Armenian reality.”
Explaining these words, he defined the thought saying that we Armenians are part of Hayasdan with its special spirit, with its “hayoutiune, and with our organizations. And all these elements are merged together,” he explained.
“And that is what our presence today means. It is this awareness that led the Prelacy, under the leadership of the late Archbishop Mesrob Ashjian of blessed memory, to establish Medsn Nerses. The same awareness led the subsequent prelates Archbishops Oshagan and Anoushavan to continue the task.”
Calling the orphan program a priority, he referred to them as the “soldiers who have become leaders. The orphans are the future. Only through them will we have our Armenia and our future.“
A soul-searing video was shown that revealed the many programs that are sponsored by the Prelacy and the St. Nerses the Great Charity. The Artsakh war that resulted in 30,000 Armenian casualties and 300,000 homeless was an impetus that led Archbishop Mesrob Ashjian to expand the scope of Medsn Nerses.
Powerful Programs
The Orphan Sponsorship Program was established in 1993 to help the young children of fallen Artsakh fighters. His Eminence paid special tribute to the “thousands of courageous freedom fighters. The program today provides monthly stipends for all orphaned children in need.
During the past 26 years, this mission has been financed through individual sponsors, during which time more than 2,500 children have received a monthly stipend. Currently 700 youngsters are being helped.
The Happy Family program was begun in 2008 by Sarkis Arslanian and his family to help the families of disabled Artsakh veterans. Currently the program supports fifteen families.
The Noubarashen Home for Children supervised by Armenia’s Ministry of Education, provides a home for children with mental and physical disabilities. The Prelacy in 2004 began an extensive renovation of the 50-year old building through an endowment fund established by benefactor Edward Melconian.
The Yetvart Boyajian School, named in honor of the acclaimed diasporan writer and poet Yetvart Boyajian, was established soon after Armenia’s independence, and has been renovated extensively by the Medsn Nerses Organization.
In the last ten years, a Summer Camp for Orphans, organized and directed by Archpriest Fr. Aram Stepanian, flourishes through the donations of many donors as well as the parishes of the Eastern Prelacy.
And in the very needy Nor Malatya area of Yerevan, the Datev Music School provides some 40 youngsters with music education free of charge. Many of the talented students go on to the Yerevan State Conservatory to continue their education.
And in 80 communities, orphaned children, the elderly and needy families receive nutritional supplements, medicine, and new clothing, donated by a group of charities, and distributed by the St. Nerses the Great organization.
Young Talent
To the delight of the audience, the program continued with a group of young talented musicians who had been encouraged by the Prelate, and the Banquet Committee to participate. They included Karina Vartanian and Anahid Indzhigulyan who proudly sang both the American and Armenian national anthems opening the program, as well two beloved songs – Gomidas’ “Chinar Es” by Vartanian, and “Yes Im Anoush Hayasdani” sung by Indzhigulyan. Two other talents were violinist Aren Arakelian musically playing a Gomidas medley, and Siran Tchorbajian singing a heartfelt “Kele Kele” by Gomidas, and “Bjingo” by Chituni.
Green Sprouts Shooting Out
In his introduction of the Prelate, Jack Mardoian likened Anoushavan Srpazan to “green sprouts shooting and reaching out, and teaching us.”
The Prelate in his inspiring address before a spellbound audience, expressed his appreciation to all the organizations and people who joined and came together for this worthy event with their “talent, spirit, heart and donations.”
Speaking spontaneously in Armenian and English with heartfelt passion, he emphasized that though there have been other fundraising events, this “thank you” banquet is the first of its kind.
“As the fifth Prelate of the Eastern Prelacy, I am grateful to all who have guided me, as well as the Prelacy’s Religious and Executive Counsels in establishing this Thanksgiving event. I hope it will grow into a tradition to annually thank all the components of our Prelacy,” he said with his typical humility.
“And on this special anniversary, I thank all of our sponsors, both minor and major, whose donations and services after the 1988 earthquake eliminated the tears of the orphans, relieved the pain from the hearts of the widows, and filled the spirit of thousands of families with hope. As a matter of fact, through this action in love we are not just helping orphans, but rather we are paying our tribute to our freedom fighters, whose blood was shed.”
The Prelate also paid tribute to the staff and volunteers of the Prelacy, and related how groups had stayed long hours after their work hours had been completed, to finish the work needed for all the countless projects sponsored by the Prelacy over the decades.
Concluding his remarks, the Archbishop said, “I have you all in my heart. We serve with joy, heart and love, and our eyes gaze at Mt. Ararat,” Srpazan declared to a long-standing ovation.
Following the Benediction, the audience joined together, singing “Giligia,” after which several attendees voiced their feelings.
For Ica Kouyoumjian, the participation of a large number of young people “was a blessing.”
Young musician Siran Tchorbajian “felt more connected to the church and looked forward to getting more involved.”
Dr. Arthur Kubikian, AAHPO Board of Directors Vice President, shared the feeling that “appreciation is the highest positive emotion. We have to continue helping those in Armenia.”
Roland Telfeyan was “delighted to see everyone unified in this effort to contribute and support needy children in Armenia and in all our communities.”
And John Daghlian, Deacon of the St. Stephen’s Church in Watertown, was deeply grateful for “all the progress that the Prelacy has achieved during the last several decades for such worthy causes.”
Booklet Acknowledges Sponsors
The Booklet that was prepared for this occasion listed the names of orphan sponsors who have continued their commitment from the beginning of the program in 1993 to the present. Another list acknowledges the names of every orphan sponsor who participated for any length of time during the past 26 years.
His Eminence Archbishop Anoushavan joined by clergy members of the Eastern Prelacy. From left to right: Rev. Fr. Mesrob Lakissian and Yn. Ojeen Lakissian, Yn. Annie Terterian and Rev. Fr. Nareg Terterian, Archbishop Anoushavan, Very Rev. Fr. Sahag Yemishian, Rev. Fr. Vahan Kouyoumdjian and Yn. Maggie Kouyoumdjian.
|
Archbishop Anoushavan stands alongside the talented performers of the “Giving Thanks” banquet. From left to right: Ms. Karina Vartanian, Ms. Siran Tchorbajian, Archbishop Anoushavan, Ms. Anahid Indzhigulyan, and Mr. Aren Arakelian.
|