Ս. ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՎԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՔԱՐՈԶԸ (20 Դեկտեմբեր, 2020)
2020 տարուան վերջին Կիրակին, անգամ մը եւս փա՜ռք կու տանք Ամենակալ Աստուծոյ, որ իր օրհնութեամբ եւ իմաստութեամբ կեանքի ահաւոր վերիվայրումներու ընդմէջէն, նոր փորձառութեամբ առաջնորդեց մեզ որպէս հաւատքի ուխտաւորներ: Փա՜ռք Աստուծոյ, որ շրջապատուած ըլլալով նուիրեալ հոգեւորականաց դասով, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան, Հոգաբարձութեանց եւ օժանդակ Մարմիններու, ամէնօրեայ թէ միօրեայ վարժարաններու տեսչական եւ ուսուցչական կազմերու, ինչպէս նաեւ քոյր կազմակերպութեանց նուիրեալ փաղանգով, մեր բոլոր կառոյցները մնացին կանգուն, կեանքի անակնկալ մարտահրաւէրներուն դիմակալելու նոր իմաստութեամբ հարստացած:
Արցախեան պատերազմի ընթացքին զոհ գացած մեր քաջամարտիկներու հոգիներուն համար աղօթքի խունկ բարձրացնելով առ Աստուած, խաղաղութիւն կը հայցենք անոնց հոգիներուն, մխիթարութիւն՝ անոնց հարազատներուն, շուտափոյթ ապաքինում՝ վիրաւորեալներուն, ազատագրում՝ գերեալներուն, եւ անվնաս տուն դարձ՝գաղթականներուն: Խնդրելով նաեւ, որ յոյսի լարով մեզ ամրացնէ՝ դիմաւորելու բարեբաստիկ նոր տարիներ, զօրացնէ Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցին եւ անսասան պահէ մեր հայրենիքը արտաքին եւ ներքին թշնամիներէ ու դաւադրութիւններէ, որոնք կը նսեմացնեն մեր յաղթական երթը դէպի յաւերժութիւն:
* * *
Երկու օրեր առաջ, Արեւմտեան եկեղեցիներու Ծննդեան տօնախմբութեան խնդակցելէ ետք, երէկ Հայաստանեայց Եկեղեցին տօնակատարեց Քրիստոնեայ եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագ եւ նահատակ՝ Սուրբ Ստեփաննոսի տօնը, որուն ամփոփ կենսագրութիւնը, ինչպէս նաեւ ուղղափառ հաւատքի հոյակապ ճառը նկարագրուած է Գործք Առաքելոցի 6.1-8.2 գլուխներուն մէջ: Ստեփաննոս՝ Սուրբ Հոգիով լեցուն անձնաւորութիւն մը, եօթը սարկաւագներուն սահմանուած պարտականութիւնը կատարելէ անդին, նաեւ քարոզութեամբ եւ հրաշագործութեամբ նորադարձ հաւատացեալներու թիւը կ՚աճեցնէր: Շուտով ան ատեան կը կանչուի, ծանօթ Սանհետրին անունով, ուր ի զարմացումն մովսիսական օրէնքի պետերուն, կը խօսի Հին Կտակարանով ապացուցուած Մեսիային՝ Քրիստոսի մասին, զոր իրենք խաչեցին, եւ մինչ իր աչքերը կը բարձրացնէ երկինք, կը տեսնէ զԱստուած իր ամբողջ փառքով, ինչպէս նաեւ Յիսուսը՝ Աստուծոյ աջին կանգնած: Այս խիզախ վկայութեան հետեւանքը կ՚ըլլայ անոր քարկոծումը, որուն կը յաջորդէ աւելի հրաշալի երեւոյթ մը՝ ան կ՚աղօթէ զինք քարկոծողներուն համար: Եկեղեցւոյ հայրերը արդար կերպով զինք դասած են սրբոց գլուխ երրորդութեան՝ Աստուածամօր եւ սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի հետ, որոնց կարգին իր անունը եւս կը յիշուի յընթացս սուրբ Պատարագի:
Ընդհանրական եկեղեցին սուրբերը ամենայն բարեպաշտութեամբ կը յարգէ ու կը փառաբանէ որպէս Քրիստոսի հրաւէրին անվերապահ կերպով ընդառաջող հաւատքի ախոյեաններ: Անոնց գործնականացած հաւատքը իրա՛ւ որ գովելի է, որովհետեւ գիտակցաբար եւ ցնծութեամբ իրենք զիրենք նուիրեցին Քրիստոսի, ի պահանջել հարկին իրենց մահուան գնով: Սուրբ Ստեփաննոս եղաւ առաջինը, որ իր հաւատքը ի սէր յարուցեալ Քրիստոսին փաստացի քննութեան ենթարկեց:
Այժմէականացնելու համար այս սուրբին սխրագործութիւնը, եթէ ուզենք զուգահեռ մը գծել իր եւ գիտութեան շրջանակի հերոսի մը միջեւ, յարմարագոյն անձը կարելի է նկատել Նիլ Արմսթրոնկ, որ 20 Յուլիս, 1969ին առաջին անգամ իր ոտքը դնելով լուսնի մակերեսին վրայ, մարդկութեան համար աննախընթաց քայլի մը փորձառութեան յանձնեց ինքզինք: Ճիշդ է, որ շատ աստղանաւորդներ հետեւեցան իրեն, սակայն եւ այնպէս, ան կը մնայ ախոյեանը անջրպետի հետախուզութեան արշաւին:
Սուրբ Ստեփաննոս եղաւ յարուցեալ Քրիստոսի վարդապետութիւնը մարմնաւորող առաջին վկան: Ան մարգարիտի վաճառականին նման երբ ամենէն թանկ մարգարիտը գտաւ, իր ունեցածները ծախելով զայն գնեց (Մտ 13.45), տառացի կերպով իր խաչը կրեց (Ղկ 14.27), Սուրբ Հոգին սորվեցուց իրեն ինչ պէտք էր խօսէր ատեանին առջեւ (Ղկ 12.12), ան հալածուեցաւ արդարութեան համար եւ ամէն նախատինքի ու զրպարտութեանց ենթարկուեցաւ (5.10,11), ցորենի հատիկի նման հողին մէջ ինկաւ ու մեռաւ եւ բազմաթիւ հատիկներ տուաւ (Յհ 12.24), եւ այս բոլորին վարձատրութիւն՝ Աստուած զինք արժանացուց, նոյնիսկ այս երկրային կեանքի վրայ, երկնային փառքի տեսութեան (Գործք 7.55)։
Սուրբ Ստեփաննոսի հաւատքը արմատաւորուած Հայր Աստուծոյ մէջ, խարսխուած Քրիստոս Աստուածորդւոյն մէջ, հրաշագործուած Սուրբ Հոգիով, նոյնքան եւ աւելի իրաւ էր եւ տոկուն, որքան նիւթական եւ երեւելի որեւէ առարկայ: Իր Յոյսը՝ վայելելու խաչեալ եւ յարուցեալ Քրիստոսի խոստումներու իրականացումը, աներկբայելի էր: Իր սէրը՝ վայելելու յաւերժական Սէրը, որ կը գերազանցէ այս աշխարհի ամէն գեղեցկութիւն, փառք եւ հաճոյք, անչափ էր:
Որպէս նախանձախնդիր եւ հոգատար անհատ, Սուրբ Ստեփաննոս չվարանեցաւ Քրիստոսով յայտնուած երանական իր ուրախութիւնը բաժնեկցիլ իր ազգակիցներուն հետ: Անվախօրէն յաղթահարելով Չարին նիւթած բոլոր արգելքները, ամենայն համարձակութեամբ ան առանձինն կանգնեցաւ իր ժողովուրդին հոգեւոր հեղինակութիւն հանդիսացող ատեանին առջեւ: Եւ երբ ձախողեցաւ զանոնք առաջնորդել Լոյսին, ան իր յոյսը չկտրեց, այլ աղօթեց բոլոր անոնց համար որ զինք քարկոծեցին, որոնց վկաներէն մէկն էր Սօղոս՝ յետագայի Պօղոս Առաքեալը:
Սուրբ Ստեփաննոս բոլոր դարերու հաւատացեալներուն համար օրինակելի տիպար մըն է: Թափուր Գերեզմանէն ծլած որպէս Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ անթառամ ծաղիկ, իր խոնարհութեամբ ան կը սորվեցնէ մեզի հետեւիլ Քրիստոսի, որ անպատմելի խոնարհութեամբ եկաւ մեզ բարձրացնելու: Իր անդրդուելի վստահութեամբ կը փոխանցէ մեզի անառարկելի ճշմարտութիւն՝ գերագոյն Ճշմարտութեան մասին, որպէսզի չթակարդուինք այս աշխարհի Իշխանի սադրանքներէն: Իր արիութեամբ ան մեզ կը քաջալերէ տեղի չտալ նոյնիսկ երբ նախանձի, ատելութեան եւ զայրոյթի քարեր փորձեն մեր ուխտագնացութիւնը կասեցնել կեանքէն՝ Կեանք:
Եւ վերջապէս, Սուրբ Ստեփաննոս անձնական փորձառութեամբ մեզի ժառանգ կը թողու ցկեանս պատգամ մը, այն, որ անգամ մը որ մեր սրտերուն մէջ ընդունինք մանուկ Քրիստոսը, որ երկրպագուեցաւ երեք մոգերուն կողմէ, հաւատարիմ մնանք անոր մեր կեանքի բոլոր օրերուն, որովհետեւ Ան խոստացաւ՝ «ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ» (Յհ 12.26), վայելելով ամէն տեսակի ուրախութիւն, պատիւ եւ փառք, զոր «որեւէ աչք չէ՛ տեսած, որեւէ ականջ չէ՛ լսած եւ ոեւէ մէկուն մտքէն իսկ չէ՛ անցած», ինչպէս կ՛ըսէ Առաքեալը (Ա Կր 2.9), փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը: Ամէն: