Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ԲԱՐԵՇՆՈՐՀ ԶԱՒԷՆ Ա. ՍՐԿ. ՔԱՑԱԽԵԱՆԻ (8 Մարտ, 1920 – 18 Դեկտեմբեր, 2020)

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ թեմիս Կրօնական Խորհուրդն ու Քաղաքական Վարչութիւնը խորին ցաւով տեղեկացան Բարշ. Զաւէն Ա. Սրկ. Քացախեանի մահուան մասին, որ տեղի ունեցած է Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր 1920ին։ Հանգուցեալը ծնած էր Պոլիս, 8 Մարտ, 1920ին։

Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծուխին հաւատարմօրէն ծառայած է, սարկաւագ ձեռնադրուելով 1972ին, ձեռամբ՝ օրուան Առաջնորդ Հրանդ Արքեպիսկոպոս Խաչատուրեանի։ Իր ծառայութիւնը շարունակած է մինչեւ կեանքի վերջին տարիները։ Քանի մը տարի առաջ, կորսնցուցած էր իր կողակիցը՝ Ալիս։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց յուղարկաւորութեան Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) եւ խօսք առաւ Ազգային Վարչութեան անունով, վեր առնելով 100ամեայ հանգուցեալին բարեհամբոյր, խոնարհ եւ ծառայասէր նկարագիրը, յատկապէս շեշտելով, որ ան միշտ քաջալերած է Ս. Խորանի երիտասարդ սարկաւագներու գործօն դերակատարութիւնը։ Ան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու անունով ցաւակցութիւններ յայտնեց Զաւէն Աւագ Սարկաւագի զաւակներուն՝ տէր եւ տիկ. Գրիգոր եւ Արփինէ Ուռկանճեան, տէր եւ տիկ. Գրիգոր եւ Սոնա Կիւլակաճը, թոռներուն եւ ծոռերուն։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ թաղման արարողութեան Ֆլաշինկի Սիտըր Կրով գերեզմանատան մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *