ՏՈՔԹ. ՌԱՖՖԻ ԶՕՀՐԱՊԵԱՆԻ (24 Ապրիլ, 1945-16 Դեկտեմբեր, 2020)
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութիւնը խորին ցաւով տեղեկացան Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ նուիրեալ ծխական ու Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի երբեմնի անդամ տոքթ. Ռաֆֆի Զօհրապեանի մահուան մասին։
Ռաֆֆի Զօհրապեան ծնած է Գահիրէի Հելիոպոլիս արուարձանին մէջ, Ապրիլ 24, 1945-ին։ Ան կրտսեր զաւակն էր Լեւոն եւ Թենի Զօհրապեաններուն։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Նուպարեան ազգային վարժարանին, իսկ երկրորդական ուսումը՝ ֆրանսական կաթողիկէ վարժարանին մէջ։
Օգտակար ըլլալու եւ բուժելու տենչը զինք մղած են բժշկական մասնագիտութեան հետեւելու։ 1969-ին աւարտած է Եգիպտոսի բժշկական պետական համալսարանը, որմէ ետք կառավարութիւնը զինք ուղարկած է երկրի աղքատ գիւղերը բուժում հասցնելու։ Ռաֆֆին մեծ գոհունակութեամբ կը պատմէր թէ ինչպիսի նախնական միջոցներով կարողացած էր բուժել այդ խեղճ գիւղացիները եւ թէ անոնք որքան գնահատած էին իր հոգատարութիւնը։
Ուսումը շարունակելու փափաքով, 1973ին Ամերիկա հաստատուած է։ Նախ Մասաչուսթեսի եւ ապա Նիւ Եորքի հիւանդանոցներուն մէջ ուսման եւ աշխատանքի ընթացքը յաջողութեամբ աւարտելով, կը ստանայ վիրաբոյժի վկայականը։
Իր մասնագիտական աշխատանքին զուգահեռ, անսակարկ կերպով կանգնած է Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կողքին, իր կնոջ՝ Նայիրիի, եւ երեք զաւակներուն՝ Ռիթայի (յետագային ամուսնացած՝ Անդրանիկ Գարակէօզեանի հետ), Նորայի եւ Լեւոնի (յետագային ամուսնացած՝ Էլիզա Զօհրապեանի հետ)։ Բախտաւորուած է երեք թոռներով։
Տոքթ. Ռաֆֆի Զօհրապեան Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ եղած է 1996-2002ին եւ եկեղեցւոյ երեսփոխան՝ 2000-2006ին։ Դասախօսած է եկեղեցւոյ կազմակերպած առողջապահական տարբեր ձեռնարկներու տարիներու ընթացքին։ 1997ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ սկզբնական շինութեան 35ամեակին առիթով, տոքթ. Զօհրապեան իր երկարամեայ ծառայութեան համար պարգեւատրուեցաւ, ձեռամբ օրուան հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Անուշաւան Ծ. Վրդ. Դանիէլեանի, իսկ 2005ին, նորաշէն եկեղեցւոյ 15ամեակին առիթով, տէր եւ տիկ. Ռաֆֆի եւ Նայիրի Զօհրապեան յուշատախտակ մը ստացան՝ ի գնահատութիւն իրենց անձնուէր ծառայութեան։
Տոքթ. Ռաֆֆի Զօհրապեան իր մահկանացուն կնքեց 16 Դեկտեմբերին, շրջապատուած իր ընտանիքով։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Չորեքշաբթի, 23 Դեկտեմբերին, նախագահութեամբ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, որ խօսք առաւ յանուն Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն, դրուատելով հանգուցեալին եկեղեցասիրութիւնն ու նուիրումի ոգին, բացառիկ բարութիւնն ու հարցերը լուծելու դրական մօտեցումը, եւ մանաւանդ իր առատաձեռնութիւնը։ Սրբազան Հայրը այնուհետեւ մասնակցեցաւ թաղման արարողութեան Լոնկ Այլընտի Փայնլօն Մեմորիըլ Փարք գերեզմանատան մէջ։