Լուրեր

«ՄԵԹՐՈՓՈԼԻԹԸՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ Կ՚ԱԶԴԱՐԱՐԷ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՎԱՅՐԵՐՈՒ ՍՊԱՌՆԱՑՈՂ ՎՏԱՆԳԻՆ ՄԱՍԻՆ

Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանը ազդարարութիւն մը հրապարակած է Արցախի հայկական եկեղեցիներուն, վանքերուն եւ մշակութային վայրերուն՝ Ատրպէյճանի կողմէ կարգ մը շրջաններու գրաւումէն ետք։

«Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ վերջերս տեղի ունեցած արիւնահոսութիւնն ու քանդումը մեզ բոլորս յոյժ մտահոգող համաշխարհային ողբերգութիւն մըն է։ Բռնութեան աւարտի մեր խնդրանքին ու յոյսին առընթեր, իբրեւ թանգարանի ղեկավարներ կը պահանջենք, որ մշակութային ժառանգութեան վայրերը պաշտպանուին», կ՚ըսէ յայտարարութիւնը, որ կը կրէ թանգարանի նախագահ Տան Վայսի եւ տնօրէն Մաքս Հոլայնի ստորագրութիւնները։

«Արուեստի “Մեթրոփոլիթընթանգարանը նուիրուած է աւելի քան 5.000 տարուան աշխարհի մարդկային ստեղծագործութեան պահպանման եւ ցուցադրութեան։ Իբրեւ Հայաստա՛նցուցահանդէսի 2018ի կազմակերպող ու հիւրընկալող (որ եղած է առաջին մեծ ցուցահանդէսը, որ հայ ժողովուրդի նշանակալից գեղարուեստական ու մշակութային իրագործումերը հետազօտած է 14 դարերու համաշխարհային ծիրի մը մէջ), սարսափով ու վիշտով դիտած ենք Լեռնային Ղարաբաղի շրջանի նորագոյն բրտութիւնն ու արիւնահոսութիւնը»։

Յայտարարութեան մէջ, Վայս եւ Հոլայն «կը խնդրեն բոլոր ներգրաւուած կողմերը յարգել միջազգային մշակութային ժառանգութեան այս վայրերը, որոնք մեր աշխարհը կը հարստացնեն եւ հազարաւոր տարիներ գոյատեւած են»։ Անոնք կ՚աւելցնեն, որ «մշակութային ժառանգութեան վայրերու կորուստը մշտական է, եւ ցաւալի գողութիւն մըն է ապագայ սերունդներէն»։

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի եւ Ազգային Առաջնորդանի, Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս,  շնորհակալութիւն յայտնեց «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանի նախագահին եւ տնօրէնին՝ հայ մշակոյթի հանդէպ մտահոգութեան ու զօրակցութեան համար, Ազգային Առաջնորդարանի օժանդակութիւնը առաջարկելով թանգարանին՝ Արցախի մշակութային վայրերու պահպանման ջանքերուն մէջ։