ԿԵՆԴԱՆԻ ՀԱՑԻՆ ՏՈՒՆԸ
ԿԵՆԴԱՆԻ ՀԱՑԻՆ ՏՈՒՆԸ (ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՔԱՐՈԶԸ, ՅՈՒՆՈՒԱՐ 6, 2021)
Այսօր՝ Յունուար վեցին, Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, կարգ մը բացառութիւններով, աշխարհի չորս ծագերուն կը տօնախմբէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խորախորհուրդ Ծնունդը, Աստուածայայտնութիւնը, եւ Մկրտութիւնը:
Ինչպէս որ կարելի չէ գաւաթի մը մէջ պարփակել ովկիանոսներու եւ ծովերու ամբողջ ջուրը, նմանապէս անկարելի է մարդկային սահմանափակ կարողութիւններով լիովին ըմբռնել Աստուծոյ սիրոյն արտայայտութեան այս խորհուրդը, որ տեղի ունեցաւ Բեթղեհէմի մէջ, որ տառացի կերպով կը նշանակէ «հացի տուն», իսկ Աստուծոյ յայտնութեան ընդմէջէն դարձաւ իրա՛ւ Կենդանի Հացին տունը: Ճիշդ է, որ բոլոր ջուրերը չենք կրնար փոքր գաւաթի մը մէջ լեցնել, բայց եւ այնպէս կայ դրական մօտեցում մը: Երբ քննենք ծովէն առնուած գաւաթի ջուրը, այդ փոքր քանակութենէն կրնանք տրամաբանական եզրակացութեանց յանգիլ, նոյնինքն անծայրածիր ծովերու ջուրի բաղադրութեան մասին: Նմանապէս, որքան որ Աստուածայայտնութեան Խորհուրդը անըմբռնելի եւ անբովանդակելի է հողեղէններուս կողմէ, բայց եւ այնպէս երբ խոնարհաբար նոյնանանք մսուրին մէջ մարմնացեալ մանուկ Յիսուսին, ո՛վ զարմանք, խորհուրդի քօղը կը վերնայ, եւ Մեծ Խորհուրդը մատչելի կը դառնայ բոլոր անոնց, որոնք պատրաստ են Ճշմարտութիւնը հետազօտելու, յանձնառու ըլլալով անկեղծ եւ լուրջ փնտռտուքի, մինչեւ որ իրենց զոհողութեանց շօշափելի արդիւնքը վայելեն:
Այս հասկացողութեամբ, եկէք հետեւինք երեք Մոգերուն, որոնք երկնային մարմիններու շարժումները հետազօտելու ընթացքին, նշան մը յայտնուեցաւ իրենց, որ հետեւին անոր: Անոնք յանձն առին տաժանագին ճամբորդութիւն մը, որ աւարտեցաւ անսովոր պատկերով մը, երբ իրենք զիրենք գտնելով մսուրին մը մէջ ննջող մանկան, երկրպագեցին Անոր եւ իրենց նուէրները մատուցին:
Վերոյիշեալ ճամբորդութեան մեկնակէտը եւ տեւողութիւնը, նաեւ Մոգերու ինքնութիւնը դարերով ուսումնասիրուած է Սուրբ Գրոց մասնագէտներու կողմէ: Այս սուրբ տօնին առթիւ մեզ շահագրգռողը այն իրողութիւնն է, որ երկնքի խորհուրդներու իրենց հետազօտութեանց մէջ բախտաւոր զգացին, որ յուսադրիչ պատասխան մը տրուեցաւ իրենց եւ կամ՝ գտան: Երբ այդ օրերու ճամբորդութեանց պայմանները աչքի առջեւ ունենանք, իրա՛ւ որ բաւականին պատասխանատու պարտականութիւն մըն է որ ստանձնած էին իրենց ուխտագնացութեամբ։ Մանաւանդ աւելցնենք այն իրողութիւնը, որ շօշափելի ո՛չ մէկ ծանօթութիւն ունէին Նոր Թագաւորի ինքնութեան կամ ծննդեան վայրի մասին: Այնուհանդերձ, իրենց անվերապահ վստահութիւնը երկնային յայտնութեան հանդէպ առաջնորդեց զիրենք ամբողջացնելու զիրենք վեց դարեր կանխող Եսայիի մարգարէութիւնը, թէ «ազգեր քու լոյսիդ պիտի գան, եւ թագաւորներ՝ քու վրադ ծագածպայծառութեան» (Ես 60.3): Որքան որ այս երեք մոգերու ճամբորդութիւնը զարմանալի է, նոյնքան հիանալի է առանց հարցադրումի իրենց երկրպագութիւնը՝ մսուրի մէջ այս Նոր Թագաւորին, որ բացարձակապէս չէր համընկներ իրենց ակնկալածին: Բայց եւ այնպէս անոնք համոզուեցան որ ճիշդ ընտրութիւնը ըրած էին, երբ երազի մէջ զգուշացուեցա տարբեր ճամբով դառնալ իրենց տուները (Մտ 2.12):
Մոգերը, որոնք կը ճանչցուին որպէս Իմաստուն մարդիկ, թագաւորներ եւ կամ աստղաբշխներ, վստահաբար կը վայելէին բացառիկ յարգանք իրենց շրջանակին մէջ: Որքան ալ անոնք պատուուած էին իրենց հեղինակութեան, իմաստութեան եւ փորձառութեան համար, ուշագրաւ է նաեւ մնայուն կեպով նոր բաներ սորվելու անոնց տրամադրութիւնը անձնապէս իրենց եւ իրենց հետեւորդներու օգտին համար: Արդարեւ, խոնարհութեամբ պատրաստ ըլլալ միշտ նոր բաներ սորվելու, սկիզբն է իմաստութեան, ինչպէս այլապէս Սոկրատ եւս ըսած է. «Մէկ բան գիտեմ, որ ոչինչ գիտեմ»: Սորվելու մեր ընթացքին մէջ որքան մենք զմեզ բանանք իմաստութեան Աղբիւրին, աւելիով կը գոհանանք, որովհետեւ Ան կ՚ առաջնորդէ մեզ եւ կը յայտնէ մեզի այնպիսի բաներ, որոնք մեր երեւակայութենէն գերիվեր են, ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ (Կող 12.2)։ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը որ յայտնուեցաւ աստղին ընդմէջէն, սորվեցուց անոնց, թէ Աստուծոյ մտածումներն ու ճամբաները տարբեր են մարդոց ունեցածէն (Ես 55.8): Երբ անոնք նորածին թագաւորը գտան մսուրի մէջ՝ խանձարուրով փաթթուած, իրենց ունեցած ընթացիկ ըմբռնումը մեծութեան, պատիւի ու փառքի մասին լրիւ յեղաշրջուեցաւ:
Մոգերը իրենց ճամբորդութիւնը սկսան երկրաւոր նոր թագաւորի մը հանդիպելու յոյսով, եւ ասիկա այնքան ալ զարմանալի չէր, որովհետեւ նոյն ակնկալութեամբ ապրեցան այս Թագաւորին կողմէ ընտրուած 12 առաքեալները: Անոնք հետեւեցան Իր կոչին, որպէս փրկարար թագաւորը իրենց ազգին, մինչեւ որ քալեցին խաչի փշոտ ու ահաւոր ճամբով, եւ թաղումը՝ իրենց Վարդապետին եւ իրենց երազներուն:
Յարութենէն, բայց մանաւանդ Հոգեգալուստէն ետք էր միայն, որ անոնց հոգեւոր զգայարանքները սկսան գործել Սուրբ Հոգիով: Իրենց Վարդապետին ֆիզիքական ներկայութեան անկարող էին ճանչնալ Զինք, մինչ բացակայութեան ճանչցան ինչպէս որ է Ան, որպէս Աստուած սէրը, որ սէրէն մղուելով խոնարհեցուց ինքզինք, բաժնեկից եղաւ մեր մեղաւոր բնութեան, որպէսզի վերանորոգէ աստուածապարգեւ մեր պատկերը, եւ Իր փառքին բաժնեկից ընէ մեզ:
Այո՛, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Սիրոյ զոյգ բեւեռները կը կազմեն հոգածութիւնն ու բաժնեկցիլը (Sharing and Caring), որոնք կանգուն կը պահեն ստեղծագործութիւնը, մանաւանդ մարդկութիւնը: Քրիստոնէութիւնը իր աճման ու տարածման գլխաւոր ներոյժը որքան որ կը պարտի աստուածային յայտնութեան, նոյնքան եւ Սէրը իր հոգածութեան ու բաժնեկցելու զոյգ թեւերով, այլ խօսքով, ներգրաւեց եւ վեր բարձրացուց այն սրտերը, որոնք եսասիրութեան ու յուսահատութեան ալիքներուն յանձնած էին իրենք զիրենք եւ մեղսալից կեանքի ցեխերուն մէջ կը տապլտկէին: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, որպէս կատարեալ մարդ, սորվեցուց իր հետեւորդներուն, որ զանոնք կը հրաւիրէ ո՛չ թէ փախուստ տալու աշխարհի մարտահրաւէրներէն եւ կամ կրաւորական դառնալու, այլ լոյս ըլլալու խաւարին մէջ եւ աղը՝ աշխարհին, որպէսզի ցոլացնեն Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը:
Համոզուելու համար, թէ Սիրելը, Հոգալը եւ Բաժնեկցիլը հիմքը կը կազմեն առողջ ընկերութեան, պէտք չունինք անպայման ետ նայելու՝ առաքեալներուն եւ սուրբերուն, նայինք մեր շրջապատը եւ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս մանաւանդ պսակաձեւ ժահրին ստեղծած աշխարհածաւալ աղէտին ընթացքին քանի՜ կամաւորներ իրենց կեանքը զոհեցին ազատելու համար ուրիշներ: Բայց թոյլ տուէք որ ձեր հետ բաժնեմ վերջերս պատահած դէպք մը, որպէս մանրանկար աստուածային անհուն սիրոյն եւ հոգածութեան, որ խոր յուզումով համակեց զիս, եւ ջրդեղեց հաւատքս:
Արեւմտեան Ծնունդէն հինգ օրեր առաջ Մասաչուսէթս նահանգին մէջ ոստիկան մը պարտականութեան կը կանչուի Stop and Shop վաճառատուն մը, ուր երկու կիներ իրենց զաւակներով ապրանքներ վերցուցած եւ խուսափած էին մաս մը սքէն ընելու: Լսելէ ետք կիներու պատումը, թէ ընտանեկան տագնապներէ կ՚անցնին, եւ ինչ որ առած են երեխաներու Ծննդեան ընթրիքին համար է միայն, եւ քննելէ ետք բոլոր ապրանքները որ իսկապէս այդպիսին են, ոստիկանը փոխանակ ձերբակալելու «գողերը», ի զարմացումն բոլորին, նուէր-քարտ (gift card) մը կը գնէ երկու հարիւր յիսուն տոլարի, եւ զայն կը յանձնէ ամբաստանեալներուն, որպէսզի վճարեն իրենց պարտքը:
Երբ ոստիկանը կը հարցուի իր այս անսովոր վարմունքին համար, իր պատասխանը կ՚ըլլայ. «Կիներուն հետ երկու երեխաները զոյգ զաւակներս յիշեցուցին… Ըրի այն, ինչ որ զգացի թէ շիտակ է: Պարզապէս ինքզինքս այդ ընտանիքի «կօշիկներուն մէջ» դրի, հասկացողութիւն ցոյց տալով»:
Ո՞վ ցնծութեամբ չի գովեր այս ոստիկանը, Մէթ Լիման, որ բարձր պահեց զոյգ կիներուն արժանապատուութիւնը իր բացառիկ հոգածութեամբ:
Այո՛, Քրիստոս Աստուած եւս որովհետեւ կը հոգայ իր պատկերը կրող մարդկութեան վրայ, խոնարհեցաւ եւ ինքզինք դրաւ «մեր կօշիկին մէջ»: Ան չեկաւ դատապարտելու, այլ մեր արժանապատուութիւնը վերահաստատեց, փրկելով մեզ մեղքի կապանքներէն, եւ իր հետ վեր բարձրացուց՝ բաժնեկից ընելու համար Իր փառքին:
Ո՞վ չի հիանար Յիսուս Քրիստոսին եւ երկրպագեր Անոր որ ինքզինք որպէս փրկագին տուաւ (Մտ 20:28; Մր 10:45; 1 Տիմ 2:6), եւ մեզ փրկեց ու յաւիտենական կեանքի ժառանգակիցներ դարձուց :
Պէտք չունինք մոգերու նման տարբեր երկիրներու անապատներ ու հովիտներ կտրել անցնելու՝ հանդիպելու համար թագաւորներու Թագաւորին, տէրերու Տիրոջ: Ան միշտ կը թակէ (Յյտ 3.20) մեր սրտի, մտքի ու հոգիի դռները: Դիմաւորենք Զինք, ողջագուրուինք հետը որպէս եղբայր, խորհրդատու, եւ մանաւանդ մերօրեայ արհեստագիտական բառ մը գործածելով՝ որպէս GPSը, որ անշեղ կ՛առաջնորդէ մեզ կեանքէ Կեանք, որպէսզի վայելենք յաւիտենական օրհնութիւնները, սիրող, հոգածու եւ բաժնեկցող մեր երկնաւոր Հօր, որուն հետ Միածին Որդւոյն եւ Սուրն Հոգւոյն վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ: Ամէն: