ԿԻՐԱԿԻ, 27 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Զ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 41.4-14
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ (19.12-28)
– Ազնուական մարդ մը կար, որ հեռաւոր երկիր մը գնաց, որպէսզի թագաւորական իշխանութիւն առնէ եւ իր երկիրը վերադառնայ: Նախ քան մեկնիլը, կանչեց իր ծառաներէն տասը հոգի եւ իւրաքանչիւրին տասը ոսկի դրամ տուաւ եւ ըսաւ. «Շահարկեցէ՛ք այս դրամը, մինչեւ վերադարձս»: Բայց իր քաղաքացիները կ’ատէին զինք. հետեւաբար պատգամաւոր ղրկեցին իր ետեւէն, ըսելով. «Չե՛նք ուզեր որ ան մեր վրայ թագաւոր դառնայ»:
Երբ ազնուականը թագաւորական իշխանութիւնը առաւ եւ վերադարձաւ, անմիջապէս կանչեց իր ծառաները, որոնց դրամ տուած էր, գիտնալու համար թէ ի՛նչ շահած են: Առաջինը եկաւ եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, մէկ տուածիդ դէմ տասը շահեցայ»: Տէրը ըսաւ. «Ապրի՛ս, բարի՛ ծառայ, քանի այդ փոքրիկ բանին մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, ահա քեզ տասը քաղաքներու վրայ կառավարիչ կը նշանակեմ»: Երկրորդ ծառան ալ եկաւ եւ ըսաւ. «Մէկ տուածիդ դէմ հինգ շահեցայ»: Տէրը ըսաւ. «Քեզ ալ հինգ քաղաքներու վրայ կառավարիչ կը նշանակեմ»: Երրորդը եկաւ եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, ահաւասիկ տուած դրամդ, զայն պահեցի թաշկինակի մը մէջ ծրարած: Կը վախնայի քեզմէ, որովհետեւ խիստ մարդ մըն ես: Կ’առնես ինչ որ քուկդ չէ եւ կը հնձես ինչ որ չես սերմանած»: Տէրը ըսաւ անոր. «Չա՛ր ծառայ, քու խօսքովդ քեզ պիտի դատեմ: Քանի գիտէիր որ խիստ մարդ մըն եմ, կ’առնեմ ինչ որ իմս չէ եւ կը հնձեմ ինչ որ չեմ սերմանած, ինչո՞ւ դրամս շահարկողներուն չտուիր, քանի գիտէիր նաեւ թէ վերադարձիս զայն տոկոսով միասին պիտի պահանջէի»: Ապա սպասաւորներուն ըսաւ. «Առէ՛ք իրմէ դրամը եւ տարէք տուէք անոր՝ որ տասնապատիկը շահած է»: Անոնք ըսին. «Տէ՛ր, անիկա արդէն տասնապատիկը ունի»: «Գիտցէք,- ըսաւ ան,- ունեցողին աւելիով պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած ամենէն փոքր բաժինն ալ: Իսկ իմ թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ իրենց թագաւոր ըլլամ, հոս բերէք եւ իմ ներկայութեանս սպաննեցէք զանոնք»:
Այս խօսքը ըսելէ ետք Յիսուս շարունակեց իր ճամբան դէպի Երուսաղէմ:
ՆԱՄԱԿ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7.11-25
Գիտենք, թէ Ղեւտացիներու քահանայութիւնն էր հիմը սրբութեան այն օրէնքին, որ Իսրայէլի ժողովուրդին տրուեցաւ: Արդ, եթէ կարելի ըլլար այդ քահանայութեան միջոցաւ կատարելութեան հասնիլ, Աստուած ի՞նչ պէտք պիտի ունենար նոր քահանայապետ մը տալու Մելքիսեդեկի օրինակով եւ ոչ՝ Ահարոնի քահանայութեան շարունակութենէն: Միւս կողմէ, քահանայութեան փոխուելուն հետ սրբութեան օրէնքն ալ պէտք էր փոխուէր.որովհետեւ Քրիստոս, որուն մասին կը խօսուի, կը պատկանէր ուրիշ ցեղի մը, որուն անդամներէն ո՛չ մէկը քահանայութեան պաշտօնը ստանձնեց երբեւիցէ: Արդ, յայտնի է՝ թէ մեր Տէրը Յուդայի ցեղէն էր, մինչդեռ այդ ցեղէն գալիք քահանայութեան մը մասին Մովսէս ոեւէ բան չըսաւ:
Փոփոխութիւնը աւելի բացորոշ է անով, որ կը յայտնուի քահանայ մը որ Մելքիսեդեկի նման է. այսինքն՝ մարմնաւոր կեանքի յատուկ օրէնքներու եւ կարգերու համաձայն չէ՛ որ քահանայ եղած է, այլ՝ յաւիտենական կեանքի մէջ ի զօրու եղող օրէնքով: Անոր մասին վկայեց Սուրբ գիրքը, ըսելով. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես, Մելքիսեդեկին պէս»: Բացայայտ է, թէ նախկին պատուիրանը մէկդի կը դրուի, անզօր եւ անօգուտ ըլլալուն համար, որովհետեւ Օրէնքը չկրցաւ ոեւէ բան կատարելութեան հասցնել. եւ հիմա մեզի տրուեցաւ աւելի լաւ յոյս մը, որով Աստուծոյ կը մօտենանք:
Աւելին, այս նոր քահանայութիւնը երդումով տրուեցաւ, մինչդեռ միւսներուն քահանայութիւնը երդումով տրուած չէ: Քրիստոս քահանայ եղաւ Աստուծոյ երդումով, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ’ըսէ.-
«Տէրը անդառնալի երդում ըրաւ, ըսելով.
“Դուն յաւիտեան քահանայ ես”»:
Եւ այսպէս, Յիսուս գերազանց ուխտի մը երաշխաւորը եղաւ:
Ի վերջոյ, միւս քահանաները թիւով շատ կ’ըլլային, որպէսզի մէկուն կամ միւսին մահով՝ քահանայութիւնը չընդհատուէր: Բայց որովհետեւ Յիսուս յաւիտեան կ’ապրի, իր քահանայութիւնն ալ անվախճան է: Ուստի, նաեւ կրնայ վերջնականապէս փրկել անոնք՝ որոնք իր միջոցաւ Աստուծոյ կու գան, որովհետեւ միշտ կենդանի ըլլալով՝ տեւաբար բարեխօս կ’ըլլայ անոնց համար: