Ծնած է Մարսէյլ, 5 Հոկտեմբեր 1935ին։ 1946ին, հազիւ 11ամեայ, ջութակի առաջին մրցանակը շահած է Մարսէյլի երաժշտանոցին մէջ։ Նոյն տարին, իր առաջին մենահամերգը տուած է։ 1947ին ընտանիքով ներգաղթած է Հայաստան եւ իր ուսումը շարունակած է Երեւանի մէջ, նախ՝ հօր հետ, ապա՝ Կարպ Տոմպաեւի հետ, Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ (1954-1958), եւ վերջապէս՝ Մոսկուայի երաժշտանցին մէջ, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1960ին։Նոյն երաժշտանոցին մէջ, աւարտելէ ետք ուսումը շարունակած է աշխարհահռչակ ջութակահար Դաւիթ Օյսթրախի հետ։ Յաղթական հանդիսացած ջութակի միջազգային մրցոյթներու, ինչպէս Փրակայի գարունը (1956), Չայկովսկիի անուան մրցոյթը (Մոսկուա, 1963) եւ Էլիզապէթ թագուհիի անուան մրցոյթը (Պրիւքսէլ, 1963)։ Նաեւ ստացած առաջին Մեծ Մրցանակը Փարիզի Լոնկ-Թիպօ մրցոյթին մէջ (1961)։ 1964-1979ին, Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի դասախօս եղած է եւ Հայկական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի մենակատար դարձած է 1966ին։ Բազմաթիւ համերգներ տուած է նախկին Խորհրդային Միութեան, Արեւմտեան Եւրոպայի, Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։
Ժան Տէր Մէրկէրեանի համերգներուն ընկերացած են տարբեր երկիրներու նուագախումբեր՝ հռչակաւոր նուագավարներու ղեկավարութեամբ, ինչպէս Արամ Խաչատուրեան, որ իր նշանաւոր ջութակի համերգը ղեկավարած է։ Ջութակահարը նաեւ միջազգային մրցոյթներու դատակազմի անդամ եղած է, ինչպէս «Փականինի» (Ճենովա, Իտալիա), «Սարասաթէ» (Փամփլոնա, Սպանիա), «Չայկովսկի» (Մոսկուա) եւ «Խաչատուրեան» (Երեւան)։
Դժբախտաբար, Տէր-Մէրկէրեանէն պաշտօնական ձայնագրութիւններ գոյութիւն չունին։ Միայն կարգ մը խտասալիկներ հրատարակուած են, ուր արխիւային նիւթեր ընդգրկուած են։ Բազմաթիւ նման նիւթեր կը գտնուին Հայաստանի ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի արխիւներուն մէջ։
Տէր Մէրկէրեան 1971ին Հայաստանի ժողովրդային արուեստագէտի տիտղոսը ստացած է, իսկ աւելի ուշ՝ Հայաստանի պետական մրցանակի դափնեկիր եղած է։ 1981ին վերադարձած է Մարսէյլ, ուր 1982ին սկսած է դասաւանդել տեղւոյն երաժշտանոցին մէջ եւ շարունակած՝ իր երաժշտական գործունէութիւնը։ Մահացած է 29 Սեպտեմբեր, 2015ին, քաղցկեղէ։ Թաղուած է Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ։