ԶՂՋԱԼՈՒ ՁԵՒԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Մեր խօսակցական լեզուին մէջ թափառող թրքերէն բառերու շարքին, յաճախ կը լսենք փուշման ըլլալ արտայայտութիւնը, որուն հայերէնը «զղջալ» է։ Սակայն, եթէ կարդաք, օրինակ, մեծանուն վիպասան Րաֆֆիի «Դաւիթ Բէկ» պատմավէպը, հոն պիտի գտնէք փոշմանել բայը, որ մինչեւ այսօր (հաւանաբար՝ Րաֆֆիէն առաջ նոյնիսկ) յաճախակի կերպով կը գործածուի խօսակցական արեւելահայերէնի մէջ։ Ինչպէս նկատելի է, այստեղ փոշման օտար արմատը հիմքը դարձած է հայերէն բայի մը ստեղծումին, որ կը պատկանի «ել» լծորդութեան։
Բայց ինչո՞ւ խօսակցական արեւելահայերէն փոշմանելը (որ բառարաններու մէջ մտած է) եւ խօսակցական արեւմտահայերէնի մէջ շրջան ընող փուշման ըլլալը տարբեր ձեւով կը հնչուին։
Պատասխանը կարելի է գտնել այն իրողութեան մէջ, որ մէկը թրքերէն է՝ փուշմանը, իսկ միւսը՝ պարսկերէնէ ծագած է (փոշման)։ Ըստ Հրաչեայ Աճառեանի հաւաքած տուեալներուն, մեր միջնադարեան բանաստեղծութեան մէջ (Յովհաննէս Թլկուրանցի, Նահապետ Քուչակին վերագրուող քառեակները, եւ այլն) կայ փոշիման («զղջացեալ») բառը, իսկ հինգերորդ դարու գրաբարին մէջ եղած է փաշաման («զղջում կամ յանդիմանութիւն»)։ Երկուքն ալ կու գան պարսկական աղբիւրէ, առաջինը՝ պարսկերէն pashiman ձեւէն, երկրորդը՝ պահլաւերէն pashaman բառէն։
Արեւելահայերէնը բազմաթիւ բառեր մտցուցած է իր բառապաշարին մէջ՝ բարբառներու ճամբով, որոնք ըստ էութեան պարսկական կամ թրքական ծագում ունին, բայց որոնց ծագումը, շատ հին ըլլալով, այլեւս գիտակցուած չէ։ Արեւմտահայերէնը, սակայն, փուշման եւ այլեւայլ թրքերէն բառեր չ՚ընդունիր իբրեւ գրական լեզու եւ, բնականաբար, զանոնք չի մտցներ բառարաններու մէջ։