Արցախի մէջ տեղի ունեցած վեցշաբաթեայ արիւնարբու պատերազմը դադրեցաւ զինադուլով մը, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւնով մը, որ տարածաշրջանը կը դնէ անորոշ, անկայուն եւ կարճաժամկէտ խաղաղութեան մը մէջ։ Համաձայնութիւնը այնքան թոյլ է, որ լարուած վիճակ մը կը ստեղծէ՝ առանց կայուն խաղաղութեան յստակ հիմքի։
Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Մ.Ա.Ե.Խ.-ը), ըլլալով կրօնական կազմակերպութիւն մը՝ մղուած հաշտեցման առաքելութեամբ, որ կը հետապնդէ երկխօսութեան ճամբով խաղաղ գոյակցութեան տանիլ հակամարտութեան մէջ գտնուող ժողովուրդները կամ խումբերը, կոչ կ՚ուղղէ կողմերուն եւ միջազգային մարմիններուն, որ ապահովեն զինադադարին յարգումը: Այս կերպով կ՚ապահովուի տարածաշրջանէն ներս իրավիճակ մը՝ յօգուտ տագնապին բոլոր կողմերուն, կը յստակացնէ Արցախին կարգավիճակը եւ կը կանխարգիլէ հազարաւոր մարդոց սպառնացող վտանգը:
Մենք, որպէս Մ.Ա.Ե.Խ., հայ եկեղեցին (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը) ունենալով անոր հիմնադիր անդամ, խորապէս մտահոգ ենք կրօնքի ազատութեան, հաւատքի ազատ արտայայտման ու զանազան վրէժխնդրութիւններու ենթակայ ըլլալու հաւանականութեան տակ գտնուող հայ ժողովուրդին ճակատագիրով։ Մենք մտահոգ ենք նաեւ քրիստոնէական ժառանգութեան ճակատագիրով՝ եկեղեցիներուն, վանքերուն, կրօնական կոթողներուն եւ թանգարաններուն, որոնք ներկայիս ենթարկուած են, եւ նաեւ ապագային կրնան ենթարկուիլ, աւերման եւ ամբողջական բնաջնջումի։
Արդ, կոչ կ՚ուղղենք բոլոր պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, որ աւելի աչալուրջ ըլլան պահպանելու Արցախին հոգին եւ քարը: Արցախի ժողովուրդը ունի ինքնորոշման իրաւունք, այնպէս ինչպէս որեւէ ժողովուրդ։ Աւելին, մենք կը շեշտենք բոլոր ենթակայ կողմերուն միջեւ անկեղծ երկխօսութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը: Նման քայլ մը կրնայ հարթել ճամբան տարածաշրջանանէն ներս ստեղծելու նոր իրավիճակ, որ կրնայ նպաստել հակամարտութեան մէջ առնչուած բոլոր կողմերուն։
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Պէյրութ, 19 Նոյեմբեր, 2020