«ՈՎ ՈՐ ԻՐ ԱՆՁԸ ԽՈՆԱՐՀԵՑՆԷ՝ ՊԻՏԻ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ»
«ՈՎ ՈՐ ԻՐ ԱՆՁԸ ԽՈՆԱՐՀԵՑՆԷ՝ ՊԻՏԻ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ»
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՔԱՐՈԶԸ (20 Դեկտեմբեր, 2020)
Այսօր՝ Յիսնակաց հինգերորդ Կիրակի օրուան աւետարանական ընթերցումը առնուած է Ղուկասու Աւետարանէն 18.9-14, ուր կը սորվինք աղօթքի էութեան մասին: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կը պատմէ Փարիսեցիի եւ Մաքսաւորի առակը: Առաջինը պարծանքով կ՚աղօթէ, թէ ինք շնորհակալ է Աստուծոյ որ ուրիշներու նման յափշտակող, անիրաւ, շնացող չէ, եւ կամ իրմէ հեռու կանգնած աղօթող մաքսաւորին նման, այլ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահէ եւ ամբողջ եկամուտին տասանորդը կու տայ տաճարին: Իսկ մաքսաւորը հեռուն կանգնած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու, կուրծքը կը ծեծէ ու կ՛ըսէ. «Աստուած, ներէ մեղաւորիս մեղքերը»:
Աստուածային վճիռը կ՚արձակուի` ի զարմացումն բոլոր ունկնդիրներուն, ի նպաստ մեղաւոր մաքսաւրին, թէ՝ «մաքսաւո՛րը արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ փարիսեցին, որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ»:
Միջին Արեւելքի մէջ, առակի գործածութիւնը ընդհանրացած երեւոյթ էր, եւ ունէր յստակ ձեւաչափ մը: Ունկնդիրները առհասարակ կրնային դերակատարներու տուեալներէն կռահել առակին աւարտը: Նոյնինքն Ղուկասու 18րդ գլխուն մէջ իրերայաջորդ Դատաւորին ու աղքատ այրիին, եւ ապա՝ Փարիսեցիին ու Մաքսաւորին առակներէն ոեւէ ունկնդիր պիտի եզրակացնէր, որ դատաւորն ու փարիսեցին որպէս օրէնքի անձինք, բնականաբար յաղթական կամ արդարացած դուրս պիտի գային: Բայց եւ այնպէս մեր Տէրը, առաջնորդուելով աստուածային իմաստութեամբ, տարբեր եզրակացութեան կը յանգի:
Փարիսեցիի աղօթքի սկիզբը ո՛չ մէկ կասկած որ աղօթասացութեան օրինակելի ձեւն է՝ փառք տալ Աստուծոյ: Շարունակութիւնը, դժբախտաբար, լիովին կը շեղի աղօթքի նկարագրէն երբ գերակայութեան բարդոյթէ տառապողի կերպարը կը ցոլացնէ, երբ ինքզինք կը բաղդատէ այլոց հետ: Սաղմոսասացը յստակ եւ մեկին կը շեշտէ , թէ «չկա՛յ կենդանի արարած մը որ քու դիմացդ արդարանայ» (Սղ 143.2), միաժամանակ կ՚ապահովցնէ որ «Աստուած չ՛անտեսեր մաքուր եւ խոնորհ հոգին» (Սղ 51.17):
Սաղմոսի այս տողերէն ու Քրիստոսի վճիռէն վճիտ հաստատում մը կը տեսնենք, այն՝ թէ Անժամանակ Աստուած, որ խօսեցաւ Հին Կտակարանին մէջ նահապետներու եւ մարգարէներու միջոցաւ, այժմ նոյն ճշմարտութիւնը կը խօսէր ժամանակին մէջ որպէս Աստուած եւ մարդ: Հետեւաբար, որպէս բանաւոր եւ Աստուծոյ ձեռքով ստեղծուած արարածներ, որքան աւելի առաքինութեան շուշաններ որոնենք խոնարհութեան ձորին մէջ, անոնք աւելիով մեզ կ՚առաջնորդեն դէպի ճշմարիտ եւ յաւիտենական բարիքներու բարձունքը:
Մաքսաւորին խոստովանանքը որպէս մեղաւոր՝ արդարացուց զինք: Ձկնորս Պետրոսի խոստովանանքը, թէ «Հեռացի՛ր ինձմէ, Տէ՜ր, որովհետեւ ես մեղաւոր մարդ մըն եմ», զինք դարձուց առաքեալ եւ մարդորս (Ղկ 5.8,10): Պօղոս առաքեալի խոստովանանքն էր, թէ «ինք մեղաւորներու գլխաւորն է» (Ա Տիմ 1.15), որ զինք հրաշակերտեց եւ զօրացուց որպէսզի պարծանքով կարենար ըսել՝ «Բարի պատերազմը մղեցի, կեանքիս ընթացքը աւարտեցի, հաւատքը պահեցի: Ասկէ ետք ինծի կը մնայ միայն սպասել արդարութեան պսակին» (Բ Տիմ 4.7): Իսկ Ներսէս Կլայեցի կաթողիկոսին խոստովանանքը, «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքի իւրաքանչիւր տան աւարտին, թէ՝ «ողորմէ քու արարածներուդ, մանաւանդ ինծի՝ բազմամեղիս», արդար կերպով արժանացուց զինք Շնորհալի կոչումին:
Եւ ահա, հետզհետէ կը մօտենանք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, որ անզուգականօրէն կոթողական արարք մըն է, խոնարհութեան, հրաւիրելով մեզ որոնելու եւ վերագտնելու մեր հարազատ ինքնութիւնը որպէս զաւակներ երկնաւոր Հօր: Պատրա՞ստ ենք մեր Տիրոջ շնորհքով պայծառակերպուած՝ աստուածային խոնարհութեան այս աստիճանը գործածելու: Վստահ ըլլանք, որ անով պիտի վերանանք վայելելու յաւերժական փառքը Անոր, որ միաժամանակ կ՚ապրի ե՛ւ երկնքի բարձունքներուն, ե՛ւ մեր սրտերուն մէջ, եւ մեզ կ՚առաջնորդէ արժանի կերպով փառաւորելու Ամենասուրբ Երրորդութիւնը յաւիտեանս: Ամէն: