Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ԱՂՕԹՔ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ

Արցախեան պատերազմի սկիզբէն իսկ ամէնօրեայ դրութեամբ, Ազգային Առաջնորդարանի հովանիիններքեւ գործող իւրաքանչիւր հոգեւոր հովիւ հերթական կերպով, իր եկեղեցիին մէջ ունեցաւ աղօթքի յատուկժամ մը: Իսկ Հոկտեմբեր ամսուան աւարտին՝ պատերազմին առաւել սաստկացման եւ Արցախիշրջափակման օրերէն սկսեալ, հոգեւորականաց հանուր դասը ամէն օր, արեւելեան ժամով երկոյեան 9:00-10:00 յատուկ աղօթակարգ ունեցաւ, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս:

Հաւատացեալ ժողովուրդի բուռն փափաքին ընդառաջելով, սոյն աղօթքի ժամը պիտի սփռուի YOU TUBE-իմեր կայանէն Երեքշաբթի (հայերէնով) եւ Հինգշաբթի (անգլերէնով) օրերուն: Առաջին հաղորդումները տեղի պիտի ունենան Երեքշաբթի, 19 եւ Հինգշաբթի, 21 Յունուարին։

Վստահ ենք որ գործակցաբար՝ Ժողովուրդ եւ Առաջնորդարան, հոգեւոր կապը առաւել եւս ամրացնելով, պիտի կարենանք նորանոր ծրագիրներ մշակել, զօրանալու համար կեանքէ Կեանք հաւատքի մերուխտագնացութեան մէջ, եւ Լուսաւորչաւանդ մեր նախնեաց հոգեւոր ժառանգը վերապրելով, որպէսԱստուծոյ ժողովուրդ՝ վկայ դառնալ Իր Լոյսին, ի սփիւռս աշխարհի:

Անոնք որոնք կը փափաքին յատուկ խնդրանք ներկայացնել՝ յիշուելու համար աղօթաժամին, թողբարեհաճին ել. նամակով (email) իրենց փափաքը ղրկել aghotk@armenianprelacy.org հասցէին, վստահըլլալով, որ իրենց խնդրանքը միայն պիտի յայտնուի հոգեւոր հայրերուն, իսկ ենթակային ինքնութիւնըբացարձակապէս պիտի մնայ խորհրդապահական:

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *