Առաջնորդարանէն

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, Յունուար 6ին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը նշեց։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ս. Պատարագ մատուցանեց ու նախագահեց Ջրօրհնէքի արարողութեան Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, կնքահայրութեամբ՝ Ռաֆայէլ Եսայեանի, որդի՝ տէր եւ տիկ. Պետրոս եւ Լիզա Եսայեաններու։

Ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր խնդրանքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեանին ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք շնորհեց, Տէր Հօր ձեռնադրութեան 15ամեակին առիթով։ Ս. Պատարագի ընթացքին, իր քարոզէն առաջ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս կարդաց Վեհափառի Հայրապետի կոնդակը եւ Տ. Մեսրոպ Ա. Քահանային յանձնեց ծաղկեայ փիլոնը, դրուատելով անոր տարիներու հաւատաւոր ու նուիրեալ ծառայութիւնը Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցեւոյ եւ Նիւ Եորքի հայ համայնքին։

Ջրօրհնէքի արարողութենէն ետք, Անուշաւան Սրբազան կատարեց օրհնութիւն եկեղեցւոյ զոյգ դռներուն, որոնք նուիրուած են տոքթ. եւ տիկ. Ճորճ եւ Թամարա Տէր Մխսեաններու կողմէ (տիկ. Տէր Մխսեան իր մահկանացուն կնքած էր 20 Փետրուար, 2019ին)։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *