Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԵՂԻՇԷ ԹԱԴԷՈՍԵԱՆ (ծնունդ՝ 24 Սեպտեմբեր, 1870)

Կոմիտասի այս յայտնի նկարին հեղինակը՝ Եղիշէ Թադէոսեան, անցեալ դարասկիզբի ծանօթ նկարիչներէն եղած է եւ Վրաստանի Գեղարուեստական Ակադեմիայի հիմնադիրներէն մէկը։
Ծնած է Վաղարշապատ, 24 Սեպտեմբեր, 1870ին։ 1879-1894 թուականներուն ուսումը ստացած է Թիֆլիսի «Տէր Յակոբեան» գիշերօթիկ դպրոցին մէջ, ապա՝ Մոսկուայի «Լազարեան» ճեմարանը եւ գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ուսումնարանին մէջ։ 1894-1895ին դասաւանդելէ ետք Ս. Էջմիածնի «Գէորգեան» ճեմարանին մէջ, վերադարձած է Մոսկուա։
1896ին մասնակցած է «Շրջիկներ»ու (Գեղարուեստական շրջիկ ցուցահանդէսներու ընկերութիւն) 24րդ ցուցահանդէսին, իսկ 1898ին՝ Մոսկուայի արուեստագէտներու ընկերութեան մրցոյթին, ուր անոր 1896ին ստեղծած նկարները՝ «Կէսօրեայ ճաշ» եւ «Քարոզ ուղղադաւաններին», մրցանակներու արժանացած են։ 1898ին Պաղեստին մեկնած է իր ուսուցիչին՝ ռուս նկարիչ Վասիլի Պոլենովի հետ։ Այնուհետեւ, գրեթէ ամէն տարի ճամբորդած է Մերձաւոր Արեւելք ու Եւրոպայի երկիրներ (մինչեւ 1914), Ռուսաստանի եւ Հայաստանի մէջ, ստեղծելով շարք մը գործեր։
1901ին Թադէոսեան բնակութիւն հաստատած է Թիֆլիսի մէջ, մասնակցելով տեղական եւ ռուսական ցուցահանդէսներուն։ 1916ին մասնակցած է Թիֆլիսի Հայ Արուեստագէտներու Միութեան ստեղծումին, որուն նախագահը ընտրուած է, եւ 1921ին կազմակերպած է միութեան ցուցահանդէսը Երեւանի մէջ, մասնակցելով նաեւ Թիֆլիսի «Հայարտուն» մշակութային կեդրոնի աշխատանքներուն։ 1923ին Վրաստանի Գեղարուեստական Ակադեմիայի հիմնադիրներէն ու առաջին դասախօսներէն մէկը եղած է։
Թադէոսեան աշխատած է կերպարուեստի գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ։ Առաջին իսկ գործերուն մէջ արտայայտուած է գոյներու խոր զգացողութիւնը, ամուր գծանկարը եւ աշխատանքի բարձր մակարդակը։ Անոր բնանկարները՝ «Կոմիտասը Էջմիածնի լճի մօտ» (1893), «Մեր փողոցը Վաղարշապատում» (1921), եւ այլն, երբեմն կը ներառնեն մեծ կամ փոքր նիւթեր։ Մեծ վարպետութեամբ պատկերած է Ալեքսանդր Շիրվանզադէի (1929), Յովհաննէս Թումանեանի (1933), Կոմիտասի (1935) եւ այլ դիմանկարներ։ Հայ գիւղը, կենցաղը եւ գեղջկական կերպարները կարեւոր տեղ ունին անոր արուեստին մէջ։ Նկարիչը իր շարք մը գործերուն մէջ անդրադարձած է հայկական կոտորածներուն, պանդխտութեան նիւթերուն, հայ ժողովուրդի անցեալին եւ աւանդութիւններուն, հին հայկական յուշարձաններուն։  Ան նաեւ արտադրած է կրօնական նիւթերով գործեր, ինչպէս «Սիսարայի մահը» (1893), «Հանճարը եւ ամբոխը» (1909), «Տիրամայր» (1917) եւ «Քրիստոսը եւ փարիսեցիները» (1919)։
Թադէոսեան 1935ին արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչի տիտղոսին։ Ան իր մահկանացուն կնքած է Թիֆլիսի մէջ, 22 Յունուար, 1936ին։ Թաղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնը, Երեւանի մէջ։ Անոր գործերը պահպանուած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահին, Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի, Մոսկուայի Արեւելքի ժողովուրդներու արուեստի պետական եւ այլ թանգարաններու մէջ։
Թադէոսեանի անունը կը կրեն Երեւանի մէկ փողոցը եւ Էջմիածնի Գեղարուեստի դպրոցը:
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)