ՃՇՄԱՐԻՏ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ԻՄԱՑՈՒՄԸ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՔԱՐՈԶԸ (3 Յունուար, 2020)
Սուրբ Ծննդեան Յիսնակի եօթներորդ Կիրակի օրուան Աւետարանի մեր ընթերցումը առնուած է Ղուկասու Աւետարանէն՝ 22.24-30: Մեր Տէրը վերջին Ընթրիքի ընթացքին երբ կը յայտնէ իր մատնութեան մասին, «աշակերտներուն մէջ վէճ մը կը ծագի, թէ իրենցմէ ո՞վ պիտի ըլլայ մեծը: Յիսուս անոնց կ՛ըսէ. ձեր մէջէն ամենէն մեծը թող ամենէն պզտիկին պէս ըլլայ, եւ առաջնորդը` սպասաւորի նման»:
Այս ընթերցումը որքան որ իր բովանդակութեամբ խորիմաստ է, իր կարեւորութեամբ կը կրկնապատկուի, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ անոր ընթերցումը կը կանխէ մեր Տիրոջ Ծննդեան տօնը: Ուստի, առաջնորդուելով աստուածային իմաստութեամբ, քննենք այս ամփոփ պարբերութեան մէջ երեւան եկող պատգամը՝ աստուածային ծրագրումներուն հակասող մարդկային մտահոգութեանց ընդմէջէն:
Գլխաւոր հարցը, որ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ այս ընթերցման մէջ այն է, թէ տառացի կերպով ականջալուր կ՚ըլլանք, որ Քրիստոս իր Աշակերտներուն ազդանշանը կու տայ իր մատնութեան, մինչ անոնք բացարձակապէս չեն ընկալեր տագնապին էութիւնը: Մեր Տէրը, որպէս ճշմարիտ առաջնորդ, զանոնք կը պատրաստէր, որ կարենան դիմագրաւել այն ահաւոր կացութիւնը, որ պիտի ստեղծուէր այնքան կարճ ժամանակուան համար իր անսպասելի վախճանով, որ դարձակէտ պիտի ըլլար իւրաքանչիւրի կեանքին մէջ: Դժբախտաբար, անոնք փորձութեան մէջ կ՚իյնան որոշելու, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ խումբին մէջ մեծը: Մարդկային իմաստութեամբ եւ փորձառութեամբ միայն օժտուած ըլլալով, անոնք անկարող էին ըմբռնելու աստուածային փրկագործութեան խորհուրդի ընդհանուր ընթացքը, որ ծրագրուած էր ստեղծագործութենէն ի վեր, բայց մանաւանդ մարմնաւորուած՝ մսուրին մէջ, ուղղուելով դէպի Գողգոթա: Հակառակ Քրիստոսի կանխազգուշացումներուն, անոնք դեռ եւս չէին կրցած պատկերացնել, որ փառքով պիտի պսակազարդուին իրենց Ուսուցչին փառաւոր երկրորդ Գալուստին, երբ, ինչպէս Ան յայտնած էր, «իմ թագաւորութեանս մէջ իմ սեղանէս պիտի ուտէք ու խմէք եւ պիտի բազմիք գահերու վրայ՝ դատելու համար Իսրայէլի տասներկու ցեղերը» (Ղկ 22.30): Ինչպէս որ Եդեմի մէջ Աստուած հայթայթած էր ամէն ինչ մեր նախածնողաց համար, որպէսզի յաւիտենական կեանքը վայելեն (Ծն 2.16-27), նմանապէս Քրիստոս յաւիտենական այդ կեանքի խոստումը կը բաշխէր բոլոր անոնց, որոնք պիտի հաւատային Իրեն:
Մեր Տիրոջ այնքան վճիտ ուսուցման լոյսին տակ, մեր Հայրերուն կողմէ ճշդուած սոյն հատուածը, որպէս ընթերցում մանաւանդ այս օրուան համար, որ վերջին օղակը կը կազմէ մեր Տիրոջ Ծնունդը կանխող Կիրակիներուն, իրա՛ւ որ հիանալի է եւ խորիմաստ: Արդարեւ, Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին սորվեցուցած պատուէրներէն չենք գտներ որեւէ մէկը, որ նախ ի՛նք անձամբ չգործադրեց: Որպէս կատարեալ մարդ, մեզի սորվեցուց, թէ ինչպէ՛ս կրնանք հետեւիլ այն ճամբուն որ մեզ կը մօտեցնէ կատարեալ Աստուծոյ, որ է խոնարհութիւնը, ինչպէս Առաքեալը կը վկայէ. «Կամաւորաբար ինքզինքը այդ պատիւէն մերկացուց՝ ծառայական մեր բնութիւնը իր վրայ առնելով, եւ մարդոց պէս եղաւ ու մարդկային կերպարանքով ճանչցուեցաւ»: (Փլպ 2.7): Այո՛, Քրիստոս իր կեանքի օրինակով Աշակերտներուն աւանդ թողուց ճշմարիտ մեծութան Ոսկեայ Օրէնքի ուսուցումը, այն, որ մեծութեան սկիզբը խոնարհութիւնն է, եւ միայն ու միայն անով է որ ոեւէ մէկը կրնայ իրա՛ւ փառաւրուիլ: Դարձեալ, քա՛ջ գիտնալով որ մարդկային մտածողութեամբ անկարելի է զայն գործադրել, ձայնակից ըլլալով մեր մտահոգութեանց, ըսաւ՝ «Կեանք տանող դուռը նեղ է եւ ճամբան դժուարին, եւ քիչեր միայն կը գտնեն զայն» (7.14), եւ աւելցուց՝ «Մարդոց համար ատիկա անկարելի է, բայց Աստուծոյ համար ամէն բան կարելի է» (19.26), մանաւանդհաւաստիացուց՝ «Իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ» (Մտ 11.30), անշուշտ երբ Իր օրինակին հետեւինք:
Այսօր, դիմաւրելէ ետք Նոր Տարին, երբ կը գտնուինք կատարեալ Խոնարհութեան փառքին ականատես ըլլալու սեմին՝ Մսուրին մէջ, բոլորս ալ հրաւիրուած ենք խորհրդածելու Աստուծոյ մեզի պարգեւած Փրկութեան Նուէրին մասին որ փաթթուած է խանձարուրի մէջ: Աշխարհը մի՛շտ ալ պիտի փորձէ մեզ շեղեցնել Գերագոյն Ճշմարտութենէն, ինչպիսին էր Աշակերտներուն պարագային, որոնք նոյնիսկ երբ ֆիզիքապէս կը վայելէին Փրկչին ներկայութիւնը, անկարող էին գիտակցելու, թէ որքան առանձնաշնորհեալ էին: Ամենայն զգօնութեամբ հետեւինք Իրա՛ւ մեծութեան Տէրունական կոչին, ու մեր սրտերուն մէջ դիմաւորենք Կոչողը, եւ խոնարհութեան աստիճաններէն բարձրանալով դիմաւորենք Տէրը, որ պիտի իջնէ բարձունքներէն, եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը: Ամէն:
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ