ՏԻԿ. ՎԸՐՃԻՆԻԱ ՏԷՅՎԻՍ՝ ՔԱՇԱԹԱՂԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Կիրակի, 6 Դեկտեմբերին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, տիկ. Վըրճինիա Տէյվիս ելոյթ ունեցաւ, անդրադառնալով Քաշաթաղի (Արցախ) Ս. Մինաս եկեղեցւոյ վերջին ուխտագնացութեան, որ տեղի ունեցած է 17 Նոյեմբերին։ Երկու շաբաթ ետք, Հայաստան պարտադրուած էր Քաշաթաղի շրջանը, ներառեալ եկեղեցին, յանձնել Ատրպէյճանին։
Ս. Մինաս եկեղեցին վերականգնուած էր 2009ին «Թիւֆէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ՝ տիկ. Տէյվիսի նուիրատուութեան շնորհիւ։ Վերջինս, պատմելով ուխտագնացութեան մասին, իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց, թէ եկեղեցին, ինչպէս եւ հազարաւոր այլ մշակութային կոթողներ կը գտնուին ատրպէյճանական սրբապղծումի կամ քանդումի վտանգին տակ, որուն օրինակները տեսած ենք Նախիջեւանի մէջ, մինչեւ Ջուղայի խաչքարերու վերջնական փճացումը 2005ին։
Բանախօսը ներկայացուցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, եւ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ պրն. Արմէն Մուրեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցած ձեռնարկը առցանց սփռուած էր։