ՅԱԿՈԲ ԿՈՋՈՅԵԱՆ (ծնունդ՝ 13 Դեկտեմբեր, 1883)
Նկարիչ ու գիրքերու յայտնի նկարազարդող Յակոբ Կոջոյեան ծանօթ է նաեւ իբրեւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան զինանշանի հեղինակներէն մէկը։
Կոջոյեան ծնած է 13 Դեկտեմբեր, 1883ին, Ախալցխա (Ջաւախք), ոսկերիչի մը ընտանիքին մէջ։ 1890ին հանդերձ ընտանեօք տեղափոխուած է Վլադիկաւկազ (Հիւսիսային Կովկաս), ուր զբաղած է ոսկերչութեամբ, միաժամանակ աշակերտլ տեղւոյն վարժարանին մէջ։ Ուսումը աւարտելով 1900ին, մեկնած է Մոսկուա, ուր յաճախած է Պրուսովի արուեստանոցը եւ մասնագիտացած՝ փորագրութեան մէջ։
1905-1907ին, իր ուսումը շարունակած է Միւնիխի գեղարուեստական ակադեմիային մէջ, իսկ այնուհետեւ կատարելագործման նպատակով մեկնած է Փարիզ։
Ռուսաստան վերադարձէն ետք, 1909ին բանակ զօրակոչուած է։ Ապա, 1912-1914ին աշխատած է Մոսկուայի մէջ։ Կրկին զօրակոչուած է 1914ին՝ Ա. Աշխարհամարտի օրերուն։
Անիի հնագէտներու արշաւախումբին հետ աշխատած է 1918-1920 թուականներուն ։
Կոջոյեան եւ ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեան հեղինակած են Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը, որ Յուլիս 1920ին հաստատուած է հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ։
Փետրուարեան ապստամբութեան պարտութենէն ետք անցած է Պարսկաստան ու հաստատուած՝ Թաւրիզ։ 1921-1922ին, դասաւանդած է ճարտարապետութիւն՝ Ալեքսանդր Թամանեանի կազմակերպած արուեստանոցին մէջ։ 1922ին, վերադարձած է Երեւան, Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով։
Կոջոյեան, ճարտարապետ Կարօ Հալաբեանի եւ նկարիչ Սեդրակ Առաքելեանի հետ, աշխատած է Ռուսաստանի հեռագրական գործակալութեան հայկական բաժանմունքի արուեստանոցին մէջ, արտադրելով որմազդեր եւ ծաղրանկարներ։ 1923ին, նկարիչին աշխատանքը առաջին կարգի վկայականի արժանացած է Մոսկուայի մէջ։
1924-1930ին, Կոջոյեան Երեւանի պետական համալսարանի թեքնիք ճիւղին մէջ նկարչութիւն դասաւանդած է, իսկ 1930էն ետք աշխատանքը շարունակած է Երեւանի նորաստեղծ պոլիտեխնիկ հիմնարկին մէջ։ 1935ին, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչման արժանացած է։
Յակոբ Կոջոյեան ծանօթ է «Սասնա ծռեր» դիւցազներգութեան նկարազարդրումներով։ Ան ժամանակակից հայկական գիրքի նկարազարդման հիմնադիրը կը նկատուի։ Անոր յայտնի գործերէն են Յովհաննէս Թումանեանի «Գիքորը» եւ «Տէրն ու ծառան», Եղիշէ Չարենցի «Գիրք ճանապարհի»ն,, Ակսել Բակունցի «Սեւ ցելերի սերմնացանը», եւ այլն։ Կեանքի վերջին տարիներու լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն է Թումանեանի «Փարվանա» առասպելի նկարազարդումը։
1945-1954ին, Յակոբ Կոջոյեան դասաւանդած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկին մէջ։ Ան իր մահկանացուն կնքած է Երեւանի մէջ, 24 Ապրիլ, 1959ին։