ԱՄԱՆՈՐԻ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 20 Դեկտեմբերին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, ի ներկայութեան Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տիար Արմէն Մորեանի, եւ գանձապահուհի՝ տիկ. Միրէյ Պապիկեանի, 10.000 տոլարի վճարագիր (չէք) մը յանձնեց Թեմիս Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին, Կաթողիկոսարանի անհրաժեշտ ծախսերու համար:
Միաժամանակ, Տէր Հայրը յանձնեց երկրորդ վճարագիր մը՝ 2.500 տոլարի գումարով, «Մեծն Ներսէս» բարեգործական հաստատութեան ուղղուած, առ ի գործածութիւն Արցախի մեր տնազուրկ ընտանիքներու՝ Ամանորի որպէս նուէր:
Տէր Մեսրոպի հաւատարմութիւնը Սուրբ Աթոռին հանդէպ եղած է օրինակելի: Ան միշտ ջանացած է խանդավառել Հոգաբարձութիւնն ու իր Հօտը, զանոնք մղելով բարեսիրական ազնիւ ծրագիրներու իրագործման:
Այս առթիւ, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Տէր Հօր եւ Հոգաբարձութեան նախանձախնդրութիւնը մեր հոգեւոր մեծ Տան՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ինչպէս նաեւ Հայրենիքի հանդէպ: Շեշտեց կարեւորութիւնը Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ, որ հարիւր եւ հինգ տարիներէ ի վեր մեր ժողովուրդի հաւատքի, մշակոյթի եւ ընկերային կեանքի ծառայութեամբ արդարացուցած է իր առաքելութիւնը որպէս յոյսի եւ լոյսի փարոս: Ան մաղթեց որ ամերիկեան ցամաքամասի վրայ մեր եկեղեցիներն ու կառոյցները առաւել եւս զօրանան եւ արմատաւորուին, որպէսզի կարենան նաեւ արտահաս առաքելութեամբ անխտիր օժանդակել Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մեր բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
Վերոյիշեալ գումարները Երկուշաբթի օր փոխանցուեցան առ որ անկ է: