ՄՈՒՐԱՏ ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ (ՓՐԱՒԻՏԸՆՍ, ՌՈՏ ԱՅԼԸՆՏ)
Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ «Մուրատ» ազգ. շաբաթօրեայ վարժարանի վերամուտը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12ին։ Ինչպէս բոլոր դպրոցներուն պարագային, ան նախորդ տարիներէն տարբեր էր, սակայն նոյնքան ուրախ մթնոլորտի մէջ։ Վերամուտէն առաջ, ուսուցչական կազմն ու նորանշանակ տնօրէնութիւնը բազմիցս ժողովներ գումարեցին եւ հանդիպումներ ունեցան, ծրագրաւորելու համար ներկայ տարեշրջանի առաջին հանգրուանը՝ պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով ստեղծուած սահմանափակումներուն եւ առցանց դասաւանդութեան անցնելու հարկադրանքի լոյսին տակ։ Ներկայիս, «Մուրատ» վարժարանի աշակերտութեան թիւը 28 է։
Մինչեւ Հոկտեմբեր 31, վարժարանի դասընթացքները ընթացան միայն առցանց։ Սակայն, հետեւելով նահանգապետի յայտարարութիւններուն եւ նահանգային դպրոցներու դասաւանդութեան ընթացքին, տնօրէնութիւնը որոշեց խումբ առ խումբ դասաւանդութիւնը շարունակել դպրոցի կառոյցէն ներս։ Հետեւաբար, յատուկ արտօնութեամբ, կարելի եղաւ խմբային դրութեամբ վերադառնալ դպրոց։ Դասաւանդութիւնը ներկայիս տեղի կ՚ունենայ երկու ձեւով՝ առցանց եւ անձամբ (hybrid method):
Արցախեան պատերազմին առաջին իսկ օրերէն, վարժարանի աշակերտութեան անունով դրամահաւաք մը կազմակերպուեցաւ, որուն արդիւնքը՝ $4.230, յանձնուեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին։ Ուշադրութեան յատուկ առարկայ դարձան Արցախի պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնն ու տեսարժան վայրերը, որոնց մօտէն ծանօթացան մեր աշակերտները։ Անոնք նաեւ իրենց յոյսի պատգամները փոխանցեցին հայ զինուորին ու Արցախի ժողովուրդին
12 եւ 19 Դեկտեմբերին, Կաղանդի խանդավառ մթնոլորտ կը տիրէր բոլոր խումբերուն մէջ, ձեւով մը փոխարինելով Ամանորի աւանդական հանդիսութիւնը։ Աշակերտները երգեցին Կաղանդի երգեր եւ ստացան իրենց համար յատուկ պատրաստուած Ամանորի նուէրները։ Անոնք նաեւ իրենց բարեմաղթաքները փոխանցեցին Արցախի երեխաներուն Նոր Տարուան առթիւ։
«Մուրատ» ազգ. վարժարանը կ՚ընդունի մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ դպրոց յաճախող աշակերտներ եւ կու տայ հայերէնի յատուկ դասընթացքներ՝ անգլիախօս աշակերտներու համար։ Հետաքրքրուողները կրնան գրել mouradschool1934@gmail.com հասցէին։