Տօներ

ՅԻՍՆԱԿԱՑ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՐԱԿԻ

Կիրակի, 24 Նոյեմբերին, Յիսնակաց առաջին Կիրակին կը նշուի։ «Յիսնակ» բառը, անշուշտ, «յիսուն» բառէն կը բխի։ Յիսնակի Պահքի շրջանին, նման Մեծ Պահքին, հաւատացեալը ինքնամաքրումի, աղօթքի ու խոկումի ընթացք մը կը բոլորէ, որ իր լրումին կը հասնի Ծննդեան Ճրագալոյցին։

Արդի ժամանակներուն, Ս. Ծննդեան տօնին առաջնորդող շրջանը հեռու է հանդարտ ըլլալէ։ Բայց եւ այնպէս, յարմար ժամանակն է դադար մը առնելու եւ անդրադարձ մը կատարելու Մեր Տիրոջ ու Փրկիչի ծննդեան խորհուրդին։

Ծննդեան իսկական ոգին մեզմէ կը պահանջէ չմոռնալ, որ տարուան այս օրերը, թէեւ ուրախութեամբ լեցուն են շատերու համար, առանձնութեան ու տխրութեան զգացումներ կը պարունակեն ուրիշներու համար։ Մօտեցէք առանձին ապրող երէց անձի մը, հիւանդի մը կամ իր սիրեցեալին կորուստը սգացողի մը եւ մխիթարական խօսք մը կամ ընթացք մը ունեցէք։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *