Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ
Ե. ՕՐ ՊԱՀՈՑ ԾՆՆԴԵԱՆ 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 1:39-56

Նոյն օրերուն, Մարիամ ճամբայ ելլելով՝ աճապարանքով գնաց Յուդայի լեռնային շրջանի քաղաքներէն մէկը: Հոն Զաքարիայի տունը մտնելով՝ Եղիսաբէթի ողջոյն տուաւ: Երբ Եղիսաբէթ Մարիամի ողջոյնը լսեց, իր որովայնին մէջ երեխան շարժեցաւ, եւ Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով ներշնչուած՝ բարձրաձայն ըսաւ.

– Կիներուն մէջ օրհնեա՜լ ես դուն եւ օրհնեա՜լ է զաւակը որ կը կրես որովայնիդ մէջ: Ի՜նչ երջանկութիւն, որ Տիրոջս մայրը ինծի կ’այցելէ. որովհետեւ երբ ողջոյնդ լսեցի, երեխաս ուրախութեամբ շարժեցաւ որովայնիս մէջ: Երանի՜ քեզի որ հաւատացիր, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ քեզի ըսուածները պիտի կատարուին:

Մարիամի օրհներգութիւնը

Մարիամ ըսաւ.

     «Տէրը պիտի գովաբանեմ.

    Ահա հոգիս կ’ուրախանայ

Աստուծմով, իմ Փրկիչովս,

     որովհետեւ ան տեսաւ

իր աղախինին հեզութիւնը:

Ասկէ ետք բոլոր սերունդները

երանի պիտի տան ինծի,

   քանի հզօրն Աստուած ինծի համար

մեծամեծ գործեր կատարեց.

սուրբ է անունը անոր:

    Բոլոր ժամանակներուն մէջ

ողորմութեամբ ան կը նայի

աստուածավախ մարդոց վրայ:

    Իր բազուկով ան զօրութիւն ցոյց տուաւ,

ոչնչացուց հպարտները՝

իրենց բոլոր խորհուրդներով:

     Գահազրկեց արքաները

եւ բարձրացուց խոնարհները:

     Անօթիները բարիքներով լիացուց,

մինչ հարուստները դատարկաձեռն արձակեց:

     Պաշտպան եղաւ իր ծառային՝ Իսրայէլի,

հաւատարիմ մնալով իր ողորմութեան,

     ինչպէս որ խոստացած էր մեր հայրերուն՝

Աբրահամի եւ անոր զաւակներուն»:

Մարիամ Եղիսաբէթի մօտ շուրջ երեք ամիս մնալէ ետք վերադարձաւ իր տունը:

 

ՆԱՄԱԿ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:18-27

Այն լեռը, որուն մօտեցած էք հիմա, շօշափելի չէ՛ Սինա լեռան պէս, որ կրակով կը վառէր եւ պատուած էր մշուշով, խաւարով ու մրրիկով. ուր փողը կը հնչէր եւ Աստուծոյ պատգամող ձայնը կը լսուէր: Ժողովուրդը որ այդ ձայնը լսեց՝ կ’աղաչէր որ չլսէ զայն կրկին, որովհետեւ սարսափած էր այն հրամանէն՝ որ կ’ըսէր. «Ով որ մօտենայ լեռան, նոյնիսկ անասուն մը, պէտք է քարկոծուելով մեռնի»: Ա՛յնքան ահաւոր էր տեսարանը, որ Մովսէս ալ կ’ըսէր. «Զարհուրանքէս կը դողամ»: Դուք, սակայն, մօտեցած էք Սիոն լեռան, կենդանի Աստուծոյ քաղաքին, երկնաւոր Երուսաղէմին, հրեշտակ­ներու անհամար բանակներուն: Մօտեցած էք երկինքի մէջ արձանագրուած Աստուծոյ անդրանիկ զաւակներու ուրախական հաւաքոյթին. Աստուծոյ՝ որ բոլորին դատաւորն է, կատարելութեան հասած արդարներու հոգիներուն, Նոր Ուխտի միջնորդին՝ Յիսուսի եւ անոր թափուած արիւնին, որ լաւագոյն արդարութիւն մը կը պահանջէ, քան Աբէլի արիւնը:

Զգոյշ եղէք, որ չըլլայ թէ մերժէք Աստուծոյ խօսքը լսել, որովհետեւ եթէ անոր հրամանները մարդոց փոխանցող Մովսէսին չհնազանդողները ազատում չունեցան, մենք բնա՛ւ ազատում չենք ունենար՝ եթէ կռնակ դարձնենք Աստուծոյ, որ երկինքէն կը խօսի մեզի: Անոր ձայնը երկիրը շարժեց այն ատեն, իսկ հիմա կը մնայ իր խոստումը, որ կ’ըսէ.-

     «Անգամ մը եւս պիտի շարժեմ.

եւ ո՛չ միայն երկիրը, այլ՝ երկինքն ալ»:

 

«Անգամ մը եւս» խօսքը ցոյց կու տայ, որ ստեղծագործութեան մէջ խախտած բաները պիտի փոխուին, մինչ անշարժ մնացածները անփոփոխ պիտի մնան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *