Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԵՐԱԽՏԱԳԷՏ ՀՈԳԻՆ ՄԵՐ ՆԵՐՈՒԺԸ ԿԸ ԹԱՐՄԱՑՆԷ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՔԱՐՈԶԸ (29 Նոյեմբեր, 2020)

Անցեալ Հինգշաբթի, ազգովին` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ եւ բնակիչներ, Գոհաբանութեան Օրը տօնեցինք, մեր երախտապարտութիւնը յայտնելով  Ամենակալ  Աստուծոյ` իր պարգեւած  անհուն բարիքներուն համար: Ճիշդ է, որ այս տարի անբնական պայմաններու տակ տեղի ունեցաւ նշանակալից այս տօնը, բայց եւ այնպէս ոգին նոյնն է՝ հաւաքաբար շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ: Դարձեալ, որքան ալ ընկերութեան աշխարհահայեացքի փոփոխութեան հետեւանքով ընկերային բնոյթ  ստացած է այս տօնը, այնուամենայնիւ, երախտագիտութիւնը մարդ արարածի բնութեան մէջ ցանուած բնական արտայայտութիւն է՝ ի պատասխան իր վայելած բարիքներուն:

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս գերազանց օրինակն է երախտապարտ սրտի: Բոլոր այն խօսքերը որ Ան արտասանեց, ազնիւ արարքները որ կատարեց, եւ օգտաշատ պագամները որ տուաւ, երախտագիտութեան արտայայտութիւն էին: Երբ հետեւինք Իր ուսուցումներուն եւ քննենք Իր գործած հրաշքները, պիտի վկայենք, թէ Ան միշտ երախտագիտութիւն կը յայտնէր խօսքով ու գործով: Արդարեւ, Ղուկասու Աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ աշակերտները իրենց յանձնարարուած առաքելութիւնը յաջողապէս աւարտելէ ետք, երբ կը վերադառնան, եւ ուրախութեամբ կը պատմեն Յիսուսին, մեր Տէրը, ինչպէս Աւետարանիչը կը վկայէ, «նոյն ժամուն Յիսուս Սուրբ Հոգիին պարգեւած ուրախութեամբ ըսաւ. «Հա՜յր, երկինքի եւ երկրի Տէր, շնորհակալ եմ քեզի, որ այս բաները պահեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն եւ յայտնեցիր պարզ ու համեստ մարդոց» (Ղկ 10.21): Դարձեալ, Ղազարոսին յարութիւն տալէ առաջ, «Յիսուս աչքերը վեր բարձրացուց եւ ըսաւ. – «Հա՜յր, շնորհակալութիւն քեզի՝ որ լսեցիր զիս: Գիտեմ որ միշտ կը լսես զիս. բայց ինչ որ այժմ կ’ըսեմ՝ շուրջս գտնուող ժողովուրդին համար կ’ըսեմ, որպէսզի անոնք հաւատան թէ դուն ղրկեցիր զիս» (Յհ 11.41): Իսկ վերջին ընթրիքին Յիսուս հաց առաւ,  «շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, կտրեց եւ աշակերտներուն տուաւ, ըսելով. – Ասիկա մարմինս է» (Ղկ 22.19): Ապա առաւ բաժակը, գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ տուաւ իր աշակերտներուն, ըսելով. – «Բոլորդ խմեցէք ասկէ. ասիկա իմ արիւնս է» (Մտ 26.27):

Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագը՝ մեր հոգիները մշտանորոգող աղբիւրը, լի է գոհաբանութեամբ: Պատարագի մուտքի սաղմոսը հոյակապ յայտարար մըն է ամբողջ պատարագին, թէ՝ «Գոհաբանութեամբ մտէք անոր տաճարը»: Վերաբերումին յաջորդող Ողջոյնէն ետք, Սարկաւագը կը հրաւիրէ հաւատացեալները, ըսելով՝ «եւ գոհացարուք զՏեառնէ բոլորով սրտիւ – գոհութիւն յայտնեցէք Տիրոջ բոլոր սրտով»: «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ» Սերովբէներու սրբասացութենէն անմիջապէս առաջ, պատարագիչը՝ լռելեայն աղօթքի ընթացքին նշխարը եւ ապա բաժակը բարձրացնելով, կը կրկնէ Յիսուսի գոհաբանական խօսքը, ինչպէս որ նկարագրուած է Աւետարանիչներու կողմէ: Սուրբերու ոգեկոչումէն եւ օրուան Հայրապետին անուան յիշատակումէն ետք, Սարկաւագը կ՛երգէ՝ «գոհութիւն եւ փառաբանութիւն կը մատուցանենք Քեզի՝ մեր Տէր Աստուած,  սուրբ եւ անմահ Պատարագին համար»: Սուրբ Հաղորդութենէն ետք, Սարկաւագը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ Տիրոջ գոհութիւն յայտնել՝ «անմահ, անարատ եւ անապական Խորհուրդի» մասնակցութեան համար, իսկ դպրաց դասը կը պատասխանէ՝ «Գոհանամք զՔէն Տէր, որ կերակրեցեր զմեզ անմահական Սեղանոյ Քո – Գոհութիւն կը յայտնենք Քեզի՝ Տէր, որ կերակրեցիր մեզ Քու անմահական սեղանովդ…», մինչ Պատարագիչը դարձեալ լռելեայն կ՛աղօթէ՝«շնորհակալութիւն Քեզի, Քրիստոս՝ մեր Աստուածը, որ այսպիսի բարիք մը ճաշակել տուիր մեզի, որպէսզի սրբուինք եւ կեանք ունենանք»: Ի՜նչ հոյակապ համանուագ Գոհաբանութեան, ի՜նչ սքանչելի եռաձայն ներդաշնակութիւն՝ Սարկաւագ – Դպիրներ, որ է ժողովուրդ, եւ Պատարագիչ, սրտանց գոհութիւն կը յայտնեն Գոհաբանեալ Արարիչ Աստուծոյն:

Ինչպէս կը տեսնենք, ամէն Կիրակի մատուցուող Սուրբ Պատարագը Գոհաբանութիւն է՝ Ստեղծագործութեան, Փրկագործութեան եւ Գալստեան համար, լի սիրով ու յոյսով: Պատարագի՝ Սուրբ Ճաշկերոյթին մասնակցութեամբ, եւ սուրբ Հաղորդութեան ստացումով, գոհաբանութիւնը կը դառնայ մարմնի, մտքի ու հոգիի գեղեցկագոյն կշռոյթը մեր ուխտագնացութեան կեանքէ՝ Կեանք:

Ամէնօրեայ մեր կեանքին մէջ առաջնահերթ պատճառը, որ պէտք է գոհութիւն յայտնենք Աստուծոյ, որմէ կը վայելենք տեսանելի եւ անտեսանելի բոլոր բարիքները, այն է, որ Աստուած մեզ ստեղծեց գերագոյն բարիքի համար, որ մեր իմացութենէն գերիվեր է, եւ մենք առանձնաշնորհումը ունինք հաղորդակցելու Իր հետ ամէնուրեք, եւ որեւէ ժամանակ որ կը փափաքինք: Մարդկային մեր փորձառութեան մէջ երբ անակնկալ նուէր մը, օգնութիւն մը ստանանք, կամ շնորհաբաշխութեան արժանանանք, մեր ամենաբնական պատասխանը կ՚ըլլայ շնորհակալութիւն յայտնել: Ուստի, երբ մեր գոյութիւնը նկատի ունենանք, որ աստուածային սիրոյն արտայայտութիւնն է (նկատի չառած մեր անարժանութիւնը), նաեւ այն, որ բոլոր ժամանակներուն կրնանք կապ պահել Իր հետ՝ ուրախութեան, թէ տխրութեան, յաջողութեան, թէ ձախողութեան ժամանակ, եւ կրնանք շնորհակալութեամբ կամ գանգատով խօսիլ Իր հետ, միթէ սա բացառիկ եւ հոյակապ առանձնաշնորհում մը չէ՞։ Ուրիշ ի՞նչ ձեւով կարելի է պատասխանել այս ամէնքին, եթէ ոչ՝ ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ:

Երախտագիտութեամբ լեցուն սիրտը որքան որ ազնիւ վերաբերում կը ցուցաբերէ այլոց, առաջին հերթին դրական եւ խաղաղ ոգի մը կը ստեղծէ ենթակայի սրտին ու մտքին մէջ: Այո՛, անիկա կ՚ազատագրէ ենթական բոլոր ժխտական ոյժերու եւ մտահոգութիւններու ազդեցութենէն, որոնք ժանգի նման կը կրծեն ու կը կլանեն մեր դրական ներոյժը, աշխարհահայեացքն ու յարաբերութիւնները: Պօղոս Առաքեալ, գիտնալով երախտագիտութեան բարերար օգուտը, կը պատուիրէ հաւատացեալներուն, թէ «ինչ որ ալ ընէք, խօսքով թէ գործով, միշտ Տէր Յիսուսի անունով ըրէք, անոր միջոցաւ գոհութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ» (Կող 3.17):

Երախտապարտութիւնը մշտապէս մեզ կը նորոգէ, որպէսզի վայելենք  մեր գոյութեան իւրաքանչիւր պահը՝ առանց ափսոսանքի, միաժամանակ մեզ գիտակից կ՚ընէ կատարելութեան ճամբուն վրայ, որ ուրախ ըլլանք մեր ունեցածով, միշտ ձգտելով լաւագոյնին:

Շնորհակալ ոգին մեր ներուժը կը թարմացնէ, որպէսզի չշեղինք մեր գերագոյն նպատակակէտ Աստուծմէ, աշխարհիկ պատահարներու պատճառաւ, այլ քալենք Խաչի ճամբով, բայց միշտ Յարութեան տեսլականով:

Եւ վերջապէս, Գոհունակութիւնը կը զուարթացնէ մեր ամբողջ էութիւնը, եւ ինչպէս Առակաց գրքի հեղինակը կը պատգամէ՝ «զուարթ սիրտը մշտնջենական կոչունքի մէջ է» (Առ 15.15):

Թող որ գոհաբանութիւնը դարձնելով մեր մարմնի աշխատանքի, սրտի զարկի, մտքի խոհերու եւ հոգիի սաւառնումի բնական ընթացքը, փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը: Ամէն:

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *