ՏԱՐԵՓԱԿԻ ԿՈՉ՝ 2020
2020 թուականի պայծառ Գարունը՝ լի նոր կեանքի խոստումով, դժբախտաբար մթագնեցաւ աննա-խընթաց արգելափակումով, որ փոխակերպեց համայն մարդկութեան կեանքը: Մարդկութիւնը ահազանգի մատնուեցաւ ո՛չ թէ հիւլէական ռումբով, երրորդ աշխարհամարտով, կամ ուրիշ մոլորակներէ ներխուժող (aliens) ոյժերով, այլ մանրադիտակային աննշան ժահրով մը, որ յեղաշրջեց արդի յառաջադէմ քաղաքակրթութեան բնական ընթացքը:
Ահաւոր այս փորձառութեան ու կորուստներուն մէջ, գոհութիւն կը յայտնենք Ամենակալ Աստուծոյ, որ թէեւ դաժան յարձակումի ենթարկուեցանք, սակայն չպարտուեցանք: Շրջապատուեցանք անթիւ փոքր ու մեծ մտահոգութիւններով, սակայն չյանձնուեցանք անոնց: Հաւաքական մեր դիմադրականութիւնը զօրաշարժի ենթարկելով հոգեմտաւոր մեր բոլոր կարողութիւնները, մեզ դարբնեց այս անտեսանելի նոր թշնամիին պատճառած սպառնալիքներուն դէմ դնելու, նուազեցնելով կորուստները: Ճիշդ է, որ փապուղիի աւարտին չենք հասած, բայց կ՚աղօթենք եւ կը յուսանք դիմաւորելու բնականոն կեանքը:
Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը, այլ հաստատութեանց հետ, «Սորվելու եւ Աճելու» առողջ ընթացք մը ունեցաւ: Արդի արհեստագիտութիւնը (technology) եղաւ լաւագոյն միջոցը յառաջ ընթանալու: Յիսուս Քրիստոսի որպէս խոնարհ ծառայ մը, ամբողջ սրտովս կը խոստովանիմ, որ բախտաւոր եղայ շրջապատուած ըլլալով գործակիցներով, որոնք կամովին եւ ամենայն ուրախու-թեամբ աստուածապարգեւ իրենց տաղանդները ի գործ դրին, յաջողութամբ նաւարկելու համար Թագաձեւ ժահրի ստեղծած փոթորկայոյզ ալիքներուն մէջէն:
– Արգելափակումի սկիզբէն իսկ հոգեւորականաց դասը ամէն Երկուշաբթի խորհրդակցական ժողով ունեցաւ zoomով, հովուական նոր փորձառութիւնը բաժնելով իրարու հետ, որոնելով հաւատքի վերաբերեալ գործնական նոր քայլեր՝ հաւատարիմ մնալով Եկեղեցւոյ առաքելութեան, եւ նախանձախնդիր ըլլալով գաղութներու ու հաւատացեալներու ապահովութեան։
– Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, ինչպէս նաեւ Առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը ամենայն կանոնաւորութեամբ գումարեցին իրենց նիստերը եւ համդիպումները, ապահովելով փոխանցման հեզասահ շրջան մը։
– Ի պատիւ մեր Հոգեւոր Հովիւներուն, ամէն օր օգտաշատ խորհրդածութիւն մատուցին հաւատացեալներուն՝ կիրակնօրեայ Պատարագներու սփռման առընթեր, ինչպէս նաեւ մոմավառութեամբ յատուկ աղօթքներ՝ ննջեցեալներու կամ հիւանդներու համար։
– Դարձեալ, Հոգեւոր Հովիւները գործակցութեամբ Հոգաբարձութեանց եւ քոյր կազմակեր-պութեանց, արտահաս ծառայութեամբ՝ օգնութեան հասան մեր կարիքաւոր ծխականներուն, մանաւանդ առանձին ապրող տարէցներուն:
– Առաջնորդարանի Հոգատարութեան եւ Բաժնեկցելու (Caring and Sharing) բարեսիրական ֆոնտը, ըստ կարելւոյն օգտակար եղաւ կարիքաւոր անձերու։
– Սուրբ Գրոց սերտողութիւններ, յատուկ նիւթերու շուրջ դասախօսութիւններ, մանուկներու համար Սուրբ Գրքի եւ հայ գրականութենէն ընթերցումներ, «Տաթեւ» ու «Սիամանթօ» լսարաններու դասընթացքներ, «Աղ եւ Լոյս» երիտասարդական Ծառայութիւն, այս բոլորը կարելիութեան սահմաններուն մէջ ի գործ դրուեցան արդարացնելով մեր ժողովուրդի ակնկալութիւնները։
– Դպրոցներու տնօրէններու հետ կարելի եղաւ հայեցի ուսման կենսական կորիզը հայթայթել նորահաս սերունդին։
– Հայ կեանքի սահմաններէն ներս գործող Հայրենի եւ Սփիւռքի տեղեկատուական մարմին-ներու հետ շփման մէջ ըլլալով կարելի եղաւ տուեալ կացութեանց համապարփակ պատկերը ներկայացնող կարեւոր ծանօթութիւններ փոխանակել։
Յունիս ամսուան աւարտին Առաջնորդարանի գրասենեակները բնականոն կերպով սկսան աշխատանքի: Դժբախտաբաը, երկու նոր աղէտներ եկան ցնցելու համազգային մեր կեանքը՝ Լիբանանի ահաւոր պայթիւնը եւ Արցախեան պատերազմը: Մեր ժողովուրդի առատատձեռն օժանդակութեամբ Առաջնորդարանը կրցաւ յաջողցնել մարդասիրական գովելի առաքելութիւն մը.-
– $382,484 տոլարի հանգանակութիւն առաքուեցաւ Լիբանան:
– Արցախի համար մեր ժողովուրդի նուէրները ուղղուեցան Հայկական Հիմնադրամին:
– Դարձեալ այս տագնապի շրջանին ամէնօրեայ դրութեամբ իւրաքանչիւր Հոգեւոր Հովիւ հերթաբար աղօթք մատոյց, իսկ Նոյեմբերէն ի վեր ամէն իրիկուն ժամը 9-10 հոգեւորականները յատուկ աղօթք կը մատուցանեն աշխարհի խաղաղութեան, բայց մանաւանդ մեր հայրենիքի անսասանութեան եւ ազգիս Հայոց սիրոյ ու միութեան համար։
– Աղօթքի եւ օժանդակութեանց կողքին, Ազգային Առաջնորդարանի Ծուխերը ոգի ի բռին անխտիր մասնակցեցան Հայաստանի եւ Արցախի արդարութեան ու խաղաղութեան համար կազմակերպուած ցոյցերուն եւ համատեսակ ձեռնարկներուն։
Տեղական կեանքի առնչութեամբ,
– Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը թէպետ յապաղումով, սակայն առանց ընդհատելու աւանդութիւնը, տեղի ունեցաւ 12 Սեպտ.ին՝ ժողովականներու մեծամասն ներկայութեամբ:
– Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդը հանդէս եկաւ խիզախ ծրագրի մը իրականացումով՝ հաստատելով Հայ դաստիարակներու վերաւորակաւորման դասընթացք: Իսկ տեղեկատուական բաժանմունքը նոր եւ մատչելի ձեւաչափով (format) ներկայացուց հանրութեան շաբաթական լրատու՝ Crossroadsը:
– 2021 Յուշատետրը՝ նուիրուած Կիլիկիոյ բռնագաղթին՝ ցրուուեցաւ Նոյեմբերի սկիզբը:
– Մեր համայնքները նոր օրերու լոյսին տակ, սքանչելի յանձնառութեամբ իրենց տարեկան եկամտաբեր ձեռնարկները՝դաշտագնացութիւն (Picnic) եւ տօնավաճառ (Bazaar) ունեցան, համեմատաբար հաւասարակշռելով իրենց պիւտճէն:
Այս ամէնքը եւ աւելին իրագործուեցան անսակարկ յանձնառութեամբ եկեղեցական մեր Հայրերուն, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամներուն, Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովոց անդամներուն, Առաջնորդարանի Pillarներուն եւ պաշտօնէութեան, Հոգաբարձութեանց եւ Օժանդակ Մարմիններուն, Քոյր կազմակերպութեանց, բայց մանաւանդ Ծխականներու եւ բարեկամներու անվերա-պահ աջակցութեան:
Թոյի տուէք որ անգամ մը եւս վերյիշեմ Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի ադամանդեայ խրատը, զոր ինծի տուած էր քահանայական ձեռնադրութենէս ետք, ըսելով՝«տղա՛ս, ծառայութեանդ տարիներուն ընդմէջէն պիտի վկայես որ ոսկեայ սրտով ժողովուրդի մը կը ծառայես»: Արդարեւ, պատիւ կը համարեմ որ կը ծառայեմ ազգի մը, որուն Մարտիրոսացեալ Պատմութիւնը վկայութիւն մըն է յաղթական Խաչի եւ Յարութեան զօրութեան:
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդի տօնախմբումը կանխող այս շրջանի յատուկ մթնոլորտին մէջ երբ բոլորս լեցուած ենք Հոգատարութեան եւ Բաժնեկցելու (Caring and Sharing) ոգիով, կոչ կ*ուղղեմ ձեր բոլորի սրտերուն, որպէսզի ձեր սրտաբուխ նուէրով զօրավիգ կանգնիք Առաջնորդարանիս նուիրական առաքելութիւնը շարունակելու: Որպէսզի աստուածահաճոյ մեր յայտագիրները արդիականացընելով՝ զօրացնենք մեր համայնքները, միաժամանակ կարողանանք մեր կարօտեալ եղբայրներուն ու քոյրերուն ձեռք երկարել Արցախի, Հայաստանի ու Միջին Արեւելքի ամբողջ տարածքին:
Տօնական օրերու դրական պատգամով առլցուն, կը մաղթեմ, որ «դռներն յուսոյ բացուին եւ մեր երկրէն իսպառ մեկնի աղէտներու ձմեռը»: Ամենակալ Տէրը արժանի ընէ մեզ որպէսզի ողջունենք զիրար առողջութեամբ եւ ուրախութեամբ, եւ հրեշտակներուն հետ երգենք՝ «Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք, խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն» (Ղկ 2.14):
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ