Լուրեր

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3ին, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը, 188 թեր, 3 դէմ եւ 16 ձեռնպահ քուէներով, Արցախի անկախութիւնը ճանչցաւ, դատապարտելով Ատրպէյճանն ու Թուրքիան՝ Հայաստանի ու Արցախի դէմ գործադրուած յարձակման համար։

Ազգային Ժողովի ճանաչումը հետեւած է ֆրանսական Ծերակոյտի ճանաչման, որ տեղի ունեցած էր անցեալ 25 Նոյեմբերին, 305-1 քուէարկութեամբ։

Ֆրանսական Արտաքին Գործոց նախարարութեան ճնշումը, որ Ծերակոյտի քուէարկութենէն ետք յայտարարած էր, թէ Ֆրանսան պիտի չճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, անբաւարար եղաւ կասեցնելու Ազգային Ժողովի հայանպաստ ճանաչումը։

Որոշումի նախագիծը, որ 32 երեսփոխաններու ստորագրութեամբ մուծուած էր անցեալ 14 Հոկտեմբերին, կը յիշատակէ Թուրքիոյ ռազմաշունչ քաղաքականութիւնը եւ Անգարայի կողմէ օտար վարձկաններու ներածումը Արցախ, ազդարարելով որ այս քաղաքականութիւնը իսլամական բռնութեան աճի պատճառ կրնայ դառնալ նաեւ այլուր։ Նաեւ նշած է Ատրպէյճանի մեծաքանակ զինումը եւ քաղաքացիական բնակչութեան թիրախաւորումը Արցախեան պատերազմի ժամանակ իբրեւ պատերազմական ոճիր ու կայունութեան սպառնալիք, ո՛չ միայն Կովկասի, բայց նաեւ աշխարհի տարածքին։

Որոշումը

«1. Կ՚արձանագրէ Ատրպէյճանի կառավարութեան մերժումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային լուծում մը գերադասելու,

2. Կ՚ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառիկ բնոյթը, տրուած ըլլալով ռազմական կողմերը եւ անոր շրջանային հետեւանքները, որոնք պատշաճեցուած լուծում մը կը պահանջեն,

3. Կը հաստատէ հակամարտութեան վերջնական լուծման անհրաժեշտութիւնը՝ երաշխաւորելով խնդրոյ առարկայ քաղաքացիական բնակչութեան մնայուն ապահովութիւնը։

4. Կը հաստատէ բացարձակ կարիքը, որ Լեռնային Ղարաբաղը ունենայ իր ամբողջական ինքնիշխանութիւնը որեւէ ատրպէյճանական կառավարութենէ դուրս, ինչ որ այլապէս կ՚ենթադրէ հայկական բնակչութեան արմատախլումը, վերջնական սահմաներու մէջ, որոնք պիտի որոշուին Արցախի իշխանութիւնները ընդգրկող բազմակողմանի բանակցութեան ընթացքին։

5. Կը հրաւիրէ [ֆրանսական] կառավարութիւնը, որ անյապաղ դիմէ Արցախի հանրապետութեան ճանաչման եւ անոր իշխանութիւններուն հետ դիւանագիտական կապերու հաստատման՝ հակամարտութեան վերջնական լուծում ձեռք բերելու համար»։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *