ԵՐՐՈՐԴ ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԱՑ
Կիրակի, 12 Դեկտեմբերին, Յիսնակի երրորդ Կիրակին է, նախատեսելով Քրիստոսի գալուստը, որ մեզի ապրելու նպատակ կը պարգեւէ՝ հակառակ մեր դէմ ծառացող բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն։ Յիսնակի մեծագոյն դէմքը՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչն է (կարդացէք Մատթէոսի եւ Ղուկասի աւետարաններու 3րդ գլուխները)։