Այս օրերուն, երբ Հայաստանն ու Արցախը կը դիմագրաւեն ազերի-թրքական յարձակման, տեղին է յիշել Արցախի առաջին պատերազմի հերոսներէն ու Հայաստանի զինեալ ուժերու հիմնադիր Վազգէն Սարգսեանի անունը։
Վ. Սարգսեան ծնած է 5 Մարտ, 1959ին, Հայաստանի Արարատ գիւղին մէջ։ Գիւղի միջնակարգ դպրոցը աւարտելէ ետք, 1976-1979ին ուսանած է Ֆիզիկական կուլտուրայի հայկական պետական ինստիտուտին մէջ։ 1979-1983ին աշխատած է Արարատի միջնակարգ դպրոցին մէջ իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ, ազատելով զինուորական պարտականութենէ։
Սարգսեան գրական գործունէութեամբ զբաղած է կանուխէն։ 1985ին Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ դարձած է, իսկ 1986-1989ին «Գարուն» ամսագրի հրապարակագրութեան բաժինը վարած է։ 1986ին հրատարակած է պատմուածքներու առաջին հատորը՝ «Հացի փորձութիւն»! Գրած է նաեւ բազմաթիւ հրապարակագրական յօդուածներ, բայց գրական գործունէութիւնը կանգ առած է 1980ական թուականներու վերջերուն։
Արցախեան շարժումին մասնակցելով, 1989-1990ին Վ. Սարգսեան հայկական կամաւորական ջոկատներու հրամանատար եղած է Երասխի մօտ՝ հայ-ատրպէյճանական (Նախիջեւանի) սահմանին։ 1990ին դառնալով Հայոց Համազգային Շարժման առաջնորդներէն մէկը, ընտրուած է Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր, 1990-1991ին նախագահելով պաշտպանութեան եւ ներքին գործերու յանձնաժողովը։ Իր նախաձեռնութեամբ հիմնուած են «Երկրապահ» կամաւորական ջոկատները, որոնք դարձան հայկական բանակի ստեղծման հիմքը։
Դեկտեմբեր 1991ին նշանակուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար, յաջորդ ամիս նախաձեռնելով Հայաստանի զինուած ուժերու ստեղծման։ Մայիս-Յունիս 1992ին Շուշիի եւ Բերձորի (Լաչին) ազատագրումէն ետք, ատրպէյճանական զօրքերու յարձակումն ու հիւսիսային Արցախի գրաւումին դէմ դնելու համար, Սարգսեան նախաձեռնած է «Արծիւ մահապարտներ» գումարտակի ստեղծման, որուն յաղթանակները՝ Օգոստոս-Սեպտեմբեր 1992ին, Մարտակերտի մէջ, պատերազմի ընթացքը փոխած են։
Հոկտեմբեր 1992-Մարտ 1993ին, Վազգէն Սարգսեան Հայաստանի նախագահի պաշտպանութեան հարցերու գծով խորհրդականի եւ սահմանամերձ գօտիներուն մէջ Հայաստանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնները վարած է, որմէ ետք նշանակուած է Հայաստանի պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերու նախարար։ Սարգսեան մեծ դեր ունեցած է Հայաստանի բանակի կազմակերպման գործին մէջ, իսկ միւս հիմնական հրամանատարներուն հետ, ղեկավարած է գլխաւոր ռազմական գործողութիւնները Արցախի մէջ մինչեւ Մայիս 1994ի հրադադարը: 1993ին, հիմնած ու գլխաւորած է «Երկրապահ» կամաւորական շարժումը, որ կարեւոր դեր ունեցած է Հայաստանի քաղաքականութեան մէջ։
Յուլիս 1995ին, Վ. Սարգսեան պաշտպանութեան նախարար նշանակուած է նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ, այդ պաշտօնին մնալով շուրջ մօտ չորս տարի եւ աւելի եւս խորացնելով բանակի կազմակերպումը։ Դարձած է յետպատերազմեան Հայաստանի գլխաւոր քաղաքական գործիչներէն մէկը, կարեւոր դեր ունենալով 1996ի նախագահական ընտրութիւններուն։ Արցախեան հարցի լուծման ի խնդիր Լ. Տէր Պետրոսեանի զիջումներուն դէմ ըլլալով, Վ. Սարգսեան, վարչապետ Ռոբերտ Քոչարեանի եւ ներքին գործոց նախարար Սերժ Սարգսեանի զինակցութեամբ, պարտադրած է նախագահին հրաժարականը Փետրուար 1998ին։ Այնուհետեւ, Մարտ 1998ին, Վ. Սարգսեան աջակցած է Ռ. Քոչարեանի նախագահ ընտրութեան։ «Երկրապահ» խմբակցութիւնը, մեծամասնութիւնը դարձած է Ազգային Ժողովին մէջ, Վ. Սարգսեանի քաղաքական ազդեցութեան ամրապնդումին սատարելով, եւ 1998ի ամրան միացած է Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան։
Մարտ 1999ին, Վազգէն Սարգսեանի Հանրապետական կուսակցութիւնը դաշինք կազմած է Կարէն Դեմիրճեանի Ժողովրդական կուսակցութեան հետ, որ յայտնի դարձած է «Միասնութիւն» անունով։ Այս դաշինքը յաղթած է Մայիսի ընտրութիւններուն։ Յունիս 1999ին, Վ. Սարգսեան նշանակուած է վարչապետ, մինչ Կ. Դեմիրճեան ընտրուած է Ազգային Ժողովի նախագահ։ Այնուհետեւ, Սարգսեանի քաղաքական ազդեցութիւնը աւելի մեծցած է, շուքի տակ ձգելով նախագահ Ռ. Քոչարեանը։ Սարգսեանի կարճատեւ վարչապետութեան շրջանին տեղի ունեցած են համահայկական առաջին խաղերը եւ Հայաստան-Սփիւռք առաջին համաժողովը։
Սարգսեան, Դեմիրճեան եւ հինգ այլ պատգամաւորներ ու մէկ նախարար սպաննուած են 27 Հոկտեմբեր, 1999ին, Ազգային Ժողովի շէնքը մուտք գործած խումբ մը զինուած անձերու կողմէ՝ Նայիրի Յունանեանի գլխաւորութեամբ։ Գլխաւոր մեղաւորները ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած են։ Սակայն, դէպքին բոլոր մանրամասնութիւնները չեն լուսաբանուած եւ գոյութիւն ունին տարբեր վարկածներ քաղաքական ահաբեկչութեան այս արարքի շարժառիթներուն եւ անոր ետին գտնուած ուժերուն մասին։
Չնայած տարբեր քննադատութիւններու, Վազգէն Սարգսեան Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ հանրութեան կողմէ լայնօրէն կ՚ընդունուի որպէս ազգային հերոս։ Անոր շնորհուած են Հայաստանի ազգային հերոսի եւ Արցախի հերոսի կոչումները։ Վ. Սսրգսեանի անունով կը կոչուին Երեւանի ռազմական ուսումնարանը, հանրապետական մարզադաշտը, կեդրոնական փողոց մը, ինչպէս եւ Ստեփանակերտի փողոց մը ու Կապանի զբօսայգի մը։ Անոր յիշատակին կանգնած են արձաններ տարբեր քաղաքներու մէջ, ինչպէս եւ թանգարան՝ ծննդավայր Արարատ գիւղին մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)