Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՌԱՔԵԼ ՍԱՐՈՒԽԱՆ (ծնունդ՝ 13 Հոկտեմբեր, 1863)

Առաքել Սարուխան (Սարուխանեան) համեմատաբար քիչ ծանօթ, սակայն բեղուն պատմաբան ու բանասէր մը եղած է։
Ծնած է Արտանուջ (Արդուինի մարզ) գիւղը, որ 1877-1878ի ռուս-թրքական պատերազմէն ետք միացած է Ռուսական կայսրութեան։ Շրջանաւարտ եղած է Պոլսոյ Վիեննայի Մխիթարեաններու վարժարանէն, ուր աշակերտած է հռչակաւոր հայերէնագէտ Հ. Արսէն Այտընեանին։ Վերադարձած է ծննդավայրը եւ զբաղած՝ ուսուցչութեամբ։ 1881 թուականէն պարբերաբար թղթակցած է Թիֆլիսի «Մշակ» թերթին, իսկ 1887էն՝ Վիեննայի «Հանդէս ամսօրեային»։ Աւելի ուշ նաեւ աշխատակցած է Պոլսոյ «Արեւելք» օրաթերթին։ 1894-1911ին նշանաւոր գործարար ու բարերար Ալեքսանդր Մանթաշեանի նաւթարդիւնաբերական եւ առետրական ընկերութեան լիազօր ներկայացուցիչը (ապա՝ լիազօր վարիչը) եղած է Պաթումի, Պաքուի, Թիֆլիսի եւ Ս. Փեթերպուրկի մէջ։
«Սեւ ծովու ռուսական եզերքը» (1895) եւ «Կովկասեան լերանց մեջ» (1896) ուղեգրութիւնները տեղագրական, ազգագրական եւ պատմագրական արժէքաւոր փաստեր կը պարունակեն մերձսեւծովեան եւ կովկասեան հայկական համայնքներուն, ինչպէս նաեւ տեղաբնիկ ու եկուոր ժողովուրդներուն մասին։ «Հայկական խնդիրն եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը Թիւրքիայում» գիրքին մէջ (1912), Սարուխան ներկայացուցած է Օսմանեան կայսրութեան տնտեսական եւ քաղաքական պատկերը, Եւրոպայի պետութիւններուն դիւանագիտութիւնը Հայկական Հարցին մէջ, հայ գործիչներուն դերը Թուրքիոյ սահմանադրութեան շարժման մէջ եւ այլն։ 1931ին գրուած «Ալեքսանդր Մանթաշեանց, մեծ վաճառականն ու բարեգործը» յուշագրութեան մէջ, Սարուխան տեղեկութիւններ կու տայ Կովկասի մէջ հայկական դրամագլուխի ծագման ու զարգացման, ինչպէս եւ Պաքուի նաւթարդիւնաբերութեան ծաւալման մասին։
Բոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք, 1920ական թուականներու սկիզբէն ապրած է Հոլանտա, իսկ ապա՝ Պելճիքա։ Գրած է գեղարուեստական գործեր, որոնցմէ ծանօթ է «Խորհրդաւոր աղջիկն եւ իր գաղտնիքը» (1924) իրապաշտ վէպը։ Մինչեւ 1925 արեւմտահայերէնով աշխատակցած է «Հանդէս ամսօրեայ»ին՝ Կ. Տիւրեան ծածկանունով։ Այս հանդէսին մէջ հրատարակուած յօդուածները նուիրուած են Ռափայէլ Պատկանեանի, Րաֆֆիի, Գաբրիէլ Սունդուկեանի, Պերճ Պռօշեանի, Գրիգոր Արծրունիի, Լէոյի եւ այլոց գործունէութեան, Կովկասի հայերու մշակութային հաստատութիւններուն, հանրային շարժումներուն եւ այլն։ Հոլանտայի եւ Պելրճիքայի մէջ, արխիւներու հիմամբ գրած է «Հոլլանդիան եւ հայերը ԺԶ.-ԺԹ. դարերում» (1926) եւ «Բելգիա եւ հայերը» (1937) երկերը, որոնք հարուստ տեղեկութիւններ կը պարունակեն հայ-հոլանտական եւ հայ-պելճիքական յարաբերութիւններուն մասին՝ Միջնադարէն սկսեալ։ Սարուխան անդրադարձած է նաեւ հայ-վրացական տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային փոխյարաբերութիւններուն եւ այլ հարցերու («Վրաստան եւ հայերը», 1939)։
Մահացած է Պրիւքսէլի մէջ (Պելճիքա), Փետրուար 6, 1949ին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)