Սուրբեր

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԱՐԱՊԵՏԻ ԾՆՈՒՆԴԸ

Այսօր, Հինգշաբթի, 14 Յունուարին, Հայաստանեայց Եկեղեցին Ս. Յովհաննէս Կարապետի (նաեւ ծանօթ՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ անունով) ծննդեան տօնը կը նշէ։ Զաքարիա եւ Եղիսաբէթ տարեց զոյգը մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեց իր զաւակին ծնունդը, որ Յովհաննէս կոչուեցաւ, ինչպէս Գաբրիէլ հրեշտակապետը հրահանգած էր։ Դրացիներ ու հարազատներ, որոնք հաւաքուած էին այս իւրայատուկ մանուկին ծնունդը տօնելու, անոր ապագային մասին հարց կու տան. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս մանուկը»։

 

Ամիսներու լռութենէ ետք իր ձայնը վերագտած ըլլալով, Զաքարիա ըսաւ.

«Եւ դուն, զաւա՛կս,

Բարձրեալին մարգարէն պիտի կոչուիս

եւ Տիրոջ առջեւէն պիտի քալես՝

անոր ճամբան պատրաստելու,

     որպէսզի գիտցնես իր ժողովուրդին,

թէ պիտի փրկուին՝

իրենց մեղքերուն ներում գտնելով.

     որովհետեւ Աստուած իր գթառատ ողորմութեամբ

իբրեւ Արեգակ՝ երկինքէն պիտի ծագի մեր վրայ,

     եւ յայտնուի մեզի,

որ խաւարի մէջ եւ մահուան շուքին տակ կը մնայինք,

որպէսզի մեր ոտքերը

դէպի խաղաղութեան ճամբան ուղղէ» (Ղուկ. 1:76-79):

 

«Փութացիր մեզ յօգնութիւն առ ի վերուստ սուրբ Յովհաննէս, առաքեալ եւ մարգարէ եւ կարապետ եւ մկրտիչ որդւոյն Աստուծոյ. առ Քրիստոս բարեխօսեա վասն անձանց մերոց։

 

Քահանայապետին Քրիստոսի որ ի խաչին պատարագեալ. քահանայդ ինքնանուէր մատո զպաղատանս, երգարանի եւ տօնողացս շնորհել զքաւութիւն. առ Քրիստոս բարեխօսեա վասն անձանց մերոց»։

 

(Վերէն մեզի օգնութեան փութացիր սուրբ Յովհաննէս, առաքեալ եւ մարգարէ եւ կարապետ եւ մկրտիչ Աստուածորդիին. մեզի համար բարեխօսէ Քրիստոսին։

 

Դուն, ինքնանուէր քահանայ, խաչին վրայ պատարագուած Քրիստոս քահանայապետին երգաբանիս եւ տօնողներուս պաղատանքը մատուցանէ, մեզի քաւութիւն շնորհելու. մեզի համար)։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *