ՅԱԿՈԲ ԳԻՒՐՋԵԱՆ (մահ՝ 28 Դեկտեմբեր, 1948)
Յակոբ Գիւրջեան առաջին հայ քանդակագործն է, որ իր ստեղծագործութիւնը համաշխարհային ասպարէզ հանած է։
Գիւրջեան ծնած է Շուշի, 17 Դեկտեմբեր, 1881ին։ Ուսումը ստացած է Շուշիի ռէալական ուսումնարանին մէջ, ուր զարգացուցած է վաղ մանկութենէն ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը դէպի արուեստ։ Մոսկուայի մէջ իր ուսումը աւարտելէ ետք, մեկնած է Փարիզ, ուր ուսանած է Ժիւլիան գեղարուեստի ակադեմիային մէջ (1907-1910)։ Թէեւ ուսման տարիներու կեանքին մանրամասնութիւնները յայտնի չեն, կարգ մը գործեր պահպանուած են, որոնք կը վկայեն Գիւրջեանի աշխատասիրութեան, տաղանդի եւ արտակարգ յառաջդիմութեան մասին։ Այդ տարիներուն, նաեւ յաճախած է աշխարհահռչակ քանդակագործ Օկիւստ Ռոտէնի արուեստանոցը։
1908ին սկսած է մասնակցիլ ցուցահանդէսներու՝ Մոսկուայի, Ս. Փեթերպուրկի եւ Փարիզի մէջ։ Առաջին շրջանին ստեղծած գործերու շարքին են Արշակ Չօպանեանի, Մաքսիմ Կորքիի, Լեւ Թոլսթոյի դիմաքանդակները, «Հայ գեղջկուհիներ» բարձրաքանդակը, «Գաղթ» յօրինումը, եւ այլն։ 1914-1921ին աշխատած է Մոսկուա եւ Թիֆլիս, ուր ստեղծած է հայ եւ օտար նշանաւոր անհատներու դիմաքանդակները, ինչպէս Զօրավար Անդրանիկ (պահպանուած չէ), Ալեքսանդր Շիրվանզադէ, Վահան Տէրեան, Ֆէոտոր Շալիափին, Սերկէյ Ռախմանինով եւ Լուտվիկ վան Պէթհովէն։ 1921ին փոխադրուած է Փարիզ, ուր ապրած եւ ստեղծագործած է մինչեւ կեանքին վերջը։ Անոր գործերուն ընդհանուր թիւը աւելի քան 300 է, ու յետագայ տարիներուն ստեղծած է հայ (Մարտիրոս Սարեան, Գարեգին Յովսէփեանց) եւ օտար հռչակաւոր անհատներու դիմաքանդակները, նաեւ դիցաբանական եւ պատմական ու այլ նիւթերով գործեր, ինչպէս «Լետա» (1922), «Յաղթանակ» (1923), «Սալոմէ» (1925-1926), «Պատանեկութիւն» (1934), «Երիտասարդութիւն» (1939)։
Գիւրջեան հայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ ստեղծած է տարբեր սեռերու նուիրուած գործեր, նիւթերու բազմազանութեամբ եւ գեղարուեստական ընդհանրացումներով։ Անոր արուեստը միահիւսած է Արեւելքի հնագոյն եւ եւրոպական նոր արուեստներու աւանդութիւնները։
Գիւրջեան անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Նիւ Եորքի (1924) եւ Փարիզի (1926, յետմահու՝ 1952) մէջ։ Անոր գործերը ցուցադրուած են Թոքիոյի, Օսլոյի, Ամպերի, Պրիւքսէլի եւ այլ քաղաքներու մէջ։
Քանդակագործը մահացած է Փարիզի մէջ, 28 Դեկտեմբեր, 1948ին։ Ըստ անոր կտակին, 1958ին այրին՝ Տատիանա Գիւրջեան, իսկ 1963ին՝ վերջինիս երկրորդ ամուսինը՝ Ա. Առաքելեան, աւելի քան 440 ստեղծագործութիւն նուիրած են Հայաստանին, ուր մշտական ցուցադրութիւն բացուած է ազգային պատկերասրահին մէջ։