Առաջնորդարանէն

«ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔ» ՇԱՐՔ

Արեւելեան թեմի Կրօնական Ժողովը ձեռնարկած է դասախօսութիւններու շարքի մը՝ «Հաւատք եւ ընտանիք» ընդհանուր խորագրին տակ, որուն պիտի մասնակցին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան, եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) այցելու հովիւ՝ Դոկտ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան։ Դասախօսական այս շարքը պիտի ներկայացուի Երկուշաբթի օրերուն, առցանց կերպով։ Առաջին դասախօսութիւնը՝ «Եօթը սկզբունքներ առողջ ամուսնութեան համար», Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեանի կողմէ, պիտի ներկայացուի Երկուշաբթի, 18 Յունուար, կէսօրին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *